Եթէ օր մը մեր համայնքին պատմութիւնը գրուի ո՛չ թէ իր մեծերուն գործերով, այլ անոնց յիշատակին հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեամբ, վստահաբար շատ հաստափոր հատորներու պէտք պիտի ունենանք։ Իսկ եթէ այդ պատմութեան մէջ առանձին գլուխ մը յատկացուի մեր համայնքային գործիչներուն բացակայութիւններուն, վախնանք որ հատորները բաւարար չըլլան։
Որովհետեւ մեր համայնքին մէջ ներկայ ըլլալը ժամանակ կը պահանջէ, իսկ բացակայ ըլլալը՝ միայն պատրուակ։ Եւ պատրուակներու արտադրութեան մէջ, փա՜ռք Աստուծոյ, տակաւին ինքնաբաւ ենք։
Մեր համայնքին մէջ նոր սովորութիւն մը ծնունդ առած է։ Մեծերը կը մեծարենք՝ բացակայելով, երախտագիտութիւն կը յայտնենք՝ լռելով, իսկ մեր մտաւորականներուն յիշատակը կը յաւերժացնենք՝ զանոնք մոռնալով։
Եւ այս բոլորը տեղի կ’ունենայ այնպիսի հետեւողականութեամբ, որ մարդ կը տարուի մտածելու, թէ արդեօք մեր համայնքային պատասխանատուները գաղտնի որոշո՞ւմ մը առած են՝ հայ մշակոյթին ծառայելու ամենէն խնայողական եղանակով։
Ո՛չ ներկայութիւն, ո՛չ ժամանակի կորուստ, ո՛չ ալ յաւելեալ յոգնութիւն։
Միայն յարգանք։ Այն ալ՝ հեռուէն։
2026 տարին տակաւին իր առաջին օրերուն մէջ էր, երբ առիթ ունեցանք ճաշակելու այս նոր սովորութեան առաջին պտուղները։
Մեր ողբացեալ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան դարադարձն էր։ Մարդ մը, որ տասնամեակներ շարունակ իր գրիչով, խմբագրական աշխատանքով, գրական վաստակով ու մտաւորական ներկայութեամբ ծառայած էր այս համայնքին։ Մարդ մը, որուն անունը անբաժանելի դարձած էր պոլսահայ գրական ու մամլոյ պատմութենէն։
Կը կարծէինք, թէ անոր ծննդեան հարիւրամեակը համայնքային լայն արձագանգ պիտի գտնէր։
Բայց դարձեալ կը կարծէի՜նք։
Հանդիսութիւնը կատարեցինք համեստ պայմաններու տակ, «կոկիկ» բազմութեան մը ներկայութեամբ։
Ի՜նչ փրկարար բառ է այս «կոկիկ»ը։
Երբ սրահը չի լեցուիր, բազմութիւնը կ’ըլլայ կոկիկ։ Երբ աթոռները պարապ կը մնան, հանդիսութիւնը կ’ըլլայ մտերմիկ։ Երբ պատասխանատուները կը բացակային, մթնոլորտը կ’ըլլայ ընտանեկան։
Այսպէս, բառերու փոքրիկ աճպարարութեամբ կարելի է ամէն յուսախաբութիւն վերածել յաջողութեան։
Ապա հասաւ Արամ Գամպուրեանի ծննդեան դարադարձը։
Ուսուցիչ, գրող, թարգմանիչ, ճարտարագէտ, «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի երկարամեայ աշխատակից, իր ամբողջ կեանքով կրթութեան ու մշակոյթին ծառայած մտաւորական մը։
Անոր հարիւրամեա՞կը։
Քանի մը գրառում, քանի մը յիշատակում եւ «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի մէջ օրուան խօսք մը։
Բաւական չէ՞։
Ի վերջոյ, հարիւր տարի ապրած յիշատակ մը ինչո՞ւ հարիւր հոգիի ներկայութիւն պահանջէ։ Քանի մը տող ալ կրնայ բաւարար ըլլալ։ Մանաւանդ երբ մեր համայնքը այնքան զբաղած է, որ իր մեծերուն համար ժամանակ գտնելը շքեղութիւն դարձած է։
Յետոյ կորսնցուցինք Տօքթ. Իգնա Սարըասլանը։
Գրական, գիտական ու մտաւորական վաստակի տէր մարդ մը եւս հեռացաւ մեզմէ։ Բայց անոր յիշատակին հանդէպ ալ մեր համայնքային անտարբերութիւնը գրեթէ անխախտ մնաց։
Կարծես որոշած ենք մեր մտաւորականներուն հանդէպ երախտագիտութիւն յայտնել այնպիսի լռութեամբ մը, որ անոնք նոյնիսկ անդենականէն չլսեն։
Եւ այսպէս հասանք մինչեւ Սեպտեմբեր։
Ռոպէր Հատտէճեանի մահուան առաջին տարելիցը։
Այստեղ այլեւս ծննդեան դարադարձի մը ուրախ առիթը չէր։ Այստեղ յիշատակի, երախտագիտութեան եւ յարգանքի պարտք մը կար։
Եւ մեր համայնքը, իր բազմաթիւ հաստատութիւններով, խորհուրդներով, վարչութիւններով, միութիւններով, կրթական ու մշակութային կառոյցներով, դարձեալ տուաւ իր պատասխանը։
Երկու թաղային խորհուրդներէ ղրկուած ծաղկեպսակներ։
Երեք-չորս համայնքային գործիչներ։
Եւ հայերէնի մէկ ուսուցիչ։
ՄԷ՛Կ։
Այստեղ պէտք է կանգ առնել։
Որովհետեւ եթէ մեր համայնքի հայերէնի ուսուցիչներուն ներկայութիւնը չափելու համար մէկ ձեռքի մատներն իսկ աւելորդ կը դառնան, ապա հարցը այլեւս միայն յիշատակի հանդիսութեան մը մասնակցութիւնը չէ։
Հարցը այն է, թէ ո՛վ պիտի փոխանցէ մեր գրականութեան յարգանքը յաջորդ սերունդներուն, եթէ զայն փոխանցելու կոչուածներն իսկ բացակայ են։
Բայց դարձեալ լռեցինք։
Ամէն անգամ ըսինք՝ թերեւս մարդիկ զբաղած են, թերեւս ուրիշ պարտաւորութիւններ ունին։
Մինչեւ որ հասաւ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան դարադարձը։
Եւ բաժակը յորդեցաւ։
Գոնէ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութեան համար կը սպասէինք լեցուն սրահ մը։ Կը կարծէինք, թէ գրասէրներ, մտաւորականներ, կրթական մշակներ, համայնքային պատասխանատուներ պիտի փութային յարգելու յիշատակը բանաստեղծի մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայ գիրին ու գրականութեան։
Կը կարծէինք, թէ մարդիկ պիտի ուզէին վերապրիլ Խրախունիի հետ իրենց ծանօթութեան յիշատակները, ունկնդրել ընտիր հայերէնը, վայելել գրական ու գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը։
Կը կարծէի՜նք։
Մեղքը մերն էր։
Ո՞վ արտօնած էր մեզի այդքան մեծ ակնկալութիւններ ունենալ։
Նախ՝ մեր պատուարժան Թաղային Խորհուրդները։
Աստուած ուժ ու կարողութիւն պարգեւէ անոնց։ Գործերնին շա՜տ է։ Հաշիւներ կան քննելու, պիւտճէներ կան հաւասարակշռելու, ծրագիրներ կան մշակելու, ժողովներ կան գումարելու, որոշումներ կան արձանագրելու։
Այնքա՜ն զբաղած են, որ հազիւ ժամանակ կը գտնեն մտածելու, թէ այս բոլորը որո՛ւ համար կ’ընեն։
Ժողովուրդի՞ն։
Ո՞ր ժողովուրդին, տիկնայք եւ պարոնա՛յք։
Այն ժողովուրդի՞ն, որ կամաց-կամաց կը հեռանայ իր լեզուէն, իր մշակոյթէն, իր ինքնութենէն։ Այն ժողովուրդի՞ն, որուն զաւակները հետզհետէ կը դադրին հայերէն խօսելէ, իսկ վաղը թերեւս պիտի դժուարանան նոյնիսկ բացատրել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ։
Բայց հոգ չէ՛։
Կարեւորը հաշիւները ճիշդ ըլլան։
Սնտուկը պէտք է լեցուն մնայ, նոյնիսկ եթէ հոգիները կը պարպուին։
Եւ յետոյ՝ ինչո՞ւ ներկայ գտնուէին։
Հանդիսութիւնը հայերէն էր։
Այս պարագան ինքնին բաւարար պատճառ մը չէ՞ բացակայելու համար։
Կան մարդիկ, որոնք տարիներով կը ղեկավարեն հայկական հաստատութիւններ, բայց հայերէն բանաստեղծութիւն ունկնդրելը իրենց համար կրնայ իսկական փորձութիւն մը ըլլալ։
Ուրիշներ թերեւս կը հասկնան, բայց չեն ուզեր հասկնալ։
Երկու պարագային ալ արդիւնքը նոյնն է։
Ինչո՞ւ թանկագին ժամեր վատնել բանի մը համար, որմէ ո՛չ եկամուտ պիտի գոյանայ, ո՛չ ալ պաշտօնական դիրք մը պիտի ամրապնդուի։
Վասն ինչի՞։
Վասն ՈՉԻՆՉԻ։
Իսկ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդէն ալ «վախնալու» պատճառ չկար։ Ի վերջոյ հանդիսութեան կազմակերպիչը ինք չէր։ Միայն հիւրընկալն էր։ Ուրեմն ինչո՞ւ յոգնիլ, ինչո՞ւ ներկայ գտնուիլ, ինչո՞ւ կարեւորութիւն ընծայել։
Եթէ ձեռնարկը իրե՛նցը չէ, ուրեմն խնդիրը իրենցը չէ։
Իսկ եթէ խնդիրը հայ մշակոյթն է, այդ մէկը արդէն ո՞ր թաղին իրաւասութեան տակ կը գտնուի։
Անցնինք մեր Սանուց Միութիւններու Ընդհանուր Խորհուրդին։
Այստեղ գործը աւելի լուրջ է։
Որովհետեւ այդ օրը ուրիշ, շա՜տ կարեւոր ձեռնարկ մը կար։
ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈՐ։
Այնքա՜ն կարեւոր, որ կարելի չէր մէկ օր առաջ կամ մէկ օր ետք կազմակերպել։
Ճիշդ է, շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր մեր եկեղեցիներու բանկալներուն մօտ մեծադիր ազդեր կը ծանուցանէին Խրախունիի դարադարձի հանդիսութիւնը։
Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ համայնքային պատասխանատու մը պարտաւոր է աջ կամ ձախ նայելու։
Եկեղեցի մտնողը աղօթելու կ’երթայ, ոչ թէ ազդ կարդալու։ Իսկ ազդ կարդացողն ալ պարտաւոր չէ կարդացածը յիշելու։
Մանաւանդ երբ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ անդամ է։
Մեզի բացատրուեցաւ նաեւ, թէ Պատրիարքարանը շատ ուշ յայտարարած էր հանդիսութեան թուականը։
Ահա՛ արդարացում մը, որուն առջեւ ամէն քննադատութիւն պէտք է լռէ։
Հոգ չէ թէ երեք շաբաթէ ի վեր ազդերը կախուած էին։ Դարձեալ հոգ չէ թէ կարգ մը պատասխանատուներ երկու շաբաթ առաջ անձամբ հրաւիրուած էին։
Կարեւորը մեղաւորը գտնելն է։
Եւ երբ մեղաւորը գտնուի, պատասխանատուութիւնն ալ ինքնաբերաբար կը վերանայ։
Մատներու վրայ համրուելիք եւ ծափահարելի բացառութիւնները նկատի ունենալով հանդերձ, իսկ մեր հայկական վարժարաններուն տնօրէննե՞րը, ուսուցիչնե՞րը։
Անոնց պարագան բոլորովին տարբեր է։
Եղանակային պայմաններու հետեւանքով երկու օր արձակուրդ տրուած էր։
Երկու օր, տիկնայք եւ պարոնա՛յք։
Երկու ամբողջ օր։
Ինչպէ՞ս կարելի էր այդ թանկագին ժամերէն մէկ քանին զոհել բանաստեղծի մը յիշատակին։
Չէ՞ որ հայերէնի ուսուցիչին պարտականութիւնը դասարանին մէջ կը սկսի եւ դասարանին դուռը փակուելուն պէս կը վերջանայ։
Հայ գրականութիւնը դասագիրքին մէջ տեղ ունի, բայց ինչո՞ւ անպայման տեղ ունենայ մեր կեանքին մէջ։
Աշակերտին պէտք է սորվեցնել Խրախունիի անունը, թերեւս նաեւ անոր մէկ բանաստեղծութիւնը։
Բայց անոր յիշատակին նուիրուած հանդիսութեան ներկայ գտնուի՞լ։
Ատիկա արդէն դասապահերէն դուրս աշխատանք է։
Եւ, անշուշտ, վճարովի ալ չէ։
Մեր համայնքը ունի նաեւ մտաւորականներու նոր դասակարգ մը, որուն գրասենեակը «Դիմատետր»ն է, իսկ ամպիոնը՝ սեփական էջը։
Այդ պատուարժան անձնաւորութիւնները ամէն բանի մասին կարծիք ունին։ Կը դատեն, կը դատապարտեն, կը խրատեն, կը սրբագրեն, կը յորդորեն։
Երբեմն այնպիսի եռանդով կը պաշտպանեն հայ մշակոյթը, որ մարդ կը կարծէ, թէ առանց իրենց վաղը հայ գրականութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ։
Բայց ահա՛ զարմանալի բան։
Խրախունիի դարադարձին առիթով լռութիւն կը տիրէր։
Ո՛չ մէկ խրատ, ո՛չ մէկ պատգամ, ո՛չ մէկ բոցաշունչ յայտարարութիւն։
Թերեւս «Դիմատետր»ի էջերէն մինչեւ հանդիսութեան սրահ տանող ճամբան շատ երկար էր։
Բայց վստահ ենք, որ այս տողերը կարդալէ ետք անոնք պիտի վերագտնեն իրենց սովորական եռանդը։
Պիտի բացատրեն, թէ ինչո՛ւ սխալած ենք, ինչո՛ւ անարդար ենք, ինչո՛ւ չենք հասկնար իրենց բարձր նպատակները։
Որովհետեւ մեր «Դիմատետր»ի դատաւորները երբեք չեն սխալիր։
Մեղաւորը միշտ ուրիշն է։
Կան նաեւ անակնկալ հիւանդութիւններ։
Հիւանդութիւններ, որոնք առաւօտուն կը սկսին, ամբողջ հանդիսութեան տեւողութեան կը շարունակուին եւ յաջորդ օրը հրաշալի արագութեամբ կը բուժուին։
Մարդ կը զարմանայ բժշկութեան այսքան յառաջդիմութեան վրայ։
Երէկ անկողինէն ելլելու անկարող անձը այսօր արդէն ուրիշ հանդիսութեան մը առաջին շարքին մէջ է։
Աստուած առողջութիւն պարգեւէ բոլորին։
Բայց բաւակա՛ն է ծիծաղիլը։
Որովհետեւ այս պատմութեան մէջ ծիծաղելիին ետին կայ ահաւոր ողբերգութիւն մը։
2026 տարին մեզի չորս անգամ առիթ տուաւ յիշելու, թէ ինչպիսի մեծեր ունեցած ենք։
Ռոպէր Հատտէճեան։
Արամ Գամպուրեան։
Իգնա Սարըասլան։
Զարեհ Խրախունի։
Մեծ հաւանականութեամբ նաեւ Վարդ Շիկահեր։
Հինգ անուններ, հինգ տարբեր վաստակներ, բայց մէկ հասարակաց ճակատագիր՝ համայնքային անտարբերութիւն։
Եւ եթէ այս անուններն իսկ բաւարար չեն մեզ համախմբելու, ապա ի՞նչ բանի շուրջ պիտի համախմբուինք։
