İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԵՔ ԼԵԶՈՒ ՄԷԿ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ՝ «ԲԱՌԳԻՐՔ» ՆՈՐ ԲՋՋԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Հայերէնի գործածութիւնը արդի արհեստագիտութեան միջոցներով դիւրացնելու նոր նախաձեռնութիւն մը եւս կու գայ միանալու առկայ բառարանային հարթակներուն։ Նախկին պոլսահայ Վարդ-Յակոբ Նշանեանի հեղինակութեամբ պատրաստուած «Բառգիրք» (Parkirk) բջջային ծրագիրը մէկտեղած է հայերէն, թրքերէն եւ գերմաներէն բառապաշար՝ առաջարկելով արագ ու գործնական որոնման նոր կարելիութիւններ։

Ծրագիրը անվճար հասանելի է թէ՛ ԱյՖոն թէ Անտրոիտ հեռաձայններ գործածողներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

***

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ իրականացած է բառարանային համեստ ծրագիր մը, որ կը դիւրացնէ հայերէն, թրքերէն եւ գերմաներէն բառերու փնտռտուքն ու ապահովումը՝ անձնական բջջայինի («խելախօս», Smartphone)-ի միջոցով։ Ծրագրի կը կոչուի «Բառգիրք» ( Parkirk), բաց է հանրութեան ու կարելի է ներբեռնել անվճար՝ AppStore (iPhone) կամ Google Play Store- (Android)-ի վրայէն։

https://play.google.com/store/apps/details?:id=com.nis.newhayapp&pcampaignid=web_share

Ծրագրի հեղինակն է նախկին պոլսահայ Վարդ-Յակոբ Նշանեան։ Շեշտենք, որ այս ծրագիրը լրացուցիչ դեր մը կը խաղայ գոյութիւն ունեցող հանրածանօթ «Նայիրի» բառարանային հարթակին եւ «Կուկըլ» թարգմանիչին։ Վեց գլուխներէ բաղկացած կոկիկ ընտրացանկ մը կ’առաջնորդէ հետեւեալ շարքով՝ գլխաւոր էջ, կրճատումներ, օգտագործման ուղեցոյց, անձնական բառարան, ծրագրի մասին, կապի հաստատում։

Հետեւեալ նորութիւնները բերուած են՝

1.- Որոնում լատինատառով։ Հայերէն բառի մը որոնումը կարելի է իրագործել նաեւ լատիներէն տառերով։ Այս ուղղութեամբ հնչիւնաբանական տարբեր համակցութիւններ նկատի առնուած են։

2.- Անձնական բառարան։ օգտագործողը կրնայ բառի մը որոնման արդիւնքը ապահովել «անձնական բառարանս» խորագրի տակ։ Սեղմելով համապատասխան պատկերակը կարելի է ապահովուած բառերը կարդալ, դասաւորել, եւ ի հարկին՝ նաեւ ջնջել։

3.- Աստղանիշ (*)։ Որոնուած բառը կարելի է մուտքագրել նաեւ կրճատուած ձեւով։ Տուեալ բառի առաջին քանի մը տառերը յաջորդող աստղանշան մը կու տայ այդ տառակազմով սկսող եզրերու ցանկը։ Ի դէպ, բառարանի գործածութիւնը չբեռնաւորելու համար այս բացառիկ հնարաւորութիւնը սահմանուած է այժմ 50 բառով։

4.- Լեզուական ընդարձակում։ Ներդրուած չորս բառարաններէ բաղկացող այս ծրագիրը կարելի է նոյնսիսկ ընդլայնել այլ լեզուներով։ Հեղինակի թոյլատուութեամբ կարելի կը դառնայ ընդլայնել թէ՛ անփոփոխ, թէ՛ որոշ լրացումներով ու սրբագրութիւններով։ 

Այս ուղղութեամբ ծրագրիս հեղինակը՝ զուտ փորձարկման գծով, տեղեկատուական մարզէն (Computer technology) թրքերէնէ-հայերէն բառարանին աւելցուցած է մասնագիտական մօտաւորապէս 100 եզրեր։ Յաւելեալ եզրերը օժտուած են յատուկ նշանով մը՝ բնագրէն զանազանելու համար։ Ի դէպ, այս ցանկը կարելի է յառաջիկային հասցնել մօտ 1.000-ի։

5.- Մշտական կապ։ Ծրագրի հետ առնչուող նկատողութիւններն ու առաջարկները կարելի է ուղղակի հեղինակին տեղեկացնել ել-նամակի (Դ-Կհսլ) միջոցով։ 

Դր. Համբարձում Ա. Յարթունեան

Վիեննա, 1 Սեպտեմբեր 2026 

https://www.normarmara.com/030926lu.html