Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 15-17 Սեպտեմբերին գումարուեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Եռօրեայ նիստերուն առանցքային տեղ գրաւեցին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, եկեղեցականներու նկատմամբ իրաւական գործընթացները, Մայր Աթոռի գործունէութեան առջեւ ցցուած խնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին, կրթական եւ կանոնական կեանքի վերաբերեալ հարցեր։
Ժողովի նիստերը վարեց Վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Մասնակցեցան նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ելեւմտից տեսուչ Տ. Թէոդորոս Եպս. Զաքարեան։
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ եկեղեցականներու նկատմամբ ընթացող իրաւական գործընթացներուն մասին զեկուցումներ ներկայացուցին իրաւագէտներ Գէորգ Դանիէլեան եւ Արա Զօհրապեան։ Քննութեան առնուեցան Ազգային Ժողովին մէջ քննարկուած օրենսդրական նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Կառավարութեան ծրագրին մէջ Հայց. Եկեղեցւոյ վերաբերեալ կէտերը։
Այս ծիրէն ներս Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը քննադատական դիրքորոշում արտայայտեց իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան նկատմամբ։ ԳՀԽ անընդունելի նկատեց այդ քաղաքականութիւնը եւ զայն բնորոշեց իբրեւ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին պետական միջամտութիւն եւ պետական լծակներու գործածութեամբ սահմանափակումներ։ Ըստ ԳՀԽ-ի՝ նմանօրինակ գործողութիւնները ներհակ կը մնան Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու խղճի եւ կրօնի ազատութեան սահմանադրական երաշխիքներուն։
Ժողովականները անդրադարձան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ սահմանադրական կարգավիճակին եւ անհրաժեշտ նկատեցին վերացնել խոչընդոտները, որոնք, ըստ Խորհուրդին, կը դժուարացնեն հոգեւոր սպասաւորներու բնականոն ծառայութիւնը։ Քննարկուեցան Եկեղեցւոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար Հայաստանի ներպետական եւ միջազգային իրաւական միջոցներու օգտագործման կարելիութիւններն ու նախատեսուող քայլերը։
Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Մուշեղ Եպս. Բաբայեան իր կարգին ներկայացուց Մայր Աթոռի առօրեայ գործունէութեան ընթացքին պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ ծագած խնդիրները։ Ըստ ներկայացուած զեկոյցին՝ դժուարութիւններ արձանագրուած են բարեգործական ու կրթական ծրագիրներ իրականացնելու, գոյքային իրաւունքները արձանագրելու եւ շինարարական արտօնութիւններ տրամադրելու գործընթացներուն մէջ։
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը այս հարցերը դիտարկեց նաեւ Եկեղեցւոյ ընկերային եւ կրթական գործունէութեան տեսանկիւնէն։ Ժողովականները ընդգծեցին, որ հոգեւոր-խնամատարական, կրթական եւ բարեգործական ծրագիրներու խափանումը կրնայ անդրադառնալ մասնաւորաբար նոր սերունդի կրթական-դաստիարակչական աշխատանքներուն եւ Եկեղեցւոյ բազմաբնոյթ ծառայութիւններուն վրայ։
Եռօրեայ ժողովի օրակարգը, սակայն, միայն եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններով չսահմանափակուեցաւ։ Քննութեան առնուեցաւ նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը կանոնակարգող փաստաթուղթերը ամբողջացնելու աշխատանքը։
Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Արա Զօհրապեան ներկայացուցին այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, որմէ ետք որոշուեցաւ շարունակել փաստաթուղթերու մշակումը՝ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքներուն եւ նուիրագործուած աւանդութիւններուն համապատասխան։
Անջատ ուշադրութեան արժանացաւ հոգեւորական նոր սերունդի պատրաստութիւնը։ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Տ. Յուսիկ Աբղ. Սմբատեան ներկայացուց ճեմարանի գործունէութիւնը՝ անդրադառնալով նոր դիմողներ ներգրաւելու, կրթութեան որակը բարձրացնելու եւ դասախօսական կազմը ամբողջացնելու աշխատանքին։
ԳՀԽն անհրաժեշտ նկատեց վերատեսութեան ենթարկել ուսումնական ծրագիրները, առարկաներու ցանկն ու դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը, խորացնել սաներու աստուածաբանական գիտելիքները եւ զարգացնել անոնց հովուական պատրաստութիւնը՝ Եկեղեցւոյ համար գիտակ եւ նուիրեալ հոգեւորականներ պատրաստելու նպատակով։
Քրիստոնէական դաստիարակութեան ոլորտին մէջ եւս նոր աշխատանքներ կը նախատեսուին։ Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Եպս. Բաղումեան ներկայացուց համայնքներուն մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմակերպման համար հոգեւոր հովիւներուն տրամադրուելիք ուղեցոյց-ձեռնարկի պատրաստութիւնը, կիրակնօրեայ դպրոցներու միասնական համակարգի ձեւաւորումը եւ համապատասխան ուսումնական նիւթերու մշակումը։
ԳՀԽն յանձնարարեց թեմերուն եւ հոգեւոր հովիւներուն հետ գործակցաբար ընդլայնել կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութիւնը եւ քաջալերել երեխաներու ու պատանիներու մասնակցութիւնը հոգեւոր-կրթական ծրագիրներուն։
Ժողովին ընթացքին քննութեան առնուեցան նաեւ թեմերու գործունէութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ այլ հարցեր։ Եռօրեայ աշխատանքները եզրափակուեցան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։

