İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի վերապատուելիներու այցը։ Խումբը կը բաղկանար Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Տքթ. Յարութիւն Սէլիմեանէ եւ Յունաստանի-Աթէնքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանէ: Իրենց կ’ընկերանար Ստանպուլի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն:

Վերապատուելի հիւրերը յայտնեցին, որ քաղաքս այցելութեան առթիւ փափաքած էին այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունենալ Նորին Ամենապատուութեան հետ:

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար: Ծանօթացուց մեր համայնքն ու համայնքային կառոյցը, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ համայնքի հոգեւոր կեդրոն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքի պատմութեան ու այժմու վիճակին մասին:

Այցելութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն եւ արդիւնաբեր ծառայութիւն մաղթեց վերապատուելի հիւրերուն: Իսկ հիւր վերապատուելիներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ արեւշատութիւն ու կարողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=1405631855106709&set=a.388050840198154