Հայաստանի երկրորդ Նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու անոր աւագ որդին՝ գործարար Սեդրակ Քոչարեանը, երէկ, 25 Օգոստոսին ձերբակալուեցան դատական հետապնդումի մը շրջագծով, զոր կ’իրականացնէ հակա-վարչական փտախտի յանձնախումբը։ Նոյն գործով ձերբակալուեցաւ եւս չորս անձ։
Առտուան կանուխ ժամերուն, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները խուզարկութիւններ կատարեցին Քոչարեան ընտանիքին առնչակից քանի մը տասնեակ հասցէներու մէջ, ներառեալ Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ անոր որդիներուն բնակարանները։ Խուզարկութիւններ կատարուած են նաեւ Քոչարեան ընտանիքի հետ կապ ունեցող շարք մը ընկերութիւններու մէջ։
Հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռոպէրթ Քոչարեան իր մերձաւորներուն հետ նախնական համաձայնութեամբ եւ պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, պետական սեփականութենէն շարք մը արժէքաւոր գոյքեր դուրս բերած եւ զանոնք շուկայականէն զգալիօրէն ցած գիներով ձեռք բերած է։
Դատական թղթածրարին մէջ քննուող դէպքերէն մէկուն առնչութեամբ 56 անշարժ գոյքերու՝ ընդհանուր 2 միլիառ 633 միլիոն 934 հազար դրամ արժողութեամբ փոխանցման հանգամանքներ կը քննուին։ Ըստ նախաքննութեան տուեալներուն՝ այդ գոյքերը ձեւական առք ու վաճառքի պայմանագրերով արձանագրուած են նախկին նախագահի ընտանիքի անդամներուն եւ անոնց հետ փոխկապակցուած կազմակերպութիւններու անուններով։
Այլ դրուագով մը, քննիչները կը պնդեն, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող Երեւանի հողամասեր վաճառուած են շուկայական արժէքէն շուրջ չորս անգամ ցած գինով, իսկ այդ գործընթացին դիմաց նախկին նախագահին փոխանցուած է «Թոյոթա Երեւան» ընկերութեան 30 տոկոս բաժնեմասը։ Ըստ քննիչներուն՝ բաժնեմասի ծագումը քօղարկելու համար անիկա ձեւական գործառնութիւններով արձանագրուած է Սեդրակ Քոչարեանի անունով։
Դատախազութիւնը պահանջեց որ Ռոպէրթ Քոչարեան եւ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեան ձերբակալուին. Սեդրակը ձերբակալուեցաւ, բայց Քոչարեան անհանգստացաւ քննիչներու մօտ եւ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց. անոր պարագային դատական միջնորդութիւնը պիտի ներկայացուի անհրաժեշտ բժշկական հետազօտութիւններէն ետք։
Ռոպէրթ Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբէլեանի համաձայն՝ նախկին նախագահին ներկայացուած մեղադրանքը կը վերաբերի իր նախագահութեան տարիներուն կառավարութեան կարգ մը որոշումներ վաւերացնելու հանգամանքին:

