İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ՝ ԲՈՅՐԻ ՄԸ ՄԷՋ. ՍԵՍԻԼ ԶԱՐՈՔԵԱՆԻ «ԱՆԻ»Ն

Ֆրանսահայ հանրածանօթ օծանելիքագործ (բուրագործ) Սեսիլ Զարոքեանի ստեղծագործութիւններէն «Անի» օծանելիքը ուշագրաւ ներկայութիւն մը դարձած է միջազգային շքեղ բուրաշխարհին մէջ։ Բոյրը ստեղծուած է Իսթանպուլի մէջ ծնունդ առած «Նիշանէ» օծանելիքի տան համար։ Այս նոր բոյրը, իր անունով ու ներշնչման աղբիւրով՝ «Անի-Նիշանէ»ն ուղղակիօրէն կը տանի դէպի պատմական Անի։ Պատմական Անիի անունը, այս անգամ ոչ թէ միայն քարերու եւ յուշարձաններու, այլ բոյրի մը միջոցով, Իսթանպուլէն կը տարածուի դէպի աշխարհի օծանելիքի շուկայ՝ իր ետին ունենալով հայազգի Սեսիլ Զարոքեանի ստեղծագործական ստորագրութիւնը։

«Անի»ն իրականութեան մէջ նոր արտադրութիւն մը չէ. ան առաջին անգամ ներկայացուած է 2019ին եւ տարիներու ընթացքին դարձած է «Նիշանէ»ի ամենաճանչցուած բոյրերէն մէկը։ Ընկերութիւնն իսկ զայն կը ներկայացնէ իբրեւ իր խորհրդանշական վանիլային բոյրերէն մէկը։

Ուշագրաւ է մանաւանդ անոր ստեղծագործական պատմութիւնը։ Զարոքեան ներշնչուած է Անիի աւերակներէն, որոնք ներառնուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ եւ «Սարի աղջիկ-Սարը կելին» երգէն։ «Նիշանէ»ն այս ներշնչումը կը մեկնաբանէ իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ մշակութային սահմանները յաղթահարելու եւ հասարակաց ժառանգութիւնը ընդգծելու խորհրդանիշ։ «Անի»ն ալ մաս կը կազմէ օծանելիքի տան «Առանց սահմաններու» հաւաքածոյին։

Բոյրին կառուցուածքին մէջ վանիլը կը միանայ պերկամոթի, կապոյտ կոճապղպեղի եւ վարդագոյն պղպեղի թարմ երանգներուն։ Բոյրին մէջ տեղ կը գտնեն սեւ հաղարջը, թրքական վարդն ու հիլը (քաքուլէ), իսկ խորքը կը կազմեն մայրիի փայտը, փաչուլին, վանիլը, պենզոյինը, ճանդանը եւ այլ ջերմ բոյրեր։

«Անի»ն ներկայիս կը վաճառուի նաեւ Թուրքիոյ հանրայայտ առեւտրական կեդրոններու եւ շքեղ վաճառատուներուն մէջ։ Մասնաւորաբար զայն իր տեսականիին մէջ ունի «Պէյմէն»ը։ «Նիշանէ»ն քաղաքիս մէջ ունի նաեւ սեփական վաճառատուն։

https://normarmara.com/010926lu.html