İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷԼԱԶԸՂԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ ԳՐԱՆՑՈՒԵՑԱՒ

Էլազըղի Հայոց Գերեզմանատան տարածքը, կղզեակի եւ հողամասի (ada ve parsel) հիման վրայ, որպէս մշակութային արժէք պաշտօնապէս գրանցուելով՝ ստացաւ իրաւական պաշտպանութեան կարգավիճակ։

Այս գրանցումը կարեւոր ձեռքբերում մըն է Էլազըղի մէջ դարեր շարունակ ապրած հայ համայնքի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման տեսակէտէն։

Գրանցման գործընթացը՝ Գաւառի Տեսուչ Տէր Հօր տեսչութեամբ եւ Արման Եաղճըի առաջնորդութեամբ

Գրանցման գործընթացը աւարտին հասաւ Գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի տեսչութեամբ եւ Արման Եաղճըի առաջնորդութեամբ իրականացուած աշխատանքներու շնորհիւ։ Համայնքին անունով պատկան հաստատութեանց հետ հանդիպումները, ներկայացուած դիմումները եւ իրականացուած աշխատանքները հետեւողականօրէն շարունակուեցան եւ գերեզմանատան տարածքի պահպանութեան ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները աւարտին հասցուեցան։

Այս աշխատանքներուն արդիւնքով Էլազըղի Հայոց Գերեզմանատունը պաշտօնական պահպանութեան տակ առնուեցաւ եւ ստացաւ պահպանութեան իրաւական երաշխիք։

Պատրիարք Հօր շնորհաւորանքները՝ Էլազըղի Հայ Համայնքին

Գրանցման որոշումէն ետք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը հեռաձայնային կապ հաստատեց Արման Եաղճըի հետ եւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց։

Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը արտայայտելով՝ ընդգծեց այս կարեւոր գրանցման նշանակութիւնը Էլազըղի Հայ համայնքի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման տեսակէտէն։ Պատրիարք Հայրը նաեւ իր հայրական սէրը, ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեց տեղւոյն համայնքին։

Կարեւոր քայլ մը՝ մեր հասարակաց մշակութային յիշողութեան պահպանման համար

Էլազըղի Հայոց Գերեզմանատունը կարեւոր պատմական եւ մշակութային յիշողութեան վայր մըն է, որ լոյս կը սփռէ քաղաքին մէջ անցեալին ապրած հայ համայնքի պատմութեան։ Տարածքի գրանցումը մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն գերեզմանատան եւ անոր մէջ գտնուող պատմական տարրերու պահպանման, այլեւ Էլազըղի բազմամշակութային անցեալի եւ հասարակաց մշակութային ժառանգութեան յաջորդ սերունդներուն փոխանցման տեսակէտէն։

Էլազըղի Հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս կարեւոր գործընթացի աւարտին նպաստած, մասնաւորաբար Էլազըղի Կուսակալութեան, Էլազըղի Քաղաքապետութեան եւ Էլազըղի Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր այն հաստատութեանց, կազմակերպութեանց եւ պատասխանատուներուն, որոնք նպաստեցին գործընթացին։

Էլազըղի Հայոց Գերեզմանատան գրանցումը նշանակալից եւ արժէքաւոր քայլ մըն է՝ անցեալէն ապագայ փոխանցուող պատմական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad