Երէկուան մեր թիւով հաղորդած էինք որ Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ կը կայանայ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, նուիրուած Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։
Գիտաժողովի առաջին օրը Մխիթարեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ յատուկ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուեցան Մխիթար Աբբահօր անձնական իրերը, ձեռագիր վաւերաթուղթերը եւ հեղինակած գիրքերը։ Ցուցադրութիւնը առիթ կ’ընծայէ ծանօթանալու մեծանուն հոգեւորականի, գիտնականի եւ մշակութային գործիչի կեանքին ու հարուստ ժառանգութեան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիտաժողովի բացման լիագումար նիստը, որու ընթացքին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկաներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ բարձր կը գնահատէր Մխիթար Սեբաստացիի գիտակրթական եւ մշակութային վաստակը՝ ընդգծելով անոր ունեցած բացառիկ դերը հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան, լեզուի, պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման մէջ։ Անդրադառնալով Մխիթարեան Միաբանութեան պատմական առաքելութեան՝ Կաթողիկոսը կը շեշտէր թէ միաբանութեան հայրերու հայագիտական, պատմագիտական, եկեղեցագիտական, քերականական եւ բառարանագիտական աշխատութիւնները մեծապէս նպաստած են հայ մտքի զարգացման եւ գիտական մտածողութեան ձեւաւորման։ Ան նաեւ կ’ընդգծէր, թէ Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգութիւնը միայն անցեալի արժէքաւոր վկայութիւն մը չէ, այլ կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ գիտութեան, կրթութեան եւ ազգային մշակոյթի զարգացման համար։ Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը կը վկայեն, թէ ազգային ինքնութեան պահպանումը կրնայ համատեղուիլ այլ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ երկխօսութեան ու համագործակցութեան հետ։
Հայրապետական պատգամը կ’եզրափակուէր աշխարհի խաղաղութեան ուղղուած աղօթքով եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ու գիտաժողովի աշխատանքներուն յաջողութեան մաղթանքներով։


