«ԱՅՍՕՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆՆ Է, ՎԱՂԸ ԿՐՆԱՅ ՈՒՐԻՇ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՄԸ ՆՈՅՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ»
ԷՐՎԱՊի ժողովին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանի ելոյթը ժողովի օրակարգին բերաւ կարեւոր տարբերակում մը. այն դժուարութիւնը, զոր կը դիմագրաւէ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը համայնքային կրթական համակարգի ընդհանուր կայունութեան հարց է։
Ատենապետ Տաւուլճեան իր ելոյթը սկսաւ շեշտելով, որ իրենք ժողովին եկած են իրենց վարժարանին տնտեսական դժուարութիւնը ներկայացնելու համար, սակայն իրենց բարձրացուցած հարցը միայն իրենց վարժարանի հարցը չէ։ Ըստ Ատենապետին, կան խնդիրներ, զորս մէկ հոգի կամ մէկ վարչութիւն կրնայ լուծել, սակայն կան նաեւ այնպիսի հարցեր, որոնք վեր կը մնան հիմնարկի մը ուժերէն։ Սամաթիոյ վարժարանի հարցը այսօր այդ հանգրուանին հասած է։
Ան առանց շրջանցելու դժուարութիւնները, յայտնեց, որ վարժարանը կը գտնուի տնտեսական լուրջ նեղութիւններուն մէջ։ Ծախսերը շարունակ կը բարձրանան, մինչդեռ կրթութեան որակէն, աշխատակիցներու իրաւունքներէն եւ աշակերտներու ապագայէն «զիջողութիւններ» ընելու տարբերակը ընդունելի չէ։ Այլեւս «կերպով մը կը յաջողինք» ըսելով հարցը յետաձգելու բոլոր կարելիութիւնները սպառած են։ Նուրհան Տաւուլճեանի ելոյթի ամենաուժեղ շեշտադրումը նիւթական խնդիրէն անդին էր…։
* Մենք վարժարան մը ապրեցնելու մասին չենք խօսիր։ Մենք ժառանգութիւն մը ապրեցնելու մասին կը խօսինք։
Ան յիշեցուց, որ հայկական վարժարանները միայն դասաւանդութեան վայրեր չեն։ Անոնք մայրենի լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, աւանդութիւններ եւ համայնքային յիշողութիւն փոխանցելու հիմնական օղակներն են։ Նախորդ սերունդները այդ հաստատութիւնները ստեղծած էին իրենց ունեցած սահմանափակ միջոցներով, շատ լաւ գիտակցելով, որ առանց երախաներու կրթութեան՝ կարելի չէ կառուցանել կամ պահպանել ապագան։
Ըստ Ատենապետին, այդ ժառանգութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու հերթը այժմու ղեկավարներու ուսերուն վրայ կը գտնուի։
* Բոլորն ալ մեր հաստատութիւններն են։
Ելոյթին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ այն, որ Սամաթիոյ Ատենապետը շեշտը չդրաւ միայն ուղղակի նիւթական օժանդակութիւն ստանալու վրայ։ Ան յայտարարեց, որ իրենք ժողովէն միայն «մեզի օգնեցէք» խնդրելու համար չեն ներկայացած, այլ կը սպասեն համերաշխութեան եւ համայնքային պատասխանատուութեան նոր մօտեցումի մը։
Իր հիմնական կոչը հետեւեալն էր. եթէ այսօր Սահակեան-Նունեան դժուարութեան մէջ է, վաղը նոյն իրավիճակին կրնայ յայտնուիլ ուրիշ վարժարան մը։ Եթէ իւրաքանչիւր հաստատութիւն միայն իր խնդիրով զբաղի, ի վերջոյ ամբողջ համակարգը կը խախտի։
Այս խօսքերով, Տաւուլճեան հարցը տեղափոխեց զուտ պիւտճէի հարթակէն դէպի համայնքային մտածողութեան դաշտ, ըսելով. «Եկէք իրարու հաստատութիւնները մեր հաստատութեան չափ կարեւոր նկատենք, որովհետեւ անոնք բոլորը մե՛րն են։ Եւ այդ հաստատութիւններուն մէջ կրթուող իւրաքանչիւր երախայ մեր բոլորի զաւակն է»։
Ատենապետի այս մօտեցումը կարեւոր է, որովհետեւ կը պահանջէ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու ունեցած միջոցները դիտարկել ո՛չ միայն իբրեւ անջատ հաստատութիւններու սեփականութիւն, այլ՝ հնարաւորութիւններ, որոնք կը ծառայեն համայնքի ընդհանուր կրթական ապագային։
Տաւուլճեան նաեւ յստակօրէն մերժեց խնդիրները թաքցնելու կամ դժուարութիւնը տկարութեան նշան համարելու մտածելակերպը։ Ըստ իրեն, խնդիրները պահել-ծածկելը զօրաւոր չի դարձներ հաստատութիւն մը, մինչդեռ խնդիրները միասին լուծելու կարողութիւնն է, որ զայն զօրաւոր կը դարձնէ։
* Խօսքէն դէպի գործ՝ յստակ որոշում մը։
Թերեւս ելոյթին ամենակարեւոր բաժինը այն կոչն էր որ հնչեց վերջաւորութեան։ Տաւուլճեան չուզեց, որ ժողովը սահմանափակուի ելոյթներով, համակրանքի արտայայտութիւններով եւ ընդհանուր յայտարարութիւններով։ Ան առաջարկեց յստակ որոշումներ կայացնել, միջոցները սեղանի վրայ դնել, բացէ ի բաց խօսիլ, թէ ո՛ր հաստատութիւնը ի՛նչ կարիքի առջեւ կը գտնուի եւ ստեղծել այնպիսի համերաշխութեան դրութիւն մը, ուր որեւէ վարժարան կամ հիմնարկ ստիպուած չըլլայ առանձինն լուծումներ փնտռելու։
Կրնանք հաստատել որ այս առաջարկը, իր էութեամբ, ԷՐՎԱՊի ժողովասեղանին վրայ դրուած էական հարցերէն մէկն է, որովհետեւ եթէ համայնքը ունի հաստատութիւններ, որոնց նիւթական միջոցները աւելի լայն են, իսկ ուրիշներ՝ գոյատեւման համար կը պայքարին, հարցը այլեւս միայն «ո՞վ օգնէ»ի հարցը չէ։ Հարցը հետեւեալն է. ինչպէ՞ս կարելի է համայնքի ունեցած ընդհանուր կարողութիւնը կազմակերպել եւ կրթական հաստատութիւններու գոյատեւման համար օգտագործել։
Տաւուլճեան իր խօսքը աւարտեց ապագային ուղղուած կոչով՝ ընդգծելով, որ այսօր մէկ վարժարան փրկելու համար առնուած քայլ մը վաղը կրնայ ամբողջ համայնքի ապագան պաշտպանող քայլ մը դառնալ։
Ատենապետի վերջին ակնկալութիւնը պարզ էր. ժողովը չաւարտի միայն ելոյթներով, այլ մասնակիցները անկէ հեռանան ընդհանուր եւ գործնական որոշումներով։
ՄԱՐՄԱՐԱ

