Մեր խմբագրապետի շիրմին շուրջ հաւաքուեցան «Մարմարա»ի ընտանիքն ու իր իսկական բարեկամները
…
Շաբաթ օր, մեր հանգուցեալ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ, «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի ընտանիքն ու բարեկամներ, որոնք վառ կը պահեն իր յիշատակը, համախմբուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Կանգնեցան Հատտէճեան ընտանիքի դամբարանին մօտ, աղօթքով, յուզումով ու խոր կարօտով ոգեկոչելու անձ մը, որ շուրջ եօթանասուն տարի իր կեանքը, գրիչը, միտքն ու հոգին նուիրեց այս համայնքին։
Օրը, սակայն, մեզի համար միայն յիշատակի ու աղօթքի օր չեղաւ։ Ան դարձաւ նաեւ դառն խորհրդածութեան առիթ։
Հազիւ 50-60 հոգի ներկայ էին շիրմին մօտ այն խմբագրապետին, որ տասնամեակներ շարունակ իր թերթին էջերը բաց պահած էր ամբողջ համայնքին առջեւ։ Եօթանասուն տարի գրեթէ ամէն օր ԱՆ գրած էր մեր մարդոց մասին։ Երգիչը, արուեստագէտը, ուսուցիչը, մտաւորականը, բարերարը, ազգային ու համայնքային գործիչը, վարժարանը, եկեղեցին, միութիւնը, հաստատութիւնը՝ բոլորը իրենց գործունէութեան, յաջողութեան, վաստակի կամ ծառայութեան վկայութիւնը այս կամ այն կերպով ստացած էին նաեւ Ռ. Հատտէճեանի գրիչէն կամ անոր խմբագրած «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի էջերէն։
ԱՆ ուրախացած էր անոնց յաջողութիւններով, արձանագրած՝ անոնց վաստակը, արժեւորած՝ ծառայութիւնները։ Շատերուն անունները ԱՆ իր գրիչով յանձնած էր համայնքի հաւաքական յիշողութեան։
Իսկ Շաբաթ օր անոնցմէ շատերը բացակայ էին։
Այս բացակայութիւնը դժուար էր չնկատել եւ աւելի դժուար՝ չզգալ։
Թերեւս մէկը չուզեց իր շաբաթավերջէն քանի մը ժամ տրամադրել։ Ուրիշ մը անհրաժեշտ չնկատեց ներկայ գտնուիլ։ Իսկ մեր համայնքային կառոյցներու եւ մարմիններու այն ներկայացուցիչները, որոնց գործունէութեան այնքան լայն տեղ տուած էր Հատտէճեանի «ՄԱՐՄԱՐԱ»ն, գրեթէ ամբողջութեամբ բացակայ էին, բացառութեամբ ԵՐԵՔ հոգիի։
Այս պատկերը հարցում մը կը պարտադրէր մեր միտքերուն մէջ. արդեօք գիտե՞նք յարգել մեր արժէքները, երբ այլեւս անոնցմէ ակնկալութիւն չունինք։
Շաբաթ օրուան բացակայութիւնները այնքա՜ն խօսուն էին։
Մանաւանդ այսօր, երբ հայատառ մամուլը իր գոյութեան ամենադժուար ժամանակաշրջաններէն մէկը կ’ապրի, այս պատկերը շատ աւելի ծանր իմաստ կը ստանայ։ Հայերէն թերթը ոմանց համար այլեւս անհրաժեշտութիւն չէ։ Չեն կարդար, չեն հետեւիր, երբեմն չեն իսկ գիտեր, թէ ի՛նչ կը կատարուի անոր էջերուն մէջ։ Եւ երբ հայատառ թերթէն ակնկալութիւն ալ չունին, կարծես անոր ետին ամբողջ կեանք մը մաշեցուցած մարդուն նկատմամբ պարտք ալ չեն զգար։
Բայց եւ այնպէս, Շաբաթ օր Ռ. Հատտէճեան առանձինն չէր։
Իր շիրմին շուրջ էին «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի ընտանիքը եւ այն մարդիկ, որոնք իսկապէս սիրած ու գնահատած էին զինք։ Անոնք եկած էին ո՛չ թէ պարտականութիւն մը կատարելու, ո՛չ թէ ներկայութիւն մը արձանագրելու, այլ որովհետեւ իրենց սրտին մէջ տակաւին կենդանի էր Ռ. Հատտէճեանը։
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Տաներէց Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Մխիթարեան Ուխտէն Հ. Յակովբոս Վրդ. Չօփուրեան իրենց աղօթքներով ոգեկոչեցին Ռ. Հատտէճեանն ու իր կողակիցը՝ Սիւզան Հատտէճեանը։ Անոնց աղօթասացութիւնը խորապէս յուզեց ներկաները եւ սփոփանք բերաւ բոլորին։ Արարողութիւնը ամբողջացուց սիրելի Մարալ Այվազի գեղեցիկ ու հոգեթով երգեցողութիւնը։ Անոր ձայնը, միախառնուած հոգեւորականներու աղօթքներուն, առանձնայատուկ խորհուրդ տուաւ բոլոր պահերուն։
Այդ քանի մը տասնեակ մարդոց աղօթքն էր, որ Շաբաթ օր Հատտէճեան ամոլին հոգւոց հանգստութեան համար երկինք բարձրացաւ։
Կ’արձանագրենք պատմութեան համար.
Չորս հոգեւորական։
Միակ ազգային բարերար մը։
Հայերէնի միակ ուսուցիչ մը։
Համայնքային հաստատութիւններէն երեք ներկայացուցիչ։
Ո՛չ մէկ տնօրէն։
Եւ… իսկական բարեկամներ։
Թիւը փոքր էր, բայց սէրը՝ անկեղծ։
Այո՛, մենք պիտի ուզէինք, որ այդ շիրմին շուրջ շատ աւելի մեծ բազմութիւն մը ըլլար։ Պիտի ուզէինք տեսնել բոլոր անոնք, որոնց անունները տարիներ շարունակ տեղ գտած էին Հատտէճեանի գրութիւններու ու «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի էջերուն մէջ։ Պիտի ուզէինք, որ մեր հաստատութիւնները իրենց ներկայութեամբ ըսէին պարզապէս՝ «Մենք չենք մոռցած»։
Այդպէս չեղաւ։ Այս իրողութիւնը մեզ տխրեցուց եւ յուսախաբութիւն պատճառեց, բայց ոչի՛նչ պակսեցուց Ռ. Հատտէճեանի մեծութենէն։
ՄԱՐՄԱՐԱ
Լուսանկարներ՝ ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐ

