Հայաստանի Ազգային Ժողովի ծիրէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ենթադրեալ ճգնաժամը ուսումնասիրելու նպատակով քննիչ յանձնաժողովի ստեղծումը նոր հակազդեցութեան արժանացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ։ Եկեղեցական ղեկավարութիւնը այս նախաձեռնութիւնը կը նկատէ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելու փորձ եւ կրօնական ազատութեան ու եկեղեցական ինքնավարութեան սկզբունքներու խախտում։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, 9 Հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու, Հայաստանի թեմակալ առաջնորդներու եւ առաջնորդական տեղապահներու ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները։
Ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեամբ հոգեւորականները իրենց վճռական անհամաձայնութիւնը յայտնեցին Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ենթադրեալ ճգնաժամը ուսումնասիրելու նպատակով քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու նախաձեռնութեան նկատմամբ։
Յայտարարութեան համաձայն, այս քայլը կը խախտէ կրօնական ազատութեան եւ Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան սկզբունքները։ Ժողովականները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ խորհրդարանական յանձնաժողովին կը վերապահուին Եկեղեցւոյ ներքին կառավարման եւ կանոնական հարցերուն միջամտելու իրաւասութիւններ, որոնք, իրենց գնահատումով, դուրս են Ազգային Ժողովի սահմանադրական լիազօրութիւններէն։
Հոգեւորականները խորհրդարանական մեծամասնութեան կոչ ուղղեցին գործելու սահմանադրական իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ եւ զերծ մնալու Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելէ։ Անոնք նաեւ զգուշացուցին, որ նման գործընթացները կրնան խորացնել հասարակական պառակտումները։
Յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ հաւատացեալներուն կոչ ուղղուեցաւ իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու խաղաղ եւ օրինական միջոցներով։ Մայր Աթոռը վերահաստատեց, թէ պիտի շարունակէ օրէնքով նախատեսուած բոլոր միջոցներով պաշտպանել Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու իրաւունքները։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը մերժեց քննութեան առնել Խորհրդարանական ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններուն դիմումը, որով բողոք կը ներկայացուէր կառավարութեան ծրագրի «Հոգեւոր անվտանգութիւն» բաժնի սահմանադրականութեան հարցի շուրջ։ Յիշեալ բաժինը կը նախատեսէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեռացումը, կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւնը, Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունումը եւ նոր Կաթողիկոսի ընտրութիւնը։ Ընդդիմութիւնը այս կէտերը կը նկատէ Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ դաւանանքի ազատութեան խախտում։ Սահմանադրական Դատարանը, սակայն, իր մերժումը հիմնաւորեց այն հանգամանքով, որ կառավարութեան ծրագիրը քաղաքական բնոյթի փաստաթուղթ մըն է եւ ինքնին չունի իրաւական կարգաւորիչ ուժ։ Դատարանը նաեւ գտաւ, որ ընդդիմութեան դիմումը բաւարար չափով փաստեր չէ ներկայացուցած։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=1023121657414581&set=a.135021036224652

