İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ

Ամերիկահայ մամուլն ու ազգային-հասարակական կեանքը կորսնցուցին իրենց բազմավաստակ ներկայացուցիչներէն մէկը։ 19 Հոկտեմբերին, Լոս Անճէլըսի մէջ, 91 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց լրագրող, խմբագիր, համալսարանի դասախօս եւ ազգային գործիչ Օշին Քէշիշեան, որ աւելի քան յիսուն տարի իր հիմնադրած «Արմինիըն Օպզըրվըր» անգլերէն շաբաթաթերթով ծառայեց ամերիկահայութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի կեանքին։

Օշին Քէշիշեան, որ մեր ողբացեալ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի մօտիկ բարեկամներէն էր, ծնած էր 1934-ին, Երուսաղէմի մէջ, ուր ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը։ 1948-ի արաբա-իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքով ընտանիքին հետ ստիպուած էր հեռանալ Երուսաղէմէն եւ հաստատուիլ նախ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման, ապա՝ Պէյրութ։ Լիբանանի մէջ ուսումը շարունակած էր ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած էր 1955-ին։ Տարի մը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը յաճախելէ ետք, 1956-ին գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ։

Գալիֆորնիոյ մէջ բարձրագոյն ուսումը շարունակելով՝ շրջանաւարտ եղած էր Լոս Անճէլըսի Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանէն եւ Լա Վըրնի համալսարանէն՝ մասնագիտանալով մարդաբանութեան եւ ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու մէջ։ 1959-1961 թուականներուն ծառայած էր ամերիկեան բանակին մէջ՝ որպէս զինուորական բուժակ։

Քէշիշեանի անունը անքակտելիօրէն կապուած մնաց ամերիկահայ մամուլի պատմութեան։ 1970-ի Դեկտեմբերին Հոլիվուտի մէջ հիմնեց «Արմինիըն Օպզըրվըր» անգլերէն շաբաթաթերթը, որուն սեփականատէրն ու գլխաւոր խմբագիրը եղաւ տասնամեակներ շարունակ։ Թերթը դարձաւ ամերիկահայութեան ազգային, մշակութային, եկեղեցական եւ հասարակական կեանքը ներկայացնող կարեւոր հրատարակութիւններէն մէկը։ Անոր էջերուն մէջ տեղ գտան նաեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի քաղաքական եւ մշակութային զարգացումները, հարցազրոյցներ, վերլուծութիւններ եւ խմբագրականներ։ Թերթին հրատարակութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 2023 թուականը։

Քէշիշեան իր լրագրական գործունէութեան ընթացքին աշխատակցած կամ խմբագրական պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր նաեւ «Զարթօնք», «Նոր Օր» եւ այլ հայկական թերթերու մէջ։ Ան եղած էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի «Տհը Գալիֆորնիըն» պաշտօնաթերթին խմբագիրը։

Իր երկարամեայ ասպարէզին ընթացքին ան հարցազրոյցներ ունեցած էր հայ եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային եւ հասարակական կեանքի բազմաթիւ դէմքերու հետ։ Անոնց շարքին էին Վազգէն Ա., Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսները, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքը, Երուսաղէմի Եղիշէ եւ Թորգոմ Պատրիարքները, բարերարներ Գըրգ Գըրգորեանն ու Ալեք Մանուկեանը, Շառլ Ազնաւուրը, շարժանկարի բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանը եւ ուրիշներ։ Ան առիթ ունեցած էր հանդիպելու նաեւ ամերիկացի նախագահներու հետ։

Օշին Քէշիշեանի կեանքին ուշագրաւ դրուագներէն մէկը կապուած էր ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ։ Գրողին մտերիմ բարեկամներէն ըլլալով՝ 1982-ին ան մաս կազմած էր այն պատուիրակութեան, որ Սարոյեանի աճիւնին մէկ մասը Ֆրէզնոյէն Հայաստան փոխադրեց։ Երեւանի մէջ աճիւնները յանձնուած էին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդգէս Պետրոսեանին, իսկ յուղարկաւորութիւնը կատարուած էր Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ՝ բազմահազար ժողովուրդի մասնակցութեամբ։ Քէշիշեան հետագային այս իրադարձութիւնը կը յիշատակէր որպէս իր կեանքին ամենայուզիչ եւ պատասխանատու պահերէն մէկը։

Ան երկար տարիներ մաս կազմած էր նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի վարչական մարմինին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հոգաբարձութեան։

Իր ազգային եւ լրագրական ծառայութիւններուն համար Քէշիշեան արժանացած էր բազմաթիւ գնահատանքներու, որոնց կարգին՝ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ շնորհուած Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարդգէս Պալեան լրագրական մրցանակին։

2024-ի Նոյեմբերին, իր ծննդեան 90-ամեակին առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ զինք արժանացուցած էր «Հարիւրամեակի Լուսատու» պատուաւոր կոչումին՝ ի գնահատութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին մատուցած իր երկարամեայ ծառայութիւններուն։ Ան այս կոչումին առաջին արժանացողն էր՝ թեմի հիմնադրութեան հարիւրամեակին ընդառաջ։

Օշին Քէշիշեանի մահով ամերիկահայ մամուլը կը կորսնցնէ խմբագիր մը, որ իր գործունէութեամբ ոչ միայն արձանագրեց Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի իրադարձութիւնները, այլեւ իր թերթին էջերուն մէջ պահպանեց ամերիկահայ ազգային կեանքի հարուստ վաւերագրութիւն մը։

https://www.facebook.com/photo?fbid=1034485149611565&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/221026lu.html