İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՎԱՊ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՏԱՒՈՒՏ ԿԻՒԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՅԱՑԱԾ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍԻՆ

Երէկ, 29 Սեպտեմբեր 2026ին անդրադարձած էինք Իսթանպուլի կուսակալ Տավուտ Կիւլի նախագահութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցական կարեւոր ժողովին, որուն առանցքը կազմած էին մեր համայնքային վարժարաններու ներկայ կացութիւնը, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մասնաւորաբար երկրաշարժային ապահովութեան վերաբերեալ հարցերը։ Կէսօրէ ետք, Հայկական Վագըֆներու Միութիւնը՝ ԷՐՎԱՊը, հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը՝ մանրամասնութիւններ փոխանցելով հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն եւ արտայայտուած տեսակէտներուն մասին։

«ՄԱՐՄԱՐԱ» երէկ իսկ հաղորդագրութեան թրքերէն բնագիրը հրապարակեց իր ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ։ Այսօր զայն հայերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնենք նաեւ մեր տպագիր թերթի ընթերցողներուն։ Դիտել տանք որ հաղորդագրութիւնը ստորագրուած է ԷՐՎԱՊ-ի եւ Ս. Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։

*

Թուրքիոյ հայ համայնքի վաքըֆներու ատենապետներն ու վարժարաններու տնօրէնները, Իսթանպուլի կուսակալ Տավուտ Կիւլի հրաւէրով եւ Իսթանպուլի երեսփոխան Տոչ. Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կազմակերպութեամբ, 28 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 14.00-ին, համախմբուեցան Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան՝ ԱՖԱՏ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ Ժողովը վարեց կուսակալ Տավուտ Կիւլ։

Հանդիպման մասնակցեցան Իսթանպուլի փոխկուսակալներ Մուսթաֆա Ասըմ Ալքան, Տօքթ. Ահմէտ Սիւհէյլ Իւչէր եւ Էլիֆ Ճանան Թունճէր, Իսթանպուլի Կրթական տնօրէն Տոչ. Տօքթ. Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր, Վաքըֆներու Ա. Շրջանի տնօրէն Եավուզ Կիւնէր, Բ. Շրջանի տնօրէն Արիֆ Էօզսոյ եւ Իսթանպուլի ԱՖԱՏի տնօրէն Փրօֆ. Տօքթ. Հալուք Էօզէնէր։

Կուսակալ Տավուտ Կիւլի բացման խօսքէն ետք, առաջին ելոյթ եկաւ ԷՐՎԱՊի եւ Ս. Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուէն։

Շիրինօղլու, համայնքային վարժարաններու ընդհանուր կացութեան մասին իր հակիրճ խօսքին մէջ, ուշադրութիւն հրաւիրեց անոնց նիւթական դժուարութիւններուն եւ պիւտճէի բացերուն վրայ։ Ան նշեց, որ համայնքը ունի շուրջ 2.500 աշակերտ, մինչդեռ գործող վարժարաններու թիւը 15 է, ինչ որ, իր կարծիքով, աշակերտութեան թիւին բաղդատմամբ բարձր է։ Պր. Շիրինօղլու արտայայտեց նաեւ այն տեսակէտը, թէ ….>

Շարունակութիւնը՝

https://www.facebook.com/profile.php?id=100091502692999

https://www.normarmara.com

https://www.normarmara.com/300926lu.html