Իտալիոյ «Ինթէր» ֆութպոլի ակումբը ընկերային ցանցերու վրայ հայերէն գրառումով մը իր գնահատանքը արտայայտած է խումբի հայազգի աստղ Հենրիխ Մխիթարեանի նկատմամբ։ «Մխիթարեան երբեք չի յոգնիր» գրած է ակումբը՝ ակնարկելով փորձառու կիսապաշտպանին աշխատասիրութեան, մարզական եռանդին եւ խաղադաշտին վրայ ցուցաբերած հետեւողականութեան։
Հայերէն այս արտայայտութիւնը ուշադրութեան արժանացած է նաեւ որպէս Ինթէրի կողմէ իր հայազգի խաղացողին եւ հայ երկրպագուներուն ուղղուած գեղեցիկ ժեստ մը։
Մինչ այդ, Մխիթարեան շնորհակալութեան ջերմ ուղերձ մը ստացած է աշխարհահռչակ իտալացի թենոր Անտրէա Պոչելլիէն, որ «Ինթէր»ի ջերմ համակիրներէն է։ Պոչելլի տեսաուղերձով դիմած է Հայաստանի հաւաքականի նախկին խմբապետին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն նուիրուած մարզաշապիկին համար։
«Սիրելի՛ Միքի, ստացայ գեղեցիկ մարզաշապիկը։ Շատ շնորհակալ եմ։ Քեզի կը մաղթեմ ամէնայն բարիք։ Մինչ նոր հանդիպում», ըսած է աշխարհահռչակ երգիչը։ Այս երկու դրուագները անգամ մը եւս ուշադրութեան կեդրոն բերած են Հենրիխ Մխիթարեանը, որ իր երկարամեայ մարզական ասպարէզով եւ միջազգային ճանաչումով կը շարունակէ մնալ հայկական ֆութպոլի ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։

