Պոլսահայ գրականութեան մեծանուն դէմքերէն, բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100ամեակը նշուեցաւ յիշատակելի հանդիսութեամբ մը, որ առիթ հանդիսացաւ անգամ մը եւս արժեւորելու անոր գրական հարուստ ժառանգութիւնն ու հայ մշակոյթին բերած անգնահատելի նպաստը։
Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիսութիւնը ոգեկոչեց մեծանուն բանաստեղծին յիշատակը՝ լուսարձակի տակ առնելով անոր ստեղծագործական աշխարհն ու մտաւորական վաստակը։
Հանդիսութեան մանրամասն նկարագրականը պիտի հրատարակենք «Մարմարա»ի Երկուշաբթի օրուան թիւով։

