Իսթանպուլի նախկին Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լուի Փլաթր եպիսկոպոսի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Օգոստոս 2026, Երկուշաբաթի, Ժամը 18.00ին, Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Բալինուրօ Եպիսկոպոսի։
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին, մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան։ Արարողութեան մասնակցեցան կաթոլիկ եպիսկոպոսներ եւ կաթոլիկ համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ի մասնաւորի Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, իր հետեւորդներով։ Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ համայնքիս ցաւակցութիւն յայտնեց Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Բալինուրօ Եպիսկոպոսին։

