Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ հայ երաժշտական արուեստի միջազգային համբաւի տէր ներկայացուցիչներէն, պոլսահայ անուանի դաշնակահար, երաժշտագէտ, գրող եւ մշակութային գործիչ Շահան Արծրունի մահացած է Նիւ Եորքի մէջ, 83 տարեկան հասակին։ Մեր ստացած սկզբնական տեղեկnւթիւններnւ համաձայն՝ արուեստագէտի անշnւնչ մարմինը գտնnւած է իր բնակարանին մէջ։ Մահուան պարագաներուն մասին պաշտօնական մանրամասնութիւններ տակաւին չեն հաղորդուած։
Շահան Արծրունի ծնած էր 8 Յունիս 1943-ին, Իսթանպուլ։ Նախակրթnւթիւնը եւ լիսէի nւսnւմը ստացած էր Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ, իսկ երաժշտական ուսումը՝ Իսթանպուլի Քաղաքապետական Երաժշտանոցին մէջ, ուր աշակերտած էր Ֆերտի Շթաթցէրի։
Արծրունիի երաժշտական կազմաւորման մէջ առանձնայատուկ դեր ունեցած էր իր մօրաքոյրը՝ պոլսահայ սիրուած յօրինող եւ դաշնակահարուհի Սիրվարդ Գալփաքեան-Գարամանուկ, որ եղած էր անոր դաշնամուրի առաջին ուսուցիչը։ Անոր քաջալերանքով Շահան չորս տարեկանին սկսած էր դաշնամուր նուագել եւ շատ փոքր տարիքէն դրսեւորած՝ իր բացառիկ երաժշտական ընդունակութիւնները։ Մօրաքրոջ եւ զարմիկին միջեւ երաժշտական այս կապը հետագային եւս շարունակուած էր՝ հայկական երաժշտութեան հանդէպ հասարակաց նուիրումով։
1964-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կրթաթոշակով, Արծրունի մեկնած էր Նիւ Եորք, ուր ուսումը շարունակած էր աշխարհահռչակ «Ճուլիարտ» երաժշտական բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Հոն աշակերտած էր նշանաւոր երաժիշտներու եւ 1968-ին ստացած մագիստրոսի աստիճան։
Իր երկարամեայ ասպարէզին ընթացքին Շահան Արծրունի համերգներով հանդէս եկած էր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ արժանանալով միջազգային երաժշտական շրջանակներու գնահատանքին։ Ան ելոյթներ ունեցած էր Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին, ԱՄՆի Սպիտակ Տան եւ եւրոպական արքունիքներու մէջ։ Տարիներ շարունակ համագործակցած էր նաեւ աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ երգիծաբան Վիքթոր Պորկէի հետ՝ մասնակցելով միջազգային համերգային շրջագայութիւններու եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու։
Սակայն Արծրունիի գործունէութեան առանձնայատուկ արժէքը այն աշխատանքն էր զnր կը տանէր հայկական երաժշտութիւնը տարածելnւ եւ nւսnւմնասիրելnւ ուղղութեամբ։ Ան մեծ նուիրումով զբաղած էր հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններու հետազօտութեամբ, ձայնագրութեամբ եւ միջազգային հանրութեան ներկայացումով։ Կոմիտասի, Խաչատուրեանի եւ բազմաթիւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը անոր կատարողական եւ ուսումնասիրական գործունէութեան մէջ առանցքային տեղը գրաւած էին։
Արծրունի յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր նաեւ հայ կին յօրինողներու ստեղծագործական ժառանգութեան։ Իր վերջին տարիներու աշխատանքներու շարքին էր անոնց դաշնամուրային գործերուն նուիրուած ձայնագրութիւններու շարքը, որով կը ձգտէր միջազգային երաժշտական շրջանակներուն ծանօթացնել հայ կին ստեղծագործողներու վաստակը։
Ան սերտ կապեր պահպանած էր Հայաստանի հետ՝ պարբերաբար այցելելով հայրենիք, համերգներ սարքելnվ եւ երիտասարդ երաժիշտներու հետ աշխատելով։ 2026-ի Մայիսին եւս այցելած էր Հայաստանի զանազան քաղաքներ՝ մասնակցելով երաժշտական կրթութեան եւ մշակութային կեանքի զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւններու։
Արծրունի միաժամանակ հեղինակ էր երաժշտագիտական ուսումնասիրութիւններու, յօդուածներու եւ հրապարակագրական գրութիւններու։ Ան իր աշխատակցութիւնը բերած էր նաեւ պոլսահայ մամուլին, նաեւ «Փարոս» ամսագրին, ուր լոյս տեսած էին Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն եւ մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ իր գրութիւնները։
Իր բազմամեայ վաստակին համար Շահան Արծրունի արժանացած էր բազմաթիւ պատիւներու եւ պարգեւներու։ 2008-ին անոր շնորհուած էր Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի պատուակալ փրոֆէսէօրի կոչումը, իսկ 2015-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի մետալը։
Շահան Արծրունիի կորուստը խոր արձագանգ պիտի գտնէ հայ երաժշտական եւ մշակութային շրջանակներուն մէջ։ Արուեստագէտը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մնաց հայկական երաժշտութեան նուիրեալ սպասարկուներէն մէկը՝ իր արուեստով կամուրջ հաստատելով հայրենիքի, Սփիւռքի եւ միջազգային երաժշտական աշխարհին միջեւ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1033590203034393&set=a.135021036224652

