Մեր համայնքի խոստմնալից երիտասարդներէն Արեգ Գազանճեան յաջողեցաւ իրականացնել մանկութեան իր երազանքը, ընդունուելով Միմար Սինան Գեղարուեստից համալսարան, ուր իր ուսումը պիտի շարունակէ արդիական պարի ճիւղին մէջ։
Արեգի համար այս յաջողութիւնը պատահական հանգուան մը չէ։ Պարը անոր համար նոր ընտրութիւն մը չէ, այլ փոքր տարիքէն սկսած եւ աստիճանաբար հասունցած ճամբայ մը։ Ան մանուկ տարիքէն մաս կազմած է Էսաեան Սանուց Միութեան Մարալ երգ ու պարի համոյթին, ուր բեմական անդրանիկ քայլերը առնելով, տարիներ շարունակ զարգացուցած է պարարուեստի նկատմամբ սէրն ու կարողութիւնները։
Արեգ միաժամանակ հանդէս կուգայ նաեւ «Անատոլու աթէշի» պարախումբին մէջ, ձեռք բերելով բեմական նոր փորձառութիւններ։
Ան նախակրթութիւնը ստացած է Գալֆաեան վարժարանի, իսկ լիսէի ուսումը՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ։ Դպրոցական տարիներուն իսկ յստակ էր որ անոր բուն հետաքրքրութիւնն ու ներքին մղումը պարն էր, իսկ Միմար Սինան գեղարուեստից համալսարան ընդունուիլը նպատակ, որ այժմ արդէն իրականութիւն է։
Այս յաջողութեան ետին անշուշտ կայ նաեւ ընտանիքի հետեւողական աջակցութիւնը։ Արեգի մայրը աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ համայնքային կեանքէն, երկար տարիներէ ի վեր մաս կազմելով Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Կազմին։
Կը շնորհաւորենք Արեգն ու իր ծնողները՝ Տիգրան-Ռուզան Գազանճեանները։

