İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ ՀԵՏ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄԷՆ ԺԱՄԵՐ ԱՌԱՋ

Գրեց՝ ՆԱԻՐԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՍԻՒԶՄԷ

…

Երբեմն հանդիպում մը կը յետաձգուի, օրերը չեն յարմարիր, ժամադրութիւնները կը խաչաձեւուին եւ ակամայ թիւրիմացութիւններ կը ծնին։ Բայց երբ ի վերջոյ մարդիկ կը նստին նոյն սեղանին շուրջ, անկեղծ զրոյց մը շատ արագօրէն կը հարթէ այն, ինչ որ հեռուէն դժուար կամ այլեւս անիրականանալի կը թուէր։

Այդպէս եղաւ նաեւ «Մարմարա»ի արտասահմանի աշխատակից, գրող եւ մանկավարժ Գէորգ Պետիկեանի հետ մեր հանդիպումը։

Պետիկեան ամոլը Սեպտեմբերին զբօսաշրջական պտոյտով Թուրքիա եկած էր Միացեալ Նահանգներէն։ Նախապէս պայմանաւորուած էինք Սեպտեմբեր 10-ին հանդիպիլ «Մարմարա»ի խմբագրատան մէջ։ Անյետաձգելի գործի մը պատճառով, սակայն, ստիպուած եղանք առաջարկել հանդիպումը փոխադրել Պր. Պետիկեանի կողմէ նախապէս նշուած այլ թուականներէն մէկուն։ Ապա մտածեցինք 12 Սեպտեմբերի մասին՝ մեր խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի մահուան տարելիցի օրը։ Այդ օրն ալ իրենց յարմար չէր։ Այսպէս, հանդիպումը ժամանակ մը անորոշ մնաց։

Թուրքիոյ զանազան զբօսաշրջական վայրերը այցելելէ ետք Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեանները վերադարձած էին Իսթանպուլ։ Իրենց մեկնումին հազիւ 48 ժամ մնացած էր, երբ վերջապէս կրցանք ժամադրուիլ իրենց իջեւանած պանդոկին մէջ։

Բայց կարծես մինչեւ վերջ այս այցելութեան փոքր ձախորդութիւնները չէին ուզեր զիրենք հանգիստ ձգել։ Թուրքիա հասնելէ առաջ իրենց ճամպրուկներէն մէկը սխալմամբ ուրիշ հասցէ մը ուղարկուած էր եւ տակաւին չէր վերադարձած իրենց ձեռքը։ Մեկնումի նախօրեակին խնդիրը անպայման պէտք էր լուծուէր։ Այդ պատճառով ալ Տիկին Լիզա Պետիկեան չկրցաւ միանալ մեզի. ան զբաղած էր կորսուած ճամպրուկը գտնելու եւ վերադարձնելու գործով։

Ուրեմն, երկար սպասուած մեր հանդիպումը այս անգամ կայացաւ Պր. Գէորգ Պետիկեանի հետ։

Եւ այդ հանդիպումէն ետք առաջին տպաւորութիւնս շատ յստակ էր. դիմացս միայն գրող մը չէր նստած։ Դիմացս նստած էր Մանկավարժը՝ բառին ամբողջական իմաստով։

Շուրջ երկու ժամ տեւած մեր զրոյցին նիւթերը իրարու յաջորդեցին գրեթէ առանց դադարի։ Խօսելիք շատ բան ունէինք։ Գէորգ Պետիկեան պատմեց իր երկարամեայ ուսուցչական փորձառութեան, հայեցի կրթութեան, նոր սերունդներու, դասաւանդման եղանակներու, դասագիրքերու պատրաստութեան եւ կրթութիւնը երեխային համար կենդանի ու հետաքրքրական դարձնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Զրոյցի ընթացքին իր դիմանկարին տարբեր երեսակները հետզհետէ աւելի յստակ դարձան։ Գրագէտ է, թատերագիր, դասագիրքերու հեղինակ, բայց այս բոլորին կողքին՝ ուսուցման միջոցներ ստեղծող մանկավարժ։ Ան դասանիւթը խաղի վերածելու, խաղին ընդմէջէն գիտելիք փոխանցելու եւ աշակերտը դասին գործուն մասնակից դարձնելու իր փորձառութիւնը տարիներու ընթացքին վերածած է աշխատանքի ամբողջ մշակոյթի մը։

Ու թերեւս մեր զրոյցին ամէնէն արժէքաւոր բաժիններէն մէկը այն էր, երբ Պետիկեան շատ պարզ ձեւով յայտնեց, թէ պատրաստ է իր ամբողջ մանկավարժական փորձառութիւնը բաժնելու նաեւ Պոլսոյ մեր վարժարաններու ուսուցիչներուն հետ։ Առանց մեծ ձեւակերպումներու կամ նախապայմաններու։ Կը բաւէ, որ հետաքրքրուողներ ըլլան, դիմեն եւ կապ հաստատեն իրեն հետ։

Այս պատրաստակամութիւնը ինքնին շատ բան կ’ըսէ մանկավարժի մը մասին։ Տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած փորձառութիւնը սեփական ձեռքբերում նկատելու փոխարէն՝ ուրիշներուն փոխանցելու ցանկութիւնը կրթական ծառայութեան շարունակութիւնն է։

Գէորգ Պետիկեանի կեանքի ճանապարհն ալ իր մէջ կը կրէ սփիւռքահայ բազմաթիւ ընտանիքներու պատմութիւնը։ Իր եւ Լիզա Պետիկեանի կեանքի ուղին անցած է Հալէպէն, Պէյրութէն եւ ապա հասած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկայի մէջ եւս կրթութիւնը մնացած է իրենց կեանքի առանցքներէն մէկը։ Այսօր Պետիկեան իր ետին ունի տասնամեակներու մանկավարժական ու գրական վաստակ, բայց մեր հանդիպումին ամենէն ուշագրաւը անցեալի այդ վաստակը թուարկելը չէր։ Աւելի տպաւորիչ էր տեսնել, թէ ան տակաւին որքան եռանդով կը խօսի ընելիքներու մասին։

Իբրեւ «Մարմարա»ի աշխատակից՝ Գէորգ Պետիկեանի անունը անծանօթ չէ մեր ընթերցողներուն։ Իր գրութիւնները տարիներէ ի վեր իրենց տեղը ունին մեր էջերուն վրայ։ Բայց գրութիւնը մարդուն մէկ երեսն է միայն։ Դէմ առ դէմ զրոյցը առիթ տուաւ ճանչնալու նաեւ այն Պետիկեանը, որ կը մտածէ կրթութեան մասին, մտահոգ է հայերէնի ու հայեցի դաստիարակութեան ապագայով, կը հաւատայ ուսուցիչի դերին եւ պատրաստ է իր գիտելիքն ու փորձառութիւնը ծառայեցնել ուրիշներուն։

Երկու ժամը անցաւ աննկատ։

Երբ հրաժեշտ տալու պահը հասաւ, ակամայ մտածեցի մեր չկայացած առաջին ժամադրութիւններուն մասին։ Երբեմն թիւրիմացութիւն մը կրնայ պահ մը ստուեր ձգել մարդկային յարաբերութեան վրայ։ Բայց անկեղծ խօսակցութիւնը ունի այդ ստուերը փարատելու ուժը։ Եւ երբեմն ալ ճիշդ այդ ակամայ թիւրիմացութիւններն են, որ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու առիթ կը ստեղծեն ու նոր, աւելի ամուր բարեկամութեան մը սկիզբը կը դառնան։

Այս անգամ այդպէս եղաւ։ Բաժնուեցանք այն զգացումով, որ այս զրոյցը երկու ժամով չէր կրնար վերջանալ։

https://www.normarmara.com/061026lu.html