Ա-ԳԷ-ՓԷՑԻ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ.- «ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆԻԼ»
…
ԷՐՎԱՊի 24 Օգոստոսի ժողովի ընթացքին, Պատրիարք Հօր ելոյթէն ետք խօսք առաւ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Տոչ. Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Եթէ Պատրիարք Հօր բացման խօսքը ժողովին առջեւ դրաւ համայնքի դպրոցներու պիւտճէները համատեղ ուժերով դիմագրաւելու հարցը, Սվաճըօղլուի ելոյթը այս հարցին վրայ աւելցուց երկրորդ կարեւոր շերտ մը՝ համայնքի ներքին համախմբումի եւ թափանցիկութեան խնդիրը։
Ան միաժամանակ ներկայացուց վերջին շրջանին Անգարայի մէջ կատարուած շփումներուն մասին տեղեկութիւններ եւ փոխանցեց Իսթանպուլի կուսակալութենէն ստացուած կարեւոր առաջարկ մը՝ աջակցութիւն դպրոցներու նորոգութեան եւ ամրացման ծրագիրներուն համար։ Բայց… Ելոյթի ամենաուշագրաւ մասը թերեւս ո՛չ թէ պետական աջակցութեան մասին ըսածներն էին, այլ իր բացայայտ մատնանշումը, թէ համայնքէ ներս կազմակերպչական խնդիր մը կայ եւ ԷՐՎԱՊի համապատասխան յանձնախումբերուն ամբողջական ու ճիշդ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր։
* Անգարայէն մեծ աջակցութիւն կը ստանանք, բայց համայնքին ներսը կազմակերպչական խնդիր ունինք։
Սվաճըօղլու նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հաստատութիւններու ատենապետներուն եւ համայնքային կառոյցներուն՝ դպրոցներու, աշակերտներու եւ կարիքաւորներու նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Խօսեցաւ նաեւ իր աշխատանքներու մասին, նշելով որ այդ գործունէութեան որպէս արդիւնք մեր հաստատութիւնները շինիչ կապեր ձեւաւորած են պետական կառոյցներու, նախարարներու, երեսփոխաններու եւ փոխնախարարներու հետ։ Տոչ. Տօքթ. Սվաճըօղլու մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Անգարայէն ստացուած աջակցութիւնը կարեւոր է եւ վերջին հանդիպումներու ընթացքին դրական վերաբերմունք տեսնուած է նաեւ պետական մակարդակին վրայ։
Սակայն այս դրական պատկերէն ետք ան անմիջապէս անցաւ հիմնահարցին, ըսելով. «Անշուշտ, մենք Անգարայէն այսպիսի մեծ աջակցութիւն կը ստանանք, սակայն մեր համայնքէն ներս կազմակերպման հետ կապուած խնդիր մը ունինք»։
Այս մէկը կարեւոր շրջադարձ մըն էր ելոյթին մէջ, որովհետեւ Սվաճըօղլու խնդիրը չսահմանափակեց պետական աջակցութիւն գտնելու հարցով։ Ան շեշտը դրաւ նաեւ համայնքի աշխատանքային համակարգին վրայ։
* Դպրոցներու ապագան միայն պիւտճէի հարց չէ։
Սվաճըօղլուի համաձայն՝ համայնքի առջեւ ցցուած կարեւոր խնդիրներէն մէկը աշակերտներու թիւի շարունակական անկումն է։ Ան շեշտեց նաեւ համայնքի ընդհանուր բնակչութեան նուազումը։
Իր դիտարկումը կարեւոր է, որովհետեւ դպրոցներու այսօրուան նիւթական դժուարութիւնները միայն սղաճի հետեւանք չեն։ Աշակերտներու թիւի նուազումը կը նշանակէ նաեւ դպրոցներու եկամուտներու եւ անոնց գոյատեւման պայմաններու աստիճանական «նեղացում»։
Սվաճըօղլուի փոխանցած ամենակարեւոր գործնական տեղեկութիւններէն մէկը Իսթանպուլի կուսակալութեան առաջարկն էր։ Այսպէս, այն հաստատութիւնները, որոնք կ’ուզեն իրենց դպրոցները նորոգել կամ ամրապնդել, կրնան նախագիծ մը ներկայացնել, եւ կուսակալութիւնը պատրաստ է աջակցելու այդ աշխատանքներուն։ Թէեւ ծրագիրները զգալի ծախսեր կրնան պահանջել, սակայն, կուսակալութիւնը պատրաստ է պետական աջակցութիւն տրամադրել, առանց որեւէ հետագայ վճար պահանջելով մեր հաստատութիւններէն։
Երեսփոխանը նաեւ յայտնեց, որ այս հարցով կուսակալ Տաւուտ Կիւլի հետ հանդիպում մը նախատեսուած է յառաջիկայ 28 Սեպտեմբերին։
* ԷՐՎԱՊ աւելի արդիւնաւէտ կառոյց մը պէտք է դառնայ։
Սվաճըօղլուի ելոյթի ամենասուր բաժինը եկաւ այն պահուն, երբ ան դարձեալ վերադարձաւ համայնքի ներքին աշխատանքին։ Ան ըսելով որ ԷՐՎԱՊը պէտք է դառնայ աւելի արդիւնաւէտ կառոյց մը, յատկապէս խնդրեց, որ համայնքային հիմնարկները աւելի ամբողջական ու ճշգրիտ տեղեկութիւններ տրամադրեն ԷՐՎԱՊի Ելմտական եւ Կրթական յանձնախումբերուն։ Այս հանգրուանին, հայազգի երեսփոխանը բացայայտեց նաեւ այն տեղեկութիւնը, որ ժողովէն առաջ զրոյց մը ունեցած էր Կրթական յանձնախումբի նախագահի հետ եւ լսած որ ելմտական հարցերու քննարկումներու ընթացքին տեղեկութիւններու պակաս եղած է, կամ տեղեկագրերը ուշացումով տրամադրուած են յանձնախումբին։
Սվաճըօղլուի արձագանգը վճռական էր. «Ասոնք իսկապէս լաւ բաներ չեն։ Պէտք է յստակ ըլլանք, պէտք է թափանցիկ ըլլանք»։
Այս նախադասութիւնը թերեւս ելոյթի ամբողջ իմաստը ամփոփող հիմնական շեշտերէն մէկն է, որովհետեւ երբ նոյն ժողովի ընթացքին համայնքի դպրոցներու նիւթական բացերը կը ներկայացուին որպէս հրատապ գոյատեւման հարց, տեղեկութեան ամբողջականութեան հարցը այլեւս երկրորդական խնդիր չի կրնար ըլլալ։ Որքան աւելի մեծ է նիւթական կարիքը, այնքան աւելի մեծ է նաեւ համայնքին տեղեկութիւն տրամադրելու պատասխանատուութիւնը։
* Հիմնարկը՝ միայն սեփական հաստատութիւնը պահելու համար չէ։
Սվաճըօղլուի ելոյթին մէջ նաեւ յստակ կոչ մը կար այն վաքըֆներուն, որոնք դպրոց չունին։ Ան խնդրեց որ այդ վագըֆները աջակցին համայնքի կարիքաւորներուն եւ դպրոցներուն, այսինքն՝ կրթական բեռը միայն դպրոց ունեցող հաստատութիւններու ուսերուն վրայ չմնայ։
Այս առաջարկը ուղղակիօրէն կապ ունէր Պատրիարք Հօր ելոյթին հետ։ Պատրիարք Հայրն ալ ըսած էր, որ համայնքին մէջ կան նիւթական առումով աւելի լայն կարելիութիւններով հաստատութիւններ, մինչդեռ դպրոցներ ունեցող կարգ մը հիմնարկներ կը դիմագրաւեն լուրջ բացեր։
