İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՐԱԼ ԿԱՐՊԻՍԻ «ՓՈԹՈՐԻԿ ՄՈԹՈՐԻԿ»Ը՝ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԶՈՒԱՐԹ ՈՒ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՎ

Մանկական գրականութիւնը նոր պատմուածք մը կը դնէ մանուկներու աշխարհին մէջ։ Մարալ Աքթոքմաքեան, որ գրական ասպարէզին մէջ կը ներկայանայ Մարալ Կարպիս ծածկանունով, «Փոթորիկ Մոթորիկ» խորագրեալ իր պատմուածքով փոքրիկ ընթերցողները կը տանի մանկութեան զուարթ, չարաճճի եւ անակնկալներով լեցուն աշխարհը։ Գիրքը որ լոյս տեսած է«Փափլիկ» հրատարակչատունէն՝ Էլվան Չիֆթճիի գունագեղ նկարազարդումներով, կը ներկայացնէ երկու փոքրիկներու՝ Նանիկի եւ Նայրիկի առօրեան՝ իրենց խօսակցութիւններով, վէճերով, կամակորութիւններով եւ մանկական անմիջականութեամբ։

Հեղինակը յաջողած է ստեղծել մանկական հոգեբանութեան հարազատ մթնոլորտ, ուր ամենասովորական դէպքն անգամ կրնայ վերածուիլ զուարճալի արկածախնդրութեան։ Երկու փոքրիկներուն միջեւ ծագող տարակարծութիւնները, անոնց ինքնաբուխ արտայայտութիւններն ու անսպասելի հակազդեցութիւնները պատմութեան կու տան կենդանութիւն եւ զաւեշտական երանգ։ Այս բոլորը կը ներկայացուին առանց պարտադրուած բարոյախօսութեան՝ նախապատուութիւնը տալով բնական երկխօսութիւններուն։

Գիրքին ուշագրաւ առանձնայատկութիւններէն մէկը լեզուական անմիջականութիւնն է։ Հեղինակը տեղ կու տայ առօրեայ խօսակցութեան մէջ գործածուող, երբեմն մանկական գրականութեան համար անսովոր թուացող արտայայտութիւններու։ Սակայն նմանօրինակ բառերն ու արտայայտութիւնները կը տեղաւորուին մանկական աշխարհի բնականութեան եւ անմիջականութեան մէջ։ Փոքրիկները կը խօսին այնպէս, ինչպէս կը խօսին իրական կեանքի մէջ՝ իրենց անկեղծութեամբ եւ անզուսպ ինքնաբուխութեամբ։

Նկարազարդումներուն մէջ հերոսներուն դիմախաղերը, շարժումներն ու զանազան տրամադրութիւնները երբեմն նոյնքան խօսուն են, որքան գրուած տողերը։

«Փոթորիկ Մոթորիկ»ը մանկութիւնը կը ներկայացնէ յամառութեամբ եւ հետաքրքրասիրութեամբ, բայց նաեւ ընկերութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան նուրբ շեշտերով։ Գիրքին արժէքը նաեւ այն է, որ հայերէն ընթերցանութիւնը փոքրիկներուն կը մատուցանէ իբրեւ հաճելի եւ իրենց առօրեային հարազատ զբաղում։

Կը շնորհաւորենք Մարալ Աքթոքմաքեանը, կը սպասենք նոր պատմութիւններու եւ արկածախնդրութիւններու։

https://www.normarmara.com/211026lu.html