Ամերիկեան «Ամազոն Էմ Ճի Էմ» շարժանկարի ընկերութեան «Կեանքիդ սէրը» («Լաւ օֆ եօր լայֆ») սիրային տրամային մէջ հայերէն երկխօսութիւն մը տեղ գտած է։ Ժապաւէնին բեմադրիչն է Ռէյչըլ Մորիսըն։
Համավարակի օրերուն առնչակից տեսարանի մը մէջ հայազգի դերասանուհի Գայիանէ Գալիգեան հայերէնով կը խօսի հիւանդանոց գտնուող իր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ՝ տեսազանգի միջոցով։
Ժապաւէնը կը պատմէ սիրոյ, համավարակի ընթացքին ապրուած ծանր կորուստի եւ հոգեկան վերականգնումի երկար ճանապարհի մը մասին։ Գլխաւոր դերերը կը կատարեն Մարկարէթ Քուոլի, Փաթրիք Շուարցենեկեր, Աարոն Փիէռ եւ Կապրիէլ Պասօ։
Ֆիլմին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 2026-ի Թորոնթոյի միջազգային շարժանկարի փառատօնին։ 7 Հոկտեմբերէն սկսեալ ան կը ցուցադրուէր ԱՄՆի շարժանկարի սրահներուն մէջ եւ այժմ հասանելի է «Ամազոն փրայմ վիտէօ» հարթակին վրայ։
Գայիանէ Գալիգեան Պոսթըն ծնած բեմադրիչ եւ դերասանուհի է, որ ներկայիս կը գործէ Լոնտոնի մէջ։

