İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԿՐԿԻՆ ԳՐՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»Ը ԵՐԵՔ ՕՐՈՎ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ԳԻՐՔԸ, ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

Պոլսոյ մշակութային կեանքին մէջ տարիներ առաջ իր ուրոյն տեղն ունեցած է գրքի հանդիպումներու աւանդութիւնը, որ այս շաբաթ պիտի վերակենդանանայ նոր շունչով։ Արաս հրատարակչատան եւ Եսայեան Միութեան գործակցութեամբ կազմակերպուած է «Կրկին գրքի փառատօն» անունով ձեռնարկ մը, որ 8-10 Հոկտեմբերին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ երեք օր շարունակ պիտի համախմբէ հրատարակիչները, հայ մամուլի ներկայացուցիչները, թարգմանիչները, հեղինակները, հնավաճառներն ու ընթերցողները։

Նախաձեռնութիւնը կը վերակենդանացնէ գրքի հանդիպումներու այն աւանդութիւնը, որ երկար տարիներ զարգացած էր Մխիթարեան Սանուց Միութեան երդիքին տակ եւ արժէքաւոր հետք թողած՝ համայնքային յիշողութեան մէջ։ Տարիներու ընդմիջումէ մը ետք, այս անգամ լայն մասնակցութեամբ կազմակերպուած փառատօնը նպատակ ունի վերյիշել անցեալի այդ փորձառութիւնը, նաեւ զայն շարունակել հրատարակչական ու մշակութային կեանքին այսօրուան նոր շունչով։

Փառատօնի գաղափարական ելակէտերէն մէկը Հրանդ Տինքի խօսքն է գրուած 1996ին եւ ուղղուած անոնց, որոնք «գիրքերը շալկելով բերին» եւ էջերը պահպանելով հասցուցին մինչեւ մեր օրերը։ Այդ միտքին հետեւելով՝ նախաձեռնութիւնը ուշադրութեան կը յանձնէ այն երկար ճանապարհը, որով գիրն ու գիրքը դարերու ընթացքին վանքերէն հասած են տպարաններ եւ դժուարին ժամանակներու ընդմէջէն փոխանցուած՝ սերունդէ սերունդ։ Կազմակերպիչները փառատօնը կը դիտեն ո՛չ այնքան իբրեւ անցեալի կարօտով կազմակերպուած հանդիպում, որքան լեզուներու, սերունդներու եւ մշակոյթներու միջեւ կամուրջը այսօրուան կենդանի ստեղծագործութեամբ շարունակելու առիթ։

Նարեկեան սրահին մէջ հաստատուելիք տաղաւարներուն իրենց հրատարակութիւններով ներկայ պիտի ըլլան նաեւ պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչները՝ «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս», «Փարոս» եւ «Լոյս Թի.Վի».։ Անոնց կողքին ընթերցողներուն պիտի ներկայանան Հրանդ Տինք Հիմնարկի, Պատրիարքարանի եւ Ուսուցչաց Հիմնարկի հրատարակութիւնները, «Նորք»ը, «Թուրքուազ Սահաֆ»ը՝ հայկական հին մամուլի, պարբերականներու եւ հազուագիւտ նիւթերու ընտրանիով, Փափլիկ մանկական հրատարակչութիւնը, ինչպէս նաեւ անկախ հրատարակիչներ։

Եռօրեայ հանդիպումը պիտի չսահմանափակուի գիրքերու ցուցադրութեամբ ու վաճառքով։ Դպրոցական այցելութիւններ, աշխատանոցներ, մակագրութեան ժամեր, ընթերցումներ եւ զրոյցներ պիտի ամբողջացնեն յայտագիրը, որուն բոլոր ձեռնարկները պիտի կատարուին հայերէնով։

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ՄԻԱԿ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ

Փառատօնի բացման օրը՝ Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբերին, ժամը 12.00-16.00 նախատեսուած են դպրոցական այցելութիւններ եւ աշխատանոց, իսկ ժամը 17.00-18.00՝ մակագրութիւն։ Օրուան գլխաւոր հանդիպումը պիտի սկսի ժամը 18.00ին՝ «Մեզի ձեր խոհանոցը կը պատմե՞ք» խորագրին տակ։

Այս հանդիպումով պոլսահայ մամուլի «խոհանոցը» պիտի բացուի ընթերցողին առջեւ։ «Լուրէն մինչեւ տպագրութիւն. Պոլսահայ մամուլի սեղանը» բնաբանով զրոյցին պիտի մասնակցին «Մարմարա»ի, «Ակօս»ի, «Ուսուցչաց Հիմնարկ»ի, «Փարոս»ի եւ «Լոյս»ի ներկայացուցիչները։ Զրոյցը պիտի վարեն Նարօտ Ավճը եւ Վարդան Էսդուքեան։ Հանդիպման ընթացքին պիտի խօսուի այն աշխատանքին ու դժուարութիւններուն մասին, որոնք կը մնան վարագոյրին ետեւ՝ մինչեւ որ լուր մը, էջ մը կամ հրատարակութիւն մը հասնի ընթերցողին։

ՈՒՐԲԱԹ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերին եւս կէսօրուան ժամերը պիտի յատկացուին դպրոցական այցելութիւններու եւ աշխատանոցի, որոնց պիտի յաջորդէ մակագրութեան ժամ։ Ժամը 17.00-ին պիտի սկսի «Բա՛ց գիրքը՝ հատուած մը ընտրէ՛, եկո՛ւր միասին կարդանք» ձեռնարկը՝ Միհրան Թոմասեանի եւ Վահագն Քէշիշեանի վարումով։

Ժամը 18.30ին նախատեսուած է «Հանդիպում Անահիտ Տօնապետեանի հետ» ձեռնարկը։ Զրոյցը պիտի վարէ Գարոլին Մամիկոնեան, իսկ մասնակիցներուն շարքին են Անահիտ Տօնապետեան, Հերա Տոլար-Իսքէնտէրօղլու։

ՇԱԲԱԹ՝ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆՈՎ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Փառատօնի երրորդ եւ վերջին օրը՝ Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին, ժամը 12.00-17.00 պիտի շարունակուի գիրքերու վաճառքը, իսկ 17.00-18.00 նախատեսուած է մակագրութիւն։

Եռօրեայ յայտագիրը պիտի եզրափակուի Թարգմանչաց տօնին նուիրուած յատուկ հանդիպումով։ Ժամը 17.30-19.00 «Թարգմանչաց տօն՝ թարգմանիչներու հետ» խորագրին տակ Արթուն Կեպենլիօղլու, Գայուշ Չալըքման, Յակոբ Կոպէլեան եւ Ռեհա Քեսքին սեղանի շուրջ պիտի մէկտեղուին՝ խօսելու բառերու, լեզուներու եւ թարգմանութեան փորձառութեան մասին։ Զրոյցը պիտի վարեն Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Վահագն Քէշիշեան։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=1019555524437861&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/061026lu.html