İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ 35ԱՄԵԱԿԻՆ

Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի գահակալութեան 35ամեակին առթիւ, 21 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, Հիլթըն Ստանպուլ Պոսֆորուս Հիւրանոցի սրահին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ, որուն մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Այստեղ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ստանպուլի Յոյն համայնքի հաստատութեանց նախագահ Ճորճ Փափալիարիս եւ իշխան Լաոսինակտիս։ Ընթրիքի ընթացքին ցուցադրուեցան Նորին Սրբութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը՝ պատրաստուած Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ նոյնպէս Նորին Սրբութեան նուիրուած ERT-ի վաւերագրական ժապաւէնը։ Ցուցադրութեան ընթացքին, երաժշտահան Էվանթիա Ռեպուցիքա կատարեց վաւերագրականին հետ առնչուած երաժշտական ստեղծագործութիւններ։ Յանուն ներկաներուն խօսեցաւ Քաղկեդոնի Աւագ Մետրոպոլիտ Գերշ. Տ. Էմմանուէլ Սրբազան։

Ապա կտրուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը, որմէ ետք իր պատգամը տուաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նոյն առթիւ, մեր Հոգեւոր Պետը, իր, Պատրիարքական Աթոռոյ, Կրօնական Ժողովի, հոգեւորական դասու, մեր հաստատութեանց եւ համայնքիս, շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 35ամեակը եւ մաղթեց, որ առողջութեամբ ու արեւշատութեամբ շարունակէ այն ծառայութիւնը որ բերաւ ու կը բերէ ի սպաս Եկեղեցւոյ, Քրիստոնէութեան, միութեան, խաղաղութեան եւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական երկխօսութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad