İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Սեպտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, Պատրիարքական ամարանոցին մէջ ընդունեց ԱՄՆ-ու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանը, ընկերակցութեամբ ԱՄՆ-ու Ս. Ներսէս Ճեմարանի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չէվեանի։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Կղզեաց քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Հ. Ճոն Վրդ. Ուիլի։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ ԱՄՆ-ու Արեւելեան Թեմի ուխտաւորներու խումբը արդէն իսկ պատրաստ է դէպի Ստանպուլ ճամբորդելու։ Շաբաթավերջի ուխտնագնացութեան սեմին թեմէն ներս մեծ հետաքրքութիւն ստեղծուած է։ Իսկ ուխտնագնացութեան նախօրեակին քաղաքս ժամանելով, Սրբազանը առիթը ունեցած է հոգեւոր եւ մշակութային վայրերը մօտէն տասնելու։

Ան այցելած էր Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատունը, ուր պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու, հոգեւորականներու, մտաւորականներու յիշատակին առջեւ աղօթած էր։ Այցելելով նաեւ Սկիւտարի Գերեզմանատունը, առիթը ունեցած էր իր հոգեւոր ծնող՝ Երջանկայիշատակ Շահան Արքեպս. Սվաճեանի շիրմին մօտ հանգստեան աղօթք արտասանելու։ Իսկ հուսկ, ժամանած էր Գնալը Կղզի, ուր այցելած էր 22 տարիներ առաջ։

Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ անցեալ տարի դէպի ԱՄՆ տրուած այցելութեան, որուն հետեւանքը եղած էր այս ուխտագնացութեան կազմակերպութիւնը։ Տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ թեմական կեանքի եւ ի մասնաւորի Ս. Ներսէս Ճեմարանի ներկային մասին։

Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց Մեսրոպ Եպիսկոպոսին ու Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ.ին։ Շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ներկայութեան համար, Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան մասին եւ մաղթեց որ շաբաթավերջի հանդիսութիւնները լաւագոյնս կատարուին։ Պատրիարք Հայրը մեծ ուխարութիւն յայտնեց, որ ԱՄՆ-էն շուրջ ութսուն հոգինոց խումբը պիտի տեսնէ Ստանպուլը, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի պատմական ուխտագնացութեան։ Այս մասնակցութիւնը վստահաբար թէ՛ պիտի նպաստէ իրենց հոգեւոր զարգացման եւ թէ՛ պիտի ներշնչէ իրենց եկած շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդին։

Հանդիպման աւարտին, Մեսրոպ Եպիսկոպոս յիշատակի նուէր յանձնեց Պատրիարք Հօր։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad