İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ

Սարգիս Պահարօղլու կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-

Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ շուտով սկիզբ պիտի առնեն վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներ։ Երկու տարուան պատրաստութենէ ետք ամբողջացած ծրագիրը կը նախատեսէ ո՛չ միայն Մայր Տաճարի հիմնական նորոգութիւնն ու պահպանումը, այլ նաեւ արդիական նոր յարմարութիւններու ստեղծումը։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, 30 Մայիս Կիրակի մատուցուած Ս. Պատարագէն ետք, օրհնեց վերանորոգութեան աշխատանքներու խորհրդանշական սկիզբի համար պատրաստուած բահը եւ զայն յանձնեց ծրագրի իրականացման յանձնախումբին։

Երկու տարուան ընթացքին մշակուած ծրագիրով Ս. Վարդան Մայր Տաճարը պիտի օժտուի նոր փողաւոր երգեհոնով։ Պիտի կառուցուի նաեւ 24 հոգինոց երգչախումբի համար նախատեսուած վերնատուն եւ պիտի տեղադրուին ձայնաբանական նոր վահանակներ՝ տաճարի հնչողութեան պայմանները բարելաւելու նպատակով։

Վերանորոգութեան ծիրին մէջ պիտի արդիականանան նաեւ օդափոխութեան եւ ձայնային համակարգերը, իսկ տեսագրութեան համար պիտի օգտագործուին ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները։

Աշխատանքները նախատեսուած են ամբողջացնել մինչեւ 2028 թուականի Ս. Զատիկը։

Վերանորոգութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին եկեղեցական արարողութիւնները պիտի շարունակուին մերձակայ կաթողիկէ մատրան մէջ՝ 325 East 33rd Street հասցէով։ Առաջին արարողութիւնը այնտեղ նախատեսուած է 13 Սեպտեմբերին։

https://normarmara.com/010926lu.html