İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի կառավարութեան 2026-2031ի հնգամեայ ծրագրին մէջ ներառնուած է նաեւ «եկեղեցին բարեկարգելու», նոր կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը։ Այս նոր զարգացումը պատճառ դարձաւ որ երէկ, 26 Օգոստոսին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) նիստ մը, օրակարգի վրայ ունենալով եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական եւ կարգապահական հարցերը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններն ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակը։

Ժողովը յայտարարութիւն մը հրապարակեց իր «խոր ցաւը» յայտնելով նորակազմ Ազգային Ժողովին մէջ իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան խմբակցութեան վերջին օրերու վարքագիծին առնչութեամբ, զայն նկատելով անընդունելի եւ նշելով, որ իշխանութիւնը, փոխանակ դիմագրաւելու երկրի առջեւ ցցուած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները, կրկին թիրախ կը դարձնէ Հայոց Եկեղեցին։

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իշխանութիւնները կը մեղադրէ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու դէմ «շինծու մեղադրանքներ» եւ «անհիմն եւ ուղղորդուած քրեական հետապնդումներ» առաջադրելու ամբաստանութեամբ, որոնց նպատակն է միջամտել ներեկեղեցական կեանքին եւ սահմանափակել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը շեշտուի, որ Եկեղեցին կը ներկայացուի որպէս «օտար ազդեցութեան գործակալ», «պետութիւն պետութեան մէջ», իսկ Ղարապաղի մասին աղօթքները, Ղարապաղի հայերու իրաւունքներու, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման հարցերը օրակարգի բերելը կը բնորոշուի որպէս «պատերազմի կուսակցութիւն» ըլլալու եւ «անվտանգութեան սպառնալիք»։

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը կ’ընդգծէ նաեւ, որ Կառավարութիւնը Սահմանադրութեամբ լիազօրուած չէ Եկեղեցւոյ բարենորոգումը իր կառավարական ծրագիրին մաս դարձնելու կամ եկեղեցականներուն պահանջներ պարտադրելու, իսկ Ազգային Ժողովը, եկեղեցական ներքին հարցերը քննարկելու համապատասխան հարթակը չէ։

Որպէս իշխանութիւններու քաղաքականութեան դրսեւորումներ՝ յայտարարութիւնը կը յիշատակէ նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դուրս բերումը հանրակրթական ծրագիրէն, Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան լուծարումը, բանտերու մէջ հոգեւոր ծառայութեան կասեցումը եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ կիրարկուած տուգանքները։

https://www.normarmara.com/270826lu.html