İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի լոյսին տակ – 4

ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ԱՀԱԶԱՆԳԸ. ՀԱՐՑԸ ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄԸ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

ԷՐՎԱՊի 24 Օգոստոսի ժողովի մասին մեր դիտարկումներու շարքին մինչեւ այսօր անդրադարձանք Պատրիարք Հօր, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանի խօսքերուն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նոյն խնդրին մօտեցաւ տարբեր տեսանկիւնէ։ Մէկը ահազանգեց դպրոցներու ապագայի մասին, միւսը շեշտեց կազմակերպուածութեան եւ թափանցիկութեան անհրաժեշտութիւնը, իսկ Սամաթիոյ վարչայինները համայնքին առջեւ դրին իրենց վարժարանին տնտեսական ծանր կացութիւնը՝ զայն բնորոշելով ո՛չ միայն հաստատութեան մը, այլեւ ամբողջ կրթական համակարգին սպառնացող խնդիր։

Այսօր կանգ կ’առնենք ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջամտութիւններու եւ քննադատութիւններու վրայ։ Ան անջատաբար պատրաստուած ելոյթ մը չունեցաւ։ Ժողովի տարբեր հանգրուաններուն խօսք առնելով՝ պատասխանեց մէջտեղ քշուած տեսակէտներուն, հարցումներ ուղղեց, երբեմն սուր քննադատութիւններ ըրաւ եւ կրկին օրակարգ բերաւ հարցեր, որոնց մասին արդէն նախապէս ալ հրապարակաւ արտայայտուած էր։

Պր. Շիրինօղլուի խօսքերուն ընդհանուր պատկերը կարելի է ամփոփել միակ հիմնական հարցումի մը շուրջ. եթէ համայնքը ունի անհրաժեշտ նիւթական կարելիութիւնները, համայնքային դպրոցները ինչո՞ւ ամէն տարի նոյն տնտեսական տագնապը կը դիմագրաւեն։

Ահաւասիկ այս հարցումով ան քննարկումը տարաւ համայնքային միջոցներու ընդհանուր կառավարման դաշտ։

ԷՐՎԱՊի նախագահը տարիներէ ի վեր կողմնակից է այն գաղափարին, որ դպրոց ունեցող եւ չունեցող հաստատութիւններու կարելիութիւնները պէտք է դիտուին համայնքային ամբողջութեան մը մէջ։ Ըստ իրեն՝ կան հաստատութիւններ, որոնց նիւթական միջոցները բաղդատաբար աւելի թոյլատու են, մինչ ուրիշներ, մանաւանդ դպրոց պահողները, ամէն տարի կը պայքարին հսկայական բացերու դէմ։ Հետեւաբար, իր պատկերացումով, պէտք է ստեղծուի գործօն համակարգ մը, որպէսզի համայնքին մէջ գոյացած միջոցները կարենան հասնիլ հոն, ուր անոնց իրական կարիքը կայ։

Սակայն այս անգամ Շիրինօղլու կանգ չառաւ միայն համերաշխութեան կոչին վրայ։

Ան շատ աւելի ծանր հարցեր բարձրացուց՝ թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան մասին։ Կրկնելով նաեւ Զատկուան շրջանին Գումգաբուի մէջ արտայայտած մտահոգութիւնները՝ Պր. Շիրինօղլու պնդեց, թէ կարգ մը հաստատութիւններ իրենց եկամուտներուն մասին ամբողջական տեղեկութիւն չեն փոխանցեր։ Ան հռետորական հարցումներ ուղղեց կալուածներու տնօրինման, վարձակալական եկամուտներու միջեւ նկատուած տարբերութիւններու եւ որոշ վճարումներու շուրջ։

Այստեղ անհրաժեշտ է յստակ սահման մը գծել, նշելով որ ասոնք Պր. Պետրոս Շիրինօղլուի հրապարակային պնդումներն են եւ, քանի դեռ փաստաթուղթերով չեն հաստատուած կամ համապատասխան մարմիններու քննութեան առարկայ չեն դարձած, զանոնք չենք կրնար ներկայացնել որպէս հաստատուած իրողութիւններ։

Միայն թէ կը կարծենք որ երբ ԷՐՎԱՊի նախագահը համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ այսպիսի ծանր հարցադրումներ կը կատարէ, պատասխանն ալ պէտք է տրուի նոյնքան յստակ կերպով։ Եթէ պնդումները ճիշդ չեն,- թէեւ մեր կարծիքով Պր. Շիրինօղլու չէր կրնար անհիմն մեղադրանքներ ուղղել,- անոնք պէտք է հերքուին փաստերով։ Եթէ անոնց ետին իրական խնդիրներ կան, երեւան պէտք է հանուին եւ սրբագրուին։ Լռութիւնը՝ այս պարագային պատասխան չէ, որովհետեւ խնդիրը այլեւս միայն դրամական չէ, այլ՝ վստահութեան։

Մենք կրնանք ժամերով խօսիլ «աւազանի համակարգ»ի միջոցաւ համայնքային կալուածներէն գոյացած եկամուտները տնօրինելու մասին, սակայն կարելի՞ է ընդհանուր աւազան ստեղծել առանց ընդհանուր վստահութեան։ Կարելի՞ է հաստատութենէ մը ակնկալել, որ իր միջոցները բաժնէ ուրիշին հետ, եթէ նախ բոլորը պատրաստ չեն նոյն սեղանին վրայ դնելու իրենց իրական եկամուտները, ծախսերը, պարտաւորութիւններն ու կարելիութիւնները։

Ուրեմն «աւազանի համակարգ»ը ինչպէս վերը նշեցինք արդէն, նախ եւ առաջ դրամական խնդիր չէ, վստահութեան համակարգ է։ Իսկ վստահութիւնը կը կառուցուի թափանցիկութեամբ, ճշգրիտ տեղեկատուութեամբ եւ հաշուետուութեամբ։

Այս պատճառով ալ Ատենապետ Շիրինօղլուի երբեմն բարձրացող ձայնի ետին միայն բարկութիւն տեսնելը պիտի նշանակէր շրջանցել հարցի էութիւնը։ Անոր միջամտութիւններէն ակներեւ էր նաեւ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած դժգոհութիւն մը. տարիներ շարունակ կը խօսուի նոյն խնդիրներուն մասին, մինչդեռ դպրոցներու բացերը կը բազմապատկուին, իսկ համայնքային միջոցները միակ ամբողջութեան մը մէջ գործածելու գործնական եղանակ մը չէ ստեղծուած։

Բայց ԷՐՎԱՊի նախագահի քննադատութիւններն ալ բնականաբար պէտք է ենթարկուին նոյն չափանիշին, զոր ինք կը պահանջէ ուրիշներէն։ Թափանցիկութեան պահանջը ընտրովի չի կրնար ըլլալ։ Եթէ համայնքը պիտի մտնէ հաշուետուութեան նոր շրջան մը, այդ սկզբունքը պէտք է գործէ բոլոր հաստատութիւններուն համար՝ մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ կարիքաւոր։ ԷՐՎԱՊն ալ այստեղ փոխանակ միայն բողոքներու եւ փոխադարձ մեղադրանքներու հարթակ մը ըլլալու, պէտք է կարենայ վերածուիլ ստուգելի տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած հարթակի մը։

24 Օգոստոսի ժողովը թերեւս պատրաստ լուծում մը չտուաւ։ Բայց բաց սեղանի վրայ դրաւ իրականութիւնը, զոր այլեւս դժուար է քօղարկել. մեր կրթական հաստատութիւններուն տագնապը միայն պիւտճէի հարց չէ։ Ան նաեւ կառավարման, համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան տագնապ է։

Շիրինօղլուի խօսքերուն արժէքը թերեւս հոս է։ Ան սեղանին վրայ դրաւ «անհանգիստ» հարցեր։ Հիմա պատասխանատուութիւնը բոլորինն է՝ այդ հարցերը անձնական հակամարտութիւններու չվերածելու, այլ փաստերով պատասխանելու եւ լուծման վերածելու համար։

Յստակ է որ համայնքը չի շահիր բարձրաձայն մեղադրանքներէն, նաեւ լռութեամբ պարտկուած խնդիրներէն։ Կը շահի միայն այն ատեն, երբ լաւ գիտնայ իր ունեցած-չունեցածի մասին, իր հաշիւները բաց պահէ եւ առաջնահերթութեան կարգով լուծումներ գտնէ հարցերուն։

Անհրաժեշտ է տեսնել բաժակի դատարկ կողմը՝ զայն լեցնելու համար։ Բայց քննադատութիւնը արժէք կը ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ կը ծառայէ շինելու եւ ոչ թէ նոր ճեղքեր բանալու համար։ Ահաւասիկ ա՛յս է ԷՐՎԱՊի առջեւ դրուած իսկական փորձութիւնը։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/310826lu.html