Արաս հրատարակչատան «ԿԱՄ» մատենաշարը ամբողջացաւ նոր աշխատութեամբ մը։ Լոյս տեսաւ գրականագէտ եւ մտաւորական Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը, ուր հեղինակին քննութեան առանցքին վրայ կը յայտնուին Եղիշէ Չարենցն ու Վահէ Օշականը, որոնք կը ներկայացնեն հայ գրականութեան երկու տարբեր աշխարհներ։
Առաջին հայեացքով իրարմէ հեռու կը թուին այս երկու հեղինակները, որոնց ստեղծագործութեան համադրութեամբ Նշանեան կը բանայ գրական ու մտաւոր երկխօսութեան հետաքրքրական դաշտ մը։ Չարենցի պարագային քննութեան կ’առնուին Սովետական Հայաստանի պայմաններուն մէջ պատմութեան, հայրենիքի, վերադարձի, սուգի եւ բանաստեղծական լեզուի հարցերը, իսկ Վահէ Օշականի ստեղծագործութեան ընդմէջէն՝ սփիւռքեան գոյավիճակը, լեզուի աստիճանական նահանջն ու գրողին՝ իր ընթերցողին հետ փոխուող յարաբերութիւնը։
Հատորի հիմնական նպատակն է բացայայտել կապը, որ թաքնուած է այս հեռաւորութեան ետին։ Չարենցն ու Օշականը, ստեղծագործած են երկու տարբեր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ, բայց զանոնք դէմ դիմաց բերելով՝ Նշանեան կը փորձէ հասկնալ, թէ պատմական մեծ շրջադարձերը ինչպէս կ’արձագանգեն բանաստեղծական լեզուին մէջ, եւ թէ ինչ կը պատահի այդ լեզուին, երբ ան սփիւռքեան պայմաններու մէջ կը դառնայ հետզհետէ խոցելի ժառանգութիւն։
Գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծումներու ճանապարհով հատորը կը շօշափէ հայ գրականութեան, պատմութեան, ինքնութեան եւ լեզուի փոխյարաբերութիւնները՝ փորձելով տեսանելի դարձնել Չարենցի եւ Օշականի միջեւ առաջին հայեացքով «չգրուած» մնացած կապը։
320 էջէ բաղկացած աշխատութիւնը «ԿԱՄ» մատենաշարի երրորդ հատորն է։ Գիրքը խմբագրած են Թագուհի Սուսլիեան եւ Վահագն Քէշիշեան։
Մարկ Նշանեան երկար տարիներէ ի վեր իր ուսումնասիրութիւններով կը զբաղի հայ գրականութեան, պատմագրութեան, վկայութեան եւ աղէտի ներկայացման տեսական խնդիրներով։ Իր խմբագրութեամբ 2024ին կեանքի կոչուած է «ԿԱՄ» մատենաշարը, որ կը հրատարակուի Արաս-ի կողմէ։ Նշանեան ներկայիս կ’ապրի Լիզպոն։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=1018675357859211&set=a.135021036224652

