İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՎԱՊի ժողովի լոյսին տակ – 5

ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ՝ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Վերջին օրերուն «ԷՐՎԱՊի ժողովի լոյսին տակ» սիւնակով հանգամանօրէն անդրադարձանք կարեւոր քննարկումներուն։ Փորձեցինք ո՛չ միայն հաղորդել ըսուածը, այլ նաեւ հասկնալ անոր ետին կանգնած մտահոգութիւնները։ Այսօր, շարքի վերջին հանգրուանին, այլեւս անջատ ելոյթներու մասին չէ մեր խօսքը։ Այժմ այլեւս եզրակացութիւններ պէտք է ընել քննարկումներու ընդմէջէն։

Առաջին հաստատումը դժուար չէ։

ԷՐՎԱՊ-ի ժողովը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ մեր համայնքին գլխաւոր խնդիրը միայն դրամի պակասը չէ։ Այո՛, դպրոցներու բացերը մտահոգիչ են։ Աշակերտութեան թիւը կը նուազի, ծախսերը կը բարձրանան, եկամուտներու եւ պարտաւորութիւններու միջեւ տարբերութիւնը կը մեծնայ։ Բայց եթէ հարցը միայն դրամ ըլլար, լուծումը հաւանաբար շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար։

Մեր իսկական դժուարութիւնը ունեցած-չունեցածը հասարակաց նպատակի մը շուրջ կազմակերպելու կարողութիւնն է։ Համայնքին մէջ կան միջոցներ։ Կան կալուածներ, եկամուտ ունեցող հաստատութիւններ, նուիրատուներ, մասնագիտական կարողութիւն եւ մարդկային ներոյժ։ Միայն թէ այդ բոլորը նոյն ուղղութեամբ չեն շարժիր։ Իւրաքանչիւր հաստատութիւն բնականաբար նախ իր պատասխանատուութիւնը կը դնէ առաջին գծի վրայ, մինչդեռ այսօրուան պայմանները այլեւս մեզ կը պարտադրեն սեփական սահմաններէն անդին նայիլ։

Ժողովի ընթացքին բազմիցս հնչեց «համերաշխութիւն» գաղափարը, մինչդեռ համերաշխութիւնը միայն բարոյական կոչով չի ստեղծուիր։ Ան պէտք ունի համակարգի։

Ահա այստեղ է ԷՐՎԱՊի հիմնական փորձութիւնը։

Իրաւական կարգավիճակ չունենալը իրական սահմանափակում մըն է, բայց չի կրնար ամէն անգամ դառնալ անգործութեան արդարացում։ ԷՐՎԱՊ կարգ մը հարցերու մէջ պարտադիր որոշում կայացնելու իրաւասութիւն չունի, սակայն կրնայ ունենալ ուրիշ, նոյնքան կարեւոր ոյժ մը՝ համակարգելու, տեղեկութիւն հաւաքելու, թափանցիկութիւն ստեղծելու, ընդհանուր առաջնահերթութիւններ ճշդելու եւ համաձայնութիւն գոյացնելու ուժը։

Ասոր համար նախ անհրաժեշտ է ճշգրիտ պատկեր ունենալ։

Ո՞ր դպրոցը որքան բաց ունի։ Ո՞ր հաստատութիւնը որքան եկամուտ։ Ո՞ւր կայ անշարժ գոյք, որ բաւարար արդիւնք չի տար։ Ի՞նչ ծախսեր կարելի է հասարակաց դարձնել։ Ո՞ր կառոյցը այսօր օգնութեան կարիք ունի, իսկ ո՞ր կառոյցը կրնայ ուրիշի մը ձեռք երկարել։ Առանց ամբողջական եւ ժամանակին փոխանցուած տուեալներու՝ որեւէ «հաւաքական լուծում» կը մնայ որպէս բարի ցանկութիւն։

Այս իմաստով, թափանցիկութեան պահանջը երկրորդական մանրամասնութիւն չէր։ Հասարակաց դրամի մասին կարելի չէ խօսիլ առանց հասարակաց վստահութեան, իսկ վստահութիւն կարելի չէ կառուցել կիսատ եւ «թաքցուած» տեղեկութեան վրայ։

Այսօր անհրաժեշտ է ո՛չ թէ տարուէ տարի նոր բաց մը փակելու համար միջոց փնտռել, այլ յստակ պատասխան տալ շատ աւելի դժուար հարցումի մը.

