«Արեւելք»ի ընթերցողներէն՝ Մակի Նշանեան, օրերս Նիկոսիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, չկրցաւ անտարբեր անցնիլ քաղաքի հայկական կառոյցներուն կողքով։ Ան այցելեց Նարեկ վարժարանը, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Մելքոնեան վարժարանը՝ կիսուելու համար իր անձնական յիշողութիւններով եւ Մելքոնեանին կապուած ընտանեկան պատմութեամբ։
Օրերս այցելեցի Նիկոսիա։ Չէի կրնար այդ քաղաքէն անտարբեր անցնիլ՝ առանց այցելելու հայկական կառոյցները՝ Նարեկ վարժարանը, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ, ի հարկէ, Մելքոնեան վարժարանը։
Մելքոնեան վարժարանը տարիներ շարունակ եղած է հայկական կրթութեան եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը՝ կրթելով ու դաստիարակելով բազմաթիւ հայ մտաւորականներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ հայ մշակոյթի նուիրեալ գործիչներ։
Անոնցմէ մէկը եղած է նաեւ իմ մօրեղբայրս՝ Նշան Շահէնը՝ բանաստեղծ, չորս բանաստեղծական գիրքերու հեղինակ, որոնցմէ մէկը գրած է Մելքոնեան վարժարանին մէջ ուսանած տարիներուն։
Հետագային հայրենադարձած է Հայաստան եւ աշխատած Հայաստանի հեռուստատեսութեան մէջ՝ որպէս հաղորդավար։
Այսօր, սակայն, այս պատմական կրթօճախին առջեւ կանգնելով, սիրտս կը լեցուի ցաւով։ Դռները փակ են, իսկ տարածքը՝ լուռ։
Ու չեմ կրնար չմտածել՝ որքա՜ն եւս մտաւորականներ, ուսուցիչներ, գրողներ եւ հայ մշակոյթի գործիչներ կրնար արտադրել այս վարժարանը, եթէ անոր դռները չփակուէին։

