Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ հայազգի երկու եղբայրներ՝ 20ամեայ Ալեքս Բազինեան եւ անոր 15ամեայ եղբայրը՝ Նարեկ Բազինեան, իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով 6 տարեցներ փրկեցին հրդեհի մատնուած խնամքի հաստատութենէ մը։
Դէպքը պատահեցաւ 11 Սեպտեմբերին, Մաունթըն Սթրիթի վրայ, տարեցներու խնամքի հաստատութեան մէջ։ Երբ եղբայրները նկատեցին հրդեհը, շէնքէն դուրս գտնուող բուժքոյր մը օգնութիւն կը կանչէր։ Հասկնալով, որ ներսը տարեցներ մնացած են, անոնք անմիջապէս օգնութեան փութացին։
Նարեկ նախ փորձեց պարտէզի ջրելու խողովակով հակազդել բոցերուն։ Սակայն երբ կրակը սկսաւ արագ տարածուիլ եւ ներսէն օգնութեան կանչեր լսուեցան, երկու եղբայրները որոշեցին մտնել շէնք։
Ներսը կը գտնուէին 2 բուժքոյր եւ 6 տարեցներ, որոնց մեծ մասը ի վիճակի չէր ինքնուրոյն քալելու։ Ալեքս եւ Նարեկ, բուժքոյրերուն եւ օգնութեան հասած երկու դրացիներու հետ, մէկ առ մէկ դուրս բերին տարեցները՝ թանձր ծուխի եւ տարածուող բոցերու մէջէն։
Բոլոր տարեցները անվտանգ դուրս բերուեցան եւ փոխադրուեցան շէնքին դիմացի պարտէզը։ Վերջին անձը դուրս հանելէն անմիջապէս ետք շէնքէն ուժեղ պայթում մը լսուեցաւ։ Հրշէջներու սկզբնական գնահատումով՝ հաւանաբար պայթած էր թթուածինի պալոն մը, որուն հետեւանքով շէնքին մէկ մասը փլուզուեցաւ։
Երկու եղբայրները դարձան օրուայ հերոս. թէ՛ լրատու գործակալութիւնը, թէ՛ հեռատեսիլի կայաններ իրենց հաղորդումներուն մէջ գովեստով անդրադարձան Բազինեան եղբայրներու մարդասիրական սխրանքին։