Նոր կալուածի մը գնո՞ւմը։
Նոր պաշտօնի մը բաշխո՞ւմը։
Նոր ընտրութի՞ւն մը։
Թէ՞ նոր սիրոյ սեղան մը, ուր առատօրէն պիտի խօսինք մեր ազգային արժէքներուն մասին։
Մենք կամաց-կամաց կը կորսնցնենք մեր համայնքին ամենաթանկագին հարստութիւնը։
Ո՛չ մեր շէնքերը, ո՛չ մեր կալուածները, ո՛չ մեր դրամատնային հաշիւները։
Մեր հոգեւոր ու մշակութային ինքնութիւնը։
Կը մոռնանք մարդիկ, որոնք իրենց կեանքով, գրիչով, մտքով ու ստեղծագործութեամբ պատմութիւն գրեցին այս համայնքին համար։ Կը մսխենք անոնց թողած ժառանգութիւնը, ապա հանդիսաւոր ժողովներու ընթացքին կը խօսինք հայապահպանութեան մասին։
Ի՜նչ գեղեցիկ բառ է հայապահպանումը։
Այնքա՜ն գեղեցիկ, որ կարելի է զայն հարիւր անգամ արտասանել՝ առանց անգամ մը իսկ գործադրելու։
Եկեղեցիներ կը նորոգենք, դպրոցներ կը պահենք, միութիւններ կը ղեկավարենք, կալուածներ կը պահպանենք։
Բայց եթէ այս բոլորը իրենց հայկական բովանդակութենէն պարպուին, վաղը ի՞նչ պիտի մնայ։
Հայկական անունով շէնքեր եւ հայկական ծագումով մարդիկ։
Այն ալ՝ թերեւս։
Յարգելինե՛ր,
Զարեհ Խրախունին ՄԵ՛Ր բանաստեղծն էր։
Ռոպէր Հատտէճեանը ՄԵ՛Ր խմբագրապետն ու գրողն էր։
Արամ Գամպուրեանը ՄԵ՛Ր ուսուցիչն ու մտաւորականն էր։
Իգնա Սարըասլանը ՄԵ՛Ր գրականութեան մշակն էր։
Անոնցմէ ո՛չ մէկը կը պատկանէր միայն այս կամ այն հաստատութեան, միութեան կամ շրջանակին։ Անոնք մեր հաւաքական հարստութիւնն էին։
Անոնց յիշատակը անձնական հաշիւներ մաքրելու, կազմակերպիչներու միջեւ տարբերութիւն դնելու, մէկուն մօտիկ կամ միւսէն հեռու ըլլալու առիթ չէր։
Անոնց յիշատակը մեզի պատկանող արժէք մը պաշտպանելու պարտաւորութիւն էր։
Եւ այդ պարտաւորութիւնը ո՛չ ծաղկեպսակով կը վերջանայ, ո՛չ «Դիմատետր»ի գրառումով, ո՛չ ալ հանդիսաւոր ճառով։
Որովհետեւ հայ մշակոյթը միայն անցեալի փառք մը չէ, որուն անունը յիշենք, երբ յարմար առիթ ներկայանայ։
Ան ներկայի պատասխանատուութիւն մըն է։
Եւ վաղը, երբ դարձեալ պիտի խօսիք հայապահպանութենէ, երբ պիտի գանգատիք նոր սերունդին անտարբերութենէն, երբ պիտի հարցնէք, թէ ինչո՛ւ մեր երիտասարդները չեն հետաքրքրուիր հայ գրականութեամբ, պահ մը հայելիին մէջ նայեցէք։
Որովհետեւ երիտասարդները միայն մեր խօսքերը չեն լսեր։
Մեր բացակայութիւններն ալ կը տեսնեն։
Ռոպէր Հատտէճեանը, Արամ Գամպուրեանը, Իգնա Սարըասլանը եւ Զարեհ Խրախունին ձեր ներկայութեան պէտք չունէին մեծ ըլլալու համար։
Անոնք արդէն իրենց տեղը գրաւած են մեր գրականութեան ու մշակոյթի պատմութեան մէջ։
Ձե՛ր ներկայութիւնն էր, որ կրնար պատիւ բերել ձեզի։
Եւ դուք զրկուեցաք այդ պատիւէն։
ԱՄՕԹԸ ՁԵ՛ՐՆ Է, ՏԻԿՆԱՅՔ ԵՒ ՊԱՐՈՆԱՅՔ։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=1033544643038949&set=a.135021036224652

