Գումգաբուի մէջ երէկ, 11 Հոկտեմբերին, սարքուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութիւնն ու սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Պէզճեան Մայր վարժարանի։ Դարաւոր կրթական օճախին զօրակցելու նպատակով կազմակերպուած հաւաքոյթը այս տարի աչքի զարկաւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներուն նկատելի բացակայութեամբ։ Հազիւ քանի մը ատենապետներ ներկայ էին ձեռնարկին, ինչ որ անխուսափելիօրէն ուշադրութիւն գրաւեց՝ նկատի ունենալով Պէզճեանի նման պատմական վարժարանի մը նկատմամբ համայնքային միասնական զօրակցութեան կարեւորութիւնը։
Առաւօտեան մատուցուած Ս. Պատարագին նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Պատրիարք Հայրը։ Ապա կատարուեցաւ ընդհանուր Հոգեհանգստեան կարգ Պէզճեան Ամիրայի, բոլոր սատարողաց եւ ծառայողներու յիշատակին։
Կրօնական արարողութենէն ետք հիւրերն ու հրաւիրեալները անցան Պէզճեան Ամիրա սրահ, ուր Տիկիններ խնամեալ սեղաններ պատրաստած էին աւելի քան 400 հոգիի համար։ Պատրիարք Հօր սեղանակից եղան հոգեւորականներ, Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, եկեղեցւոյ նախկին շրջաններու Թաղային Խորհուրդներու Ատենապետներ, որոնք եկած էին միասնութեան ոգիով։
Հանդիսավարն էր հայերէնի ուսուցչուհի Ժպիտ Պետիկ, որ բարի գալստեան խօսք արտասանելէ ետք, գործադրութեան դրաւ օրուան յայտագիրը։ Կարգաւ խօսք առին վարժարանի տնօրէնուհի Գլոտիա Ալթըփարմաք-Տէմիր եւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Անոնք անդրադարձան վարժարանի կրթական առաքելութեան եւ այն աշխատանքներուն որոնք կը տարուին կրթօճախի ապագան ապահովելու ուղղութեամբ։
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի աշակերտները։ Տիրան Տօլաշ, Հելեն Պազ եւ հինգերորդ դասարանի սաներէն խումբ մը ներկայացուցին մայրենի լեզուին ու հայկական ինքնութեան նուիրուած արտասանութիւններ։ Մանկանց երգչախումբն ալ, երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ հայկական տոհմիկ երգերով։
Օրուան յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ վարժարանի խոհանոցի երկարամեայ աշխատակցուհի Շուշան Քալանի մեծարումը։ Վաստակաշատ աշխատակցուհին, որ շուրջ վեց տասնամեակ ծառայած է Պէզճեան վարժարանին ու սերունդներու յիշողութեան մէջ իր տեղը գրաւած իբրեւ Շուշան Մայրիկ Գումգաբուի ընտանիքին անունով յուշապնակ մը ստացաւ՝ ձեռամբ Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Հանդիսութեան ընթացքին Թաղային Խորհուրդի անդամ Դաւիթ Տամլա յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ, մի առ մի անդրադառնալով հաստատութեան հասցէին ուղղուած մեղադրանքներուն եւ տեղեկութիւններ փոխանցելով հիմնարկին պատկանող 43 անշարժ գոյքերուն մասին։
Սիրոյ Սեղանի աւարտին, չյայտարարուեցաւ նուիրահաւաքի արդիւնքը։ Թէեւ պաշտօնական գումար մը չհրապարակուեցաւ, ըստ ստացուած տեղեկութիւններու՝ հանգանակութիւնը յաջող անցաւ։
Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքը արտասանելով գնահատեց Թաղային Խորհուրդի ջանքերը, ըսաւ որ թաղականները մեծ նուիրումով կ’աշխատին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

