İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՎՈԿ ՖՐԱՆՍ»-Ի ԷՋԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՀԱՐՍՆԻՔ ՄԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇՈՒՆՉՈՎ

Հայկական գրեթէ բոլոր լրատու հարթակները վերջին օրերուն լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան «Վոկ Ֆրանս»ի ուշագրաւ հրապարակման մը, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային եռօրեայ հարսանիքի մը։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն աւելի քան 200 հիւրեր Հայաստան ժամանած էին՝ մասնակցելու Սառա-Մէյի եւ հայկական արմատներով Գէորգի հարսանիքին, զոր զոյգը վերածած էր նաեւ Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին եւ փեսային հայկական արմատներուն ծանօթացման իւրայատուկ առիթի։

«Վոկ Ֆրանս»ին պատմելով իրենց ընտրութեան մասին՝ նորապսակները նշած են, որ Հայաստանը պատահականօրէն չէ ընտրուած։ Վիեթնամական, գամպոճական եւ չինական արմատներով Սառա-Մէյի ու հայկական ծագումով Գէորգի փափաքն էր աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանած իրենց հարազատներն ու բարեկամները համախմբել Հայաստանի մէջ եւ հարսանեկան հանդիսութիւններուն ընդմէջէն զանոնք մօտեցնել հայկական ժառանգութեան։

Եռօրեայ տօնախմբութեան առաջին հանգրուանը եղան Գառնիի տաճարն ու Գեղարդի վանական համալիրը։ Գեղարդի մէջ հիւրերը ունկնդրեցին հայկական երգչախումբի կատարումներ, իսկ օրուան շարունակութեան Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ դիմաւորման ընթրիք՝ հայկական աւանդական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։

Հարսանեկան գլխաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսով։ Հարսը այդ օրուան համար ընտրած էր փարիզցի ձեւագէտ Անթուան Կերէնի պատրաստած ժանեկազարդ հարսանեկան զգեստը։

Այս սիրոյ պատմութեան մէջ իր խորհրդանշական տեղը ունի նաեւ Շարլ Ազնաւուր։ Գէորգ Լոնտոնի մէջ Սառա-Մէյին ամուսնութեան առաջարկը կատարած էր Ազնաւուրի հանրածանօթ «Շի» երգի ընկերակցութեամբ՝ զայն ֆրանսերէն կատարելով։ Հայաստանի մէջ գտնուած օրերուն զոյգը իջեւանած էր «Կրանտ Հոթել Երեւան»-ի «Ազնաւուր» յարկաբաժնին մէջ, ուր, ըստ «Վոկ»-ի, Ազնաւուր սովորութիւն ունէր մնալու Հայաստան կատարած այցելութիւններու ընթացքին։

Հայաստանի հետ Սառա-Մէյի անձնական կապին մէջ ուրիշ յատկանշական հասցէ մըն ալ կայ՝ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը։ 2019-ին Գէորգ զինք առաջին անգամ այնտեղ տարած էր՝ դիտելու Արամ Խաչատուրեանի «Գայիանէ» պալէն։ Այդ այցելութիւնը Սառա-Մէյի համար դարձած էր հայկական մշակոյթին հետ առաջին անմիջական հանդիպումներէն մէկը։

Այդ պատճառով նորապսակները հարսանեկան խնջոյքէն առաջ կրկին այցելեցին Օփերայի շէնքը։ Սառա-Մէյ «Վոկ»-ին պատմած է, որ այնտեղ վերադառնալը իրեն տուած է Հայաստանի հետ իր յարաբերութեան սկզբնակէտին վերադառնալու զգացումը։ Տարիներու ընթացքին Հայաստանը իրեն համար հետզհետէ դարձած է «երկրորդ հայրենիք»։

Հարսանեկան տօնախմբութիւնը այնուհետեւ փոխադրուեցաւ Սասունիկ՝ «Արմենիա Ուայն»ի խաղողի այգիները։ Ֆրանսական երաժշտութիւնը եւս իր տեղը ունեցաւ երեկոյին։ Նորապսակներու առաջին պարը կատարուեցաւ Միշէլ Փոլնարեֆի «Լաւ Մի, Փլիզ Լաւ Մի» երգին հնչիւններուն տակ, իսկ հարսանեկան կարկանդակի հատման պահուն հնչեց «Վուայաժ, Վուայաժ»ը։ Երեկոյին ընթացքին դարձեալ հնչեցին Ազնաւուրի երգերը։

Սակայն եռօրեայ հանդիսութեան ամէնէն խորհրդանշական պահերէն մէկը վերապահուած էր հայկական աւանդութեան։ Սառա-Մէյ յատուկ սորված էր հայկական հարսի աւանդական պարը եւ զայն կատարեց՝ ի նշան իր ամուսնոյն հայկական արմատներուն նկատմամբ յարգանքի։

Վերջին տարիներուն Հայաստան հետզհետէ աւելի յաճախ կ’ընտրուի միջազգային մշակութային եւ մասնաւոր մեծ ձեռնարկներու համար։ Սառա-Մէյի եւ Գէորգի հարսանիքը այդ երեւոյթին ուշագրաւ օրինակներէն մէկը դարձաւ՝ այս անգամ նաեւ «Վոկ Ֆրանս»-ի էջերով Հայաստանը տանելով միջազգային լայն լսարանի մը առջեւ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=1019562114437202&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/061026lu.html