İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՐՄԱՐԱ կը բանայ 87րդ տարուան նոր էջը

ՄԻ՛ ԹՈՂՈՒՔ ՈՐ ՀԱՅ ԹԵՐԹԸ ԼՌԷ…

31 Օգոստոս 1940…։

Այս թուականով սկսաւ «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի ճանապարհը եւ այսօր, երբ կը թեւակոխենք հիմնադրութեան 87րդ տարին, սովորական տարեդարձի մը ուրախութիւնը չէ միայն, զոր կը զգանք։

Կայ նաեւ հռետորական հարցում մը, զոր այլեւս չենք կրնար չտալ մենք մեզի եւ մեր ընթերցողներուն.

Ի՞նչ կը նշանակէ հայ թերթ հրատարակել այսօր։ Եւ մինչեւ ե՞րբ կարելի է հայ թերթ հրատարակել այս պայմաններուն մէջ…։

Ժամանակները փոխուած են։ Աշխարհը փոխուած է։ Մամուլը՝ առաւել եւս։

Թուային աշխարհը արագութեամբ կը կլանէ տպագիր մամուլը։ Լուրը այլեւս չի սպասեր առաւօտեան թերթին։ Անիկա վայրկեաններու մէջ կը հասնի հեռաձայնի պաստառին, քանի մը երկվայրկեան ետք իր տեղը կը թողու ուրիշ լուրի մը, իսկ քանի մը ժամ յետոյ կը կորսուի տեղեկութիւններու անվերջ հոսանքին մէջ։

Այս հսկայական փոփոխութեան դիմաց մեծագոյն թերթերն իսկ կը պայքարին իրենց գոյութեան համար։ Իսկ ի՞նչ ըսել հայ թերթի մասին որ կը հրատարակուի փոքրամասնութեան մը մայրենի լեզուով։

Վերջին քսան տարիներուն հայ մամուլը կորսնցուց ընթերցողներու մեծ բանակ մը։ Ոմանք հեռացան կեանքէն։ Ոմանք հեռացան հայերէնէն։ Նորահաս սերունդներուն կարեւոր մէկ մասը այլեւս հայերէն չի կարդար, կամ հայերէն կարդալը իր առօրեային բնական մէկ մասը չի նկատեր։

Մեզի հետ այսօր մեծաւ մասամբ կը մնան միջին եւ երէց սերունդի այն ընթերցողները, որոնց համար հայ թերթը պարզապէս լրատուութեան միջոց չէ. անոնց համար ՀԱՅ ԹԵՐԹԸ ազգային պատկանելիութեան մէկ մասնիկն է։ Հայերէն թերթը ձեռքերուն մէջ առնել, մայրենի լեզուով կարդալ իր համայնքին լուրը, հանդիպիլ ծանօթ անունի մը, եկեղեցիի մը, դպրոցի մը, միութեան մը, մշակոյթի մարդու մը՝ սովորութիւն մը չէ միայն։ Այդ բոլորը անտեսանելի թելերով մարդը կը կապեն իր ինքնութեան։

Շա՜տ կը ցաւինք տեսնելով, որ համայնքին մէջ հետզհետէ կը նահանջէ գիտակցութիւն մը, որ անցեալին գրեթէ բնական էր.

Հայ թերթը համայնքին պատմութիւնը կը գրէ։

Այսօր մեր թերթին մէջ հրատարակուած համայնքային փոքր լուր մը վաղը կրնայ թուիլ անկարեւոր։ Վարժարանի մը հանդէսը, եկեղեցւոյ մը տօնախմբութիւնը, վարչութեան մը ընտրութիւնը, երիտասարդի մը յաջողութիւնը, մշակութային ձեռնարկ մը, մահագրութիւն մը, համայնքային հարցի մը շուրջ բանավէճ մը…

Բայց երբ անցնին քսան, յիսուն կամ հարիւր տարիներ, եւ նոյն այդ փոքր լուրը կը դառնայ վկայութիւն։

Ո՞վ կար։ Ի՞նչ ըրաւ։ Քանի՞ հաստատութիւն կը գործէր։ Ի՞նչ խնդիր ունէր համայնքը։ Ի՞նչ կը մտածէին մարդիկ։ Ինչպէ՞ս կը խօսէին, կը վիճէին, կը ստեղծագործէին եւ կը գոյատեւէին։

Պատասխանները շատ անգամ կը գտնուին թերթերու դեղնած եւ գունատ էջերուն վրայ։

Այսօր մենք մեր պատմութիւնը կը գրենք՝ առանց գիտնալու, թէ վաղը ո՛վ պիտի բանայ այս էջերը։

Ահա թէ ինչու «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի համար համայնքային լուր մը երբեք երկրորդական չէ եղած։ Ընդհակառակը՝ այդպիսի լուրեր մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւններն են։ Մենք կը փորձենք հասնիլ մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, միութիւններուն, մշակութային կեանքին, մեր մարդոց յաջողութիւններուն եւ նաեւ մեր հաւաքական խնդիրներուն։

Երբեմն փոքր լուրի մը ետին ժամերու աշխատանք կայ։ Երբեմն հեռաձայններ, ճշդումներ, թարգմանութիւններ, լուսանկարներ գտնելու աշխատանք կայ մինչեւ ուշ ժամեր։

Ընթերցողը վերջնական էջը կը տեսնէ։

Այդ էջին ետին մնացած աշխատանքը՝ ոչ միշտ…։

***

Է՜ր երբեմն…։

Եւ այսօր, մեր 87րդ տարուան սեմին, ամենածանր երկու բառերը թերեւս ասոնք են.

Է՜ր երբեմն…

Է՜ր երբեմն հայ թերթին շրջանը։

Է՜ր երբեմն, երբ թերթը սպասելի «հիւր» էր տուներու մէջ։ Երբ ընտանիքի անդամները զայն իրարու ձեռքէ ձեռք կը փոխանցէին։ Երբ համայնքային հաստատութեան մը համար բնական էր իր ձեռնարկը, շնորհակալիքը, յայտարարութիւնը կամ ծանուցումը հայ մամուլի միջոցով փոխանցել հասարակութեան։

Այդ օրերը տակաւ կը հեռանան։

Այսօր հասած ենք կէտի մը, ուր թերթին ցրւումն իսկ դարձած է դժուարութիւն։ Կան թաղեր, ուր այլեւս չենք կրնար հասցնել «ՄԱՐՄԱՐԱ»ն։ Ստիպուած ենք հետզհետէ «պարփակուիլ» աւելի մօտ թաղերու սահմաններուն մէջ։

Մինչդեռ, թերթի իւրաքանչիւր թիւ որ չի՛ հասնիր ընթերցողին, միայն չվաճառուած օրինակ մը չէ։

Անիկա փրթած կապ մըն է։

***

Նոյնքան մտահոգիչ է տնտեսական պատկերը։

Տարուան ընթացքին հազիւ 20-25 սովորական ծանուցում կը հասնի մեր էջերուն, եթէ մէկ կողմ դնենք Ամանորի, Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան շնորհաւորական ազդերը եւ տաղաւար տօներուն առիթով քանի մը հաւատարիմ Թաղային Խորհուրդներու եւ Խնամակալութիւններու ծանուցումները։

Թիւը ինքնին շատ բան կ’ըսէ։

Հայ մամուլը այսօր չի պայքարիր միայն ընթերցող պահելու համար։ Հայ թերթը կը պայքարի նաեւ իր աշխատանքը շարունակելու տարրական միջոցները ապահովելու համար։

Այս տողերը չենք գրեր գանգատելու համար։

Չենք գրեր նաեւ խղճահարութիւն հայցելու համար։

Հայ թերթ մը, որ 1940էն մինչեւ այս օրերուն հասած է, իր 87րդ տարին խղճահարութիւն խնդրելով չի սկսիր։

Բայց իրաւունք ունի իրականութիւնը ըսելու.

Եթէ մենք չգրենք՝ ո՞վ պիտի գրէ…։

Համացանցը հրաշալի կարելիութիւններ տուած է մեզի, բայց ստեղծած է նաեւ վտանգաւոր պատրանք մը. ամէն ինչ որ ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակուեցաւ, արդէն արձանագրուեցաւ։

Այդպէ՛ս չէր եւ չէ՛։

Այսօրուան հրապարակումը վաղը կը կորսուի։ Էջ մը կը փակուի, ընկերային ցանցի մը մէջ հաշիւ մը կը ջնջուի, հարթակ մը կը փոխուի, եւ տարիներու նիւթեր կրնան անհետանալ միակ կոճակի մը հպումով։

Թե՜րթը ուրիշ բան է։

Թերթը կը դասաւորէ, կը ստուգէ, կը խմբագրէ եւ կը պահպանէ։

Հայ թերթը ժամանակի աղմուկէն կը վերցնէ օրուան դէպքը եւ զայն կը յանձնէ պատմութեան։

Ուրեմն, երբ համայնք մը իր մամուլին հանդէպ անտարբեր կը դառնայ, միայն թերթ մը չէ, որ կը տկարանայ։ Կը տկարանայ համայնքին սեփական պատմութիւնը արձանագրելու կարողութիւնը։

Մենք չենք ուզեր, որ օր մը մեզմէ ետք եկողները մեր ժամանակներուն մասին տեղեկութիւն փնտռեն եւ հանդիպին դատարկութեան։

Չենք ուզեր, որ մեր դպրոցներու, եկեղեցիներու, միութիւններու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, երիտասարդներու, մեր պայքարներու ու յաջողութիւններու պատմութիւնը մնայ ընկերային ցանցերու մոռցուած հրապարակումներուն մէջ։

***

Այսօր «ՄԱՐՄԱՐԱ»ն, կորուստներով ու յաջողութիւններով կը թեւակոխէ իր առաքելութեան 87րդ տարուան ճանապարհին մէջ։

Կորսնցուցած ենք մեր երկարամեայ խմբագրապետը, սիրելի աշխատակիցներ, հաւատարիմ ընթերցողներ։ Կորսնցուցած ենք այն ժամանակներուն մէկ մասը, երբ հայերէն թերթ կարդալը համայնքային կեանքի բնական շարունակութիւնն էր։

Բայց բան մը տակաւին չենք կորսնցուցած։

Մեր պարտականութեան գիտակցութիւնը։

Քանի դեռ կայ հայերէն կարդացող մարդ մը, որ կը փնտռէ իր թերթը, մենք պարտք ունինք անոր հանդէպ։

Քանի դեռ կայ համայնքային հաստատութիւն մը, որուն պատմութիւնը պէտք է արձանագրուի, մենք պարտք ունինք անոր հանդէպ։

Քանի դեռ այս քաղաքին մէջ կը հնչէ հայերէն բառ մը, երբ իր դուռը կը բանայ հայ դպրոց մը, երբ կը ղօղանջէ եկեղեցւոյ մը զանգակը կամ իր յաջողութիւնը կ’արձանագրէ երիտասարդ մը ու կը ստեղծագործէ արուեստագէտ մը, քանի դեռ համայնքը կ’ապրի, կ’ապրի նաեւ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն։

Մենք միայն կ’ըսենք որ տակաւին հո՛ս ենք։

Բայց նաեւ կ’ուզենք, որ մեր ընթերցողները, մեր հաստատութիւնները, մեր համայնքը պահ մը մտածեն թէ արդեօք հայ թերթին գոյութիւնը միայն զայն հրատարակողներուն պատասխանատուութի՞ւնն է։

Ո՛չ։

Հայ մամուլը կը գոյատեւէ այնքան ժամանակ, որքան համայնքը անհրաժեշտ կը նկատէ անոր գոյութիւնը։

Կարդալով։

Բաժանորդագրուելով։

Ծանուցում տալով։

Լուր փոխանցելով։

Սատարելով։

Եւ ամենէն առաջ՝ գիտակցելով, թէ ինչո՛ւ պէտք է ապրի ՀԱՅ ԹԵՐԹը։

***

Այսօր մենք չենք ուզեր գրել «Է՜ր երբեմն»՝ որպէս վերջաբան։

Կ’ուզենք զայն գրել միայն որպէս յիշեցում, երբ հայ թերթը աւելի մեծ ընտանիք մը ունէր։

Վաղուան նախադասութիւնը դեռ գրուած չէ։

Զայն միասին պիտի գրենք, որովհետեւ «ՄԱՐՄԱՐԱ»ն միայն մեր այսօրուան թերթը չէ։ Ան մեր երէկուան վկայութիւնն է եւ,- այնքան ատեն որ կը շարունակէ ապրիլ,- վաղուան սերունդներուն յանձնուելիք մեր ժամանակի յիշողութիւնը։

31 Օգոստոս 1940ին էջ մը բացուեցաւ։

86 տարի յետոյ իսկ այդ էջը տակաւին բաց է։

… Կը մաղթենք որ մեր խմբագրակազմէն ոչ մէկը ստիպուի օր մը անոր վերջին տողը գրել։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/310826lu.html