Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 Հոկտեմբեր 2026, Երկուշաբթի, ընդունեց Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ու դասաւանդութեան ամպիոնի վարիչ Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ գիտնականներու այցը։ Այցելուներուն կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Յարօ Ճիւմպիւշեան եւ Նորա Համբարձումեան։
Այցելուներ ըսին, որ ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ օրերուն Ստանպուլի մէջ պիտի նշուի մտաւորական բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան հարիւրամեակը: Նոյն առթիւ հանգուցեալի զաւակներուն գլխաւորութեամբ կազմակերպուած է դարադարձի հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցելու համար հիւրեր ժամանած էին Երեւանէն: Անոնք Նորին Ամենապատուութեան բերին հարիւրամեակ-երեկոյթի հրաւիրագիրը, ինչպէս նաեւ յանձնեցին հանգուցեալ մտաւորական բանաստեղծ Զահրատի հարիւրամեակին առթիւ Երեւանի մէջ լոյս տեսած հատորէն օրինակ մը:
Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, որոնք սիրով ընդառաջած էին իրենց եղած հրաւէրին, որուն առիթը յոյժ սիրելի էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը յարգանքով յիշեց Զարեհ Խրախունին, որ ընդհանրապէս Հայ գրականութեան եւ մասնաւորապէս Պոլսահայ գրականութեան վրայ իր անջնջելի կնիքը դրած անձ եղաւ: Անգամ մը եւս երկնային հանգիստ հայցեց Խրախունիի հոգւոյն եւ բարի գալուստ, բարի կեցութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն:
https://www.facebook.com/photo/?fbid=1411068554563039&set=a.388050840198154

