Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց եւ կիներու ազգային ընտրանիները յաջողութեամբ եզրափակեցին իրենց մասնակցութիւնը համաշխարհային 46-րդ ողիմպիականին՝ երկուքն ալ նուաճելով Ա. դասակարգի պրոնզէ մետալները։ Հայ ճատրակիստ-ճատակիստուհիները ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեցին վեցերորդ դիրքերը՝ անգամ մը եւս հաստատելով Հայաստանի ներկայութիւնը համաշխարհային ճատրակի առաջատար երկիրներու շարքին։
Ողիմպիական մրցաշարքը համախմբած էր տղամարդոց 204 եւ կիներու 187 ազգային խումբեր։ Տղամարդոց մրցաշարին ախոյեան դարձաւ Էօզպեքիստան, իսկ կիներու բաժնին մէջ առաջնութիւնը նուաճեց Չինաստան։
Հայաստանի համար մրցաշարքը յատկանշական եղաւ նաեւ անհատական յաջողութիւններով։
Կիներու խումբէն Մարիամ Մկրտչեան 11 կարելի նիշէն ապահովեց 9-ը եւ երկրորդ խաղատախտակի վրայ արժանացաւ արծաթէ մետալի։ Ան ողիմպիականի ընթացքին լրացուց նաեւ միջազգային վարպետի կոչման երրորդ եւ վերջին անհրաժեշտ չափանիշը։ Նկատի ունենալով, որ իր միջազգային վարկանիշը արդէն գերազանցած է 2400-ի սահմանը, ՖԻՏԷ-ի յառաջիկայ նիստին կ’ակնկալուի անոր միջազգային վարպետի կոչման պաշտօնական վաւերացումը։
Տղամարդոց ընտրանիէն Շանթ Սարգսեան եւս անհատական մետալ մը ապահովեց Հայաստանի համար։ Ան երրորդ խաղատախտակի վրայ 11 կարելի նիշէն վաստակեց 8-ը եւ տիրացաւ պրոնզէ մետալի։
Հայաստանի տղամարդոց կազմին մաս կը կազմէին մեծ վարպետներ Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպէրթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան։ Խումբը կը մարզէր Արման Փաշիկեան։
Կանանց ընտրանին կը ներկայացնէին Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան, Էլինա Դանիէլեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Անահիտ Մկրտչեան՝ մարզիչ Զաւէն Անդրիասեանի ղեկավարութեամբ։