Սվաճըօղլու այս գաղափարը աւելի ուղղակի ձեւով արտայայտեց, խնդրանքէն ետք որպէս պահանջ ձեւակերպելով իր խօսքը. այն հիմնարկները, որոնք դպրոց չունին իրենց կառավարման ներքեւ, պէտք է մասնակցութիւն բերեն համայնքի կրթական համակարգը պահելու գործին։
* Վերջապէս՝ պատասխանատուութեան եւ նոր սերունդի հարցը։
Ելոյթին վերջին բաժնի մէջ Սվաճըօղլու խօսեցաւ հիմնարկներու վարչական պատասխանատուներուն մասին։ Ան յիշեցուց, որ համայնքները իրենց վարչայինները ընտրած են կարգ մը առաքելութիւններ կատարելու համար։ Բնական է, որ կարգ մը մարդիկ կրնան յոգնած ըլլալ կամ ժամանակի ընթացքին սպառած ըլլալ։ Այդ պարագային անոնք պէտք է իրենց տեղը թողուն աւելի աշխոյժ եւ նոր ուժերու։
Այս տեսակէտը եւս միայն անձնական խորհուրդ մը չէ. կը կապուի համայնքի կառավարման աւելի լայն հարցի հետ թէ որքա՞ն ժամանակ պէտք է նոյն մարդիկ պահեն պատասխանատուութիւնները եւ որքանո՞վ համայնքային կառոյցները պատրաստ են նոր ուժերու փոխանցման։
Սվաճըօղլու անդրադարձաւ երիտասարդութեան՝ նշելով, որ համայնքի երախաներն ու երիտասարդները ապագան են։ Ան յատկապէս յիշեց Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզական ակումբները եւ շեշտեց, որ երիտասարդները պէտք է ուղղորդել դէպի մարզանք, արուեստ եւ գիտութիւն։
Եզրակացնելով, կրնանք ըսել որ Տոչ. Տօքթ. Սվաճըօղլուի ելոյթը, Պատրիարք Հօր խօսքին զուգահեռաբար մէջտեղ կը դնէ երկու խնդիր։
Առաջին՝ համայնքը պարտաւոր է հիմնական լուծում մը գտնել դպրոցներու պիւտճէները հաւասարակշռելու հարցին։ Երկրորդ՝ այդ մէկը անկարելի է, եթէ համայնքի տարբեր հիմնարկներու միջեւ տեղեկութիւններու, միջոցներու եւ պատասխանատուութեան աւելի արդիւնաւէտ համակարգում չըլլայ։
Ահաւասիկ հո՛ս է որ Սվաճըօղլուի «յստակ եւ թափանցիկ ըլլալու» կոչը կը ստանայ իր ամբողջ ծանրութիւնը։
Եթէ ԷՐՎԱՊի յանձնախումբերը պէտք է համայնքի ապագայի հայեցակարգը կամ ռազմավարութիւնը մշակեն, անոնք պէտք է ունենան ամբողջական տեղեկութիւններ։ Եթէ համայնքը պէտք է իր միջոցները համախմբէ դպրոցները պահելու համար, պէտք է նաեւ գիտնայ թէ ո՛ր հաստատութիւնը ի՞նչ հնարաւորութիւն ունի եւ ո՛ր հաստատութիւնը ի՞նչ կարիքի առջեւ կը գտնուի։
Սվաճըօղլուի խօսքը, այս իմաստով, Պատրիարք Հօր բացած քննարկումը մէկ քայլ առաջ կը տանի։ Եթէ Պատրիարք Հայրը հարցուցած էր՝ «ի՞նչ պիտի ընենք դպրոցներու բացերը փակելու համար», Սվաճըօղլու կ’աւելցնէ որ նախ պէտք է ամբողջական ու ճշգրիտ կերպով գիտնանք, թէ ի՞նչ ունինք, ի՞նչ պակսի եւ ինչպէ՞ս կ’աշխատի մեր համակարգը։
ՄԱՐՄԱՐԱ