Տասը տարի ետք ինչպիսի՞ հայկական կրթական համակարգ կ’ուզենք ունենալ Պոլսոյ մէջ։

Աշակերտութեան նուազումը վիճակագրութիւն չէ միայն։ Ան ռազմավարական խնդիր է։ Եթէ ժողովրդագրական իրականութիւնը փոխուած է, պէտք է փոխուի նաեւ մեր ծրագրաւորումը։

Սակայն այստեղ պէտք է զգոյշ ըլլալ։ «Դպրոց փակել» կամ «դպրոց միացնել» արտայայտութիւնները դիւրութեամբ կարելի է արտասանել ժողովասրահի մը մէջ։ Դպրոցը սակայն հաշուապահական տող մը չէ, որ երբ վնաս կ’արձանագրէ՝ կը ջնջուի։ Ուստի որեւէ ծանր որոշում պէտք է ըլլայ վերջին միջոցը, այլ ոչ թէ առաջին դեղագիրը։

Ժողովէն մեզի մնացած ամենակարեւոր մտածումներէն մէկն ալ պատասխանատուութեան հարցն է։ Վարչութիւններ կ’ընտրուին որոշ ժամանակաշրջանի մը համար։ Ատենապետներ կը փոխուին։ Անունները կու գան ու կ’երթան։ Հաստատութիւնները, սակայն, պէ՛տք է մնան։ Հետեւաբար վարչական պաշտօնը սեփականատիրութիւն չէ։ Ան ժամանակաւոր հոգատարութիւն է հասարակաց ժառանգութեան նկատմամբ։

Դժբախտաբար մեր Թաղային Խորհուրդները, մեր խնամակալութիւններն ու Հոգաբարձութիւնները որպէս «իրենց սեփական կալուածը, հաստատութիւնը, դրամը» կը տեսնեն այն ժառանգութիւնը, զոր ղեկավարելու պաշտօնը «առժամաբար» եւ «ընտրութեան միջոցաւ» վստահուած է իրենց։

Կը մոռնան որ այդ «հարստութիւն»ը համայնքապատկան կալուածներէն կը գոյանայ։ Կը մոռնան կամ անտես կ’առնեն այն իրողութիւնը թէ դպրոց մը միայն զայն մատակարարող հիմնարկինը չէ։ Եկեղեցի մը միայն իր թաղինը չէ։ Մշակութային կառոյց մը միայն իր անդամներունը չէ։

Այս ժողովին արժէքը պիտի չափուի ո՛չ թէ անոր ընթացքին արտասանուած ուժեղ նախադասութիւններով, ծանր քննադատութիւններով, այլ յաջորդ ամիսներուն կատարուած աշխատանքով։

Մեր կարծիքով՝ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ պարզ եւ չափելի. ԷՐՎԱՊ իր յանձնախումբերուն միջոցով պէտք է կազմէ համայնքային հաստատութիւններու, առաջին հերթին վարժարաններու իրական եւ ամբողջական պատկերը։ Ոչ ենթադրութիւններով, ոչ ալ տարիներ առաջուան թիւերով։

Անկէ ետք կարելի է մշակել օժանդակութեան այնպիսի դրութիւն մը, ուր օգնութիւնը կախեալ չըլլայ պատահական բարերարութենէ կամ անձնական յարաբերութիւններէ։ Ով ունի՝ պէտք է գիտնայ թէ ինչո՛ւ կու տայ, ով կարիք ունի՝ պէտք է բաց կերպով ցոյց տայ թէ ինչո՛ւ կը ստանայ, իսկ համայնքը պէտք է գիտնայ թէ իր հասարակաց միջոցները ինչպէ՛ս կը գործածուին։

Եւ վերջապէս ԷՐՎԱՊի ժողովները պէտք է շարունակութիւն ունենան։ Եւ թերեւս ամենակարեւորն այն է որ նախ ԷՐՎԱՊ ի՛նք պէտք է դառնայ թափանցիկ եւ գումարէ իր ժողովները մամուլին դռնբաց ձեւաչափով, որպէսզի մամուլն ալ կատարէ իր պարտականութիւնը եւ փոխանցէ օրակարգը թէ՛ համայնքի նկատառման եւ թէ պատմութեան։ Յաջորդ հանդիպումը պէտք չէ սկսի դարձեալ նոյն խնդիրները սկզբէն պատմելով։ Պէտք է սկսի նախորդ ժողովի յանձնառութիւններու հաշուետուութեամբ.

Ի՞նչ որոշեցինք։ Ի՞նչ ըրինք։ Ի՞նչ չկրցանք ընել։ Եւ ինչո՞ւ։

Եթէ այս չորս հարցումները դառնան աշխատանքային մշակոյթ, արդէն իսկ կարեւոր փոփոխութիւն մը սկսած կ’ըլլայ։

Այս քանի մը օրերուն մեր նպատակը ո՛չ անձեր գնահատելն էր, ո՛չ ալ ԷՐՎԱՊի ժողովէն յաղթողներ ու պարտուողներ դուրս բերել։

Ժողովը ահազանգ մը հնչեցուց։ Պոլսահայ մամուլին «իրաւունք» տուաւ հաշիւ հարցնելու հաստատութիւններէն։ Հիմա պէտք է գիտնանք՝ ո՛վ ի՛նչ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ հասարակաց խնդիրներու համար։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://normarmara.com/010926lu.html