Երգահան, գործիքաւորող եւ դաշնակահար Արի Ալիճիեան (Արի Հալաճեան) երաժշտական նոր նախագիծով մը կ’ոգեկոչէ հայ երաժշտութեան յայտնի դէմքերէն Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 100ամեակը։ Այս առիթով պատրաստուած «Խաչատուր Աւետճիսեան, ձօն հարիւրամեակի. 1926-2026» (Թպհժպհէաի Հչդէսմփհո — Հ Ժդոէդոհիփ Էիսշաէդ | 1926–-2026)) ալպոմը նոր մեկնաբանութիւն մը կը բերէ Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններուն, պահպանելով անոնց ինքնատիպ երաժշտական նկարագիրը։<Վ30Կ»
Նախագիծին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Արի Ալիճիեան՝ դաշնակով, Մարիաննա Գէորգեան՝ քանոնով, Սերճան Հալիլի՝ դասական քամանչայով, Ալթուղ Էօնճիւ՝ ուտով, եւ Սեւան Ինեափան՝ քանոնով։ Դաշնակի եւ արեւելեան լարային նուագարաններու զանազան հնչերանգներուն համադրութեամբ՝ Խաչատուր Աւետիսեանի ծանօթ երաժշտական աշխարհը կը ներկայանայ նոր գործիքաւորումներով ու մեկնաբանութեամբ։
Ալպոմին մէջ ներառնուած է նաեւ Արի Ալիճիեանի հեղինակած «Ռոմանս Խաչատուր Աւետիսեանի համար» (<Վ30Կ»ճկհոժդ վճի Թպհժպհէաի Հչդէսմփհո<Վ255Ւ» ստեղծագործութիւնը, որ յատկապէս գրուած է իբրեւ ձօն՝ Խաչատուր Աւետիսեանի յիշատակին եւ արուեստին։
Ընդհանուր ութ ստեղծագործութենէ բաղկացած ալպոմը լոյս կը տեսնէ Աւետիսեանի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով՝ իբրեւ յարգանքի տուրք հայ երաժշտութեան մէջ անոր թողած հարուստ ժառանգութեան։
Կը շնորհաւորենք Ալի Ալիճիեանն ու ընկերները եւ դիտել կուտանք որ այս ալպոմը հասանելի է գլխաւոր թուային երաժշտական հարթակներուն վրայ։

