«Մարմարա»ի հաւատարիմ ընթերցողներէն, մեր թերթի ջերմ բարեկամ, հետազօտող Արսէն Եարման վերջերս առողջական լուրջ խնդիրի մը հետեւանքով վիրաբուժական միջամտութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ։
Եարմանի երկու երիկամներուն վրայ գոյացութիւններ յայտնաբերուած էին։ Բժիշկները վիրահատական միջամտութեամբ հեռացուցին անոնցմէ մէկը, իսկ միւսէն առնուած հիւսուածքային նմոյշը ենթարկուեցաւ տարրալուծման (պիոփսի)։ Բարեբախտաբար, քննութեան արդիւնքը գոհացուցիչ եղաւ։
Վիրաբուժական առաջին միջամտութենէն ետք Արսէն Եարմանի առողջական վիճակը բարելաւեցաւ եւ բժիշկները Շաբաթ օր արտօնեցին, որ ան հիւանդանոցէն տուն վերադառնայ կարճ ժամանակի մը համար, այս շաբաթ կատարուելիք երկրորդ վիրահատութենէ մը առաջ։
Մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան կապ հաստատեց իրեն հետ, «անցեալ ըլլայ»ի մեր մաղթանքը փոխանցեց Պր. Եարմանին, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն։

