Այսօր տխուր լուր մը ունինք մեր ընթերցողներուն։ Մեծ ցաւով կը գուժենք Շիշլի Մարզական Ակումբի վարչութեան անխոնջ անդամներէն Ատենադպրուհի Տիկին Տիանա Ալթունի անժամանակ մահը։
Երէկ, 3 Սեպտեմբերի իրկնային ժամերուն ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ սկսաւ տողանցել բօթը, ցաւակցական գրառումներով միասին։
Մեզի համար ալ այս կորուստը սովորական մահուան լուր մը չէ։ Շուրջ տասնամեակ մը Տիանան էր Շիշլիէն մեզի հասնող ձայնը։ Ակումբի լուրը, ձեռնարկը, յաջողութիւնը կամ նորութիւնը ան կը փոխանցէր «Մարմարա»ին՝ միշտ նոյն պատասխանատուութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ։ Երբեմն լուսանկար մը, երբեմն ընդարձակ տեղեկատուութիւն, երբեմն ալ կարեւոր մանրամասնութիւն մը, զոր չէր ուզեր մոռցած ըլլալ։ Իրեն համար կարեւոր էր, որ Շիշլիի մարզական ակումբի գործունէութիւնը իր արժանի տեղը գտնէր հայ մամուլի էջերուն վրայ։ Այդ կապը տարիներու ընթացքին այլեւս սովորական աշխատանքային հաղորդակցութիւն մը չէր. դարձած էր այնքան բնական, որ այսօր դժուար է հաշտուիլ այս նոր իրականութեան։
Շուրջ երեք տարիէ ի վեր ան կը պայքարէր անողոք հիւանդութեան դէմ։ Պայքար բառը այս պարագային պարզ արտայայտութիւն մը չէր։ Տիանա իսկապէս կը պայքարէր՝ յամառօրէն, լուռ եւ հաւատքով։ Ամէն անգամ, երբ հիւանդութիւնը նոր օճախ մը կը գտնէր իր մարմնին մէջ, ան դարձեալ կը հաւատար, թէ այս մէկն ալ պիտի յաղթահարէ։ Կը տկարանար մարմինը, բայց չէր տկարանար ապրելու կամքը։ Նոյնիսկ իր ամենէն դժուարին օրերուն կը ջանար չթերանալ իր պարտականութիւններուն մէջ եւ մնալ այն Տիանան, զոր բոլորը ճանչցած էին՝ աշխատասէր, պատասխանատու եւ ժպտադէմ։
Բայց երկար պայքարէն յոգնած մարմինը այս անգամ չկրցաւ դիմադրել։ Թոքատապը վերջնականապէս զգետնեց զինք եւ մահուան առաջնորդեց, խոր սուգի մատնելով իր միակ դուստրը՝ Սարին Ինանը, Շիշլիի ընտանիքն ու բարեկամներու լայն շրջանակը։
Ամենադժուարը, սակայն, Սարինին բաժին ինկած այս անփոխարինելի կորուստն է։ Խօսքեր իսկապէս չկան մխիթարելու զաւակ մը, որ կը կորսնցնէ իր մայրը։ Ինչպէ՞ս մխիթարել սիրելի Սարինը, որ այսուհետեւ պիտի փնտռէ մօր ձայնը, հայեացքը, գուրգուրանքն ու այն ապահով ներկայութիւնը, որուն տեղը ոչ ոք կրնայ լեցնել։
Մեզի կը մնայ միայն խոնարհիլ Տիանայի յիշատակին առջեւ եւ ըսել՝ շնորհակալ ենք այն բոլոր տարիներուն համար, երբ ան իր նուիրումով Շիշլիի եւ «Մարմարա»ի միջեւ կամուրջ մը եղաւ։
Սիրելի՛ Տիանա, այս անգամ լուրը դուն չփոխանցեցիր մեզի։ Այս անգամ, ի՜նչ մեղք որ մենք կը գրենք քու լուրը։ Ու որքան պիտի ուզէինք, որ այս մէկը երբեք գրելու հարկադրութեան տակ չըլլայինք։
ՄԱՐՄԱՐԱ իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնէ սիրելի Սարին Ինանին, Տիանա Ալթունի հարազատներուն, Շիշլի Մարզական Ակումբի ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք այսօր կը սգան այս անժամանակ կորուստը։

