İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ ԻՐ 97ԱՄԵԱԿՆ ՈՒ ՉԱՐԽԱՓԱՆԻ ՕԾՄԱՆ 40ԱՄԵԱԿԸ

Թերթիս պատուակալ աշխատակից Պր. Սարգիս Պահարօղլու կը տեղեկացնէ.-

Նիւ Եորքի Ուաշինկթըն Հայթս թաղամասին մէջ կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցին, որ հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 97ամեակը, միաժամանակ ոգեկոչելով եկեղեցւոյ Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբանկարի օծման 40ամեակը։

Տօնական Ս. Պատարագին նախագահեց եւ քարոզեց Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, որուն համար Ս. Խաչ եկեղեցին յատուկ նշանակութիւն ունի։ Սրբազան Հայրը Ամերիկա իր ժամանումէն ետք իր առաջին հոգեւոր ծառայութիւնը կատարած էր այս եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ, եւ որոշ ժամանակ բնակած՝ այնտեղ։ Ս. Խաչը նաեւ, նախքան Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարի կառուցումը, ծառայած էր որպէս Առաջնորդարանի կեդրոն։

Ուաշինկթըն Հայթս թաղամասը ժամանակին ունեցած է հայկական հոծ բնակչութիւն եւ հայերու շրջանակին մէջ ծանօթ եղած է «Ուաշինկթըն հայոց» անունով։ Տասնամեակներու ընթացքին շրջանի հայկական դիմագիծը զգալիօրէն փոխուած է, սակայն Ս. Խաչ եկեղեցին կը շարունակէ պահպանել իր պատմական ներկայութիւնը։

Այս տարի կը լրանայ նաեւ եկեղեցւոյ Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբանկարի օծման 40ամեակը։ Սրբանկարը Ամերիկա բերուած էր Յակոբ սարկաւագ Ուրեանի կողմէ՝ անոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթին ժամանակ։ «Սամսոնեան» ստորագրութիւնը կրող սրբանկարը քառասուն տարի առաջ օծուած էր երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի ձեռամբ։

Օրուան խորհուրդը ամբողջացուց նաեւ ընտանեկան ու խորհրդանշական գեղեցիկ զուգադիպութիւն մը։ Սրբանկարը Ամերիկա բերած Յակոբ սարկաւագի թոռը՝ Ալեք Գէորգեան, նոյն օրը կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ՝ իւրայատուկ կերպով իրարու կապելով եկեղեցւոյ պատմութեան անցեալն ու նոր սերունդը։

Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ ռեհանի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն ետք հաւատացեալները համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր սարքուեցաւ սիրոյ սեղան եւ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Սէյրան Թօզլեան՝ դաշնակով, Անկելինա Թօզլեան՝ ջութակով, իսկ Սթեֆանի Քելէճեան իր գեղեցիկ ձայնով, հրամցուցին հայկական մեղեդիներ։

https://www.normarmara.com/150926lu.html