İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«52 ՀԵՐՑ»՝ ՉՈՐՍ ԿԻՆԵՐՈՒ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ

Օրին գրած էինք «Յանկարծ» թատերախումբի նոր ներկայացման՝ «52 հերց»ի մասին, բայց զայն դիտելու առիթը ստեղծուեցաւ երէկ՝ 19 Հոկտեմբերին։ «Յանկարծ»ի այս թատերախաղը, որ մաս կը կազմէր 19-25 Հոկտեմբերին կազմակերպուած Թատրոնի Տօնախմբութեան, առանձնայատուկ էր իր ինքնատիպ կառուցուածքով եւ չորս դերասանուհիներու տպաւորիչ խաղարկութեամբ։ Բեմադրութեան գլխաւոր արժանիքը թերեւս այն էր, որ բեմին վրայ պատմուածը ամբողջովին երեւակայութեան ծնունդ չէր. դերասանուհիները հանդիսատեսին հետ կը բաժնէին իրենց իսկ կեանքէն քաղուած յիշողութիւններ, ապրումներ եւ երբեմն նոյնիսկ խիստ անձնական խոստովանութիւններ։

Ներկայացման առանցքին չորս կիներու պատմութիւնն է։ Անոնց մանկութիւնը, ընտանեկան յիշատակներն ու կեանքի տարբեր հանգրուանները կապուած են կղզիի մը հետ, որ կը վերածուի իրենց հասարակաց յիշողութեան խորհրդանիշին։ Երբ կը տեղեկանան, թէ այդ կղզին պիտի անհետանայ, կը փորձեն խաղի մը միջոցով հրաժեշտ տալ անոր։ Սակայն այդ խաղը հետզհետէ կը դառնայ անցեալին հետ հաշուեյարդարի, ինքնաճանաչման եւ երկար տարիներ լռութեան մատնուած զգացումները բարձրաձայնելու առիթ։

Պոլսահայ հանդիսատեսին համար այս պատմութիւնը առանձնայատուկ հարազատութիւն ունի։ Գնալը կղզին, իր ամառնային կեանքով, ընտանեկան հաւաքոյթներով եւ մանկութեան ընկերութիւններով, մեր համայնքի հաւաքական յիշողութեան կարեւոր վայրերէն մէկն է։ Ուստի ներկայացման մէջ կղզիին շուրջ հիւսուած պատմութիւնները կը յիշեցնեն այն աշխարհը, որուն հետ կապուած են պոլսահայ բազմաթիւ ընտանիքներու յիշատակները։

«52 հերց»ի ամենատպաւորիչ երեսակներէն մէկը անոր ինքնակենսագրական բնոյթն է։ Չորս դերասանուհիները՝ Տիանա Չիլինկիրեան, Կարինէ-Մարալ Չիզմէճեան, Լարա Նարին եւ Թարա Տէմիրճիօղլու, չեն սահմանափակուիր իրենց վստահուած կերպարները մարմնաւորելով։ Անոնք բեմ կը բարձրանան նաեւ իրենց սեփական յիշողութիւններով, ընտանեկան փորձառութիւններով եւ կեանքի ընթացքին կուտակուած զգացումներով։ Կը յաջողին պահպանել իրենց անհատական ներկայութիւնը՝ միաժամանակ ստեղծելով ներդաշնակ ամբողջութիւն մը։ Ներկայացման ոյժը մեծ մասամբ ծնունդ է դերասանուհիներուն միջեւ հաստատուած բնական հաղորդակցութենէն։

Դերասանուհիները երբեմն զարմանալի անկեղծութեամբ կը բացուին հանդիսատեսին առջեւ՝ բաժնելով անձնական մանրամասնութիւններ, որոնք սովորաբար կը մնան անհատական կեանքի սահմաններէն ներս։ Այդ անկեղծութիւնը, սակայն, չի վերածուիր ինքնանպատակ խոստովանութեան։ Անձնական փորձառութիւնները կը միահիւսուին բեմական ամբողջութեան մէջ եւ կը դառնան մարդկային ընդհանուր ապրումներու արտայայտութիւն։

Ներկայացման մէկ այլ առանձնայատկութիւնը հայերէն լեզուին ներկայութիւնն է։ Թրքերէն երկխօսութիւններուն ընդմէջէն հնչող հայերէն խօսքերն ու արտայայտութիւնները տարբեր համ մը կու տան բեմադրութեան։ Անոնք բնականօրէն կը բխին պատմուող կեանքէն։ Լեզուն այստեղ կը դառնայ յիշողութեան, ընտանիքի, մտերմութեան եւ պատկանելիութեան զգացումին մէկ մասը։

Պոլսահայ իրականութեան մէջ, ուր հայերէնն ու թրքերէնը յաճախ կը հանդիպին իրարու, այդ լեզուական անցումները առանձնապէս հարազատ կը թուին։ Երբ բեմին վրայ յանկարծ արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն նախադասութիւն մը կը հնչէ, անիկա իրեն հետ կը բերէ նաեւ տան, ընտանիքի եւ մանկութեան միջավայրը՝ ներկայացման հաղորդելով ինքնատիպ դիմագիծ մը։

Ուշագրաւ է նաեւ թատերախաղին խորագիրը։ «52 հերց»ը կ’ակնարկէ ծովային կիտաձուկի մը մասին տարածուած պատմութեան, որուն արձակած ձայնը կը տարբերի միւս կիտաձուկերու ձայներէն։ Այդ պատճառով ան յաճախ կը ներկայացուի որպէս աշխարհի ամենամինակ կիտաձուկը։ Այս պատկերը բեմադրութեան մէջ կը վերածուի չլսուած ձայներու, մենութեան եւ հասկցուելու մարդկային պահանջի խորհրդանիշին։

Ներկայացման չորս կիներն ալ ունին իրենց սեփական ձայնը, չարտասանուած խօսքերն ու թաքցուած ապրումները։ Սակայն բեմին վրայ անոնց ձայները կը հանդիպին իրարու եւ կը կազմեն հասարակաց պատմութիւն մը։

Գալով խաղարկութեան՝ չորս դերասանուհիներն ալ ունին իրենց առանձնայատուկ արտայայտչական կերպը։ Իւրաքանչիւրը բեմ կը բերէ տարբեր խառնուածք, ձայնի երանգ ու շարժումի լեզու։ Այս տարբերութիւնները ո՛չ միայն չեն խանգարեր ներկայացման միասնականութիւնը, այլ ընդհակառակը՝ կը հարստացնեն զայն։ Յատկապէս գնահատելի է, որ դերասանուհիները իրենց ապրումները կը փոխանցեն պարզ, բնական ու համոզիչ խաղարկութեամբ մը։

«Յանկարծ» թատերախումբի այս աշխատանքը արժանի է ուշադրութեան նաեւ պոլսահայ մշակութային կեանքի տեսակէտէ։ Ներկայացումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է սեփական միջավայրի յիշողութիւնները, լեզուն եւ անհատական փորձառութիւնները վերածել ժամանակակից թատերական ստեղծագործութեան մը՝ առանց սահմանափակուելու միայն համայնքային շրջանակով։

Ի վերջոյ, այս ներկայացումը մեզի կը յիշեցնէ պարզ, բայց խորունկ ճշմարտութիւն մը. իւրաքանչիւր մարդ ունի իր ձայնը, իր պատմութիւնը եւ լսուելու իրաւունքը։ Երբ այդ ձայները կը համարձակին բարձրաձայն հնչել, անոնք կրնան գտնել իրենց արձագանգը ուրիշներու հոգիներուն մէջ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք «Յանկարծ»ի ընտանիքը։

Ն. Մ. Ս.

https://www.normarmara.com/201026lu.html