İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԷՅ ՍԻ ԹԻ» ԳՈԼԷՃԸ՝ «ԷՓԸԼ»Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐ ՍՏԱՑԱՒ

Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ անցեալ տարի Օգոստոս 2025ին Երեւանին մերձակայ Փարաքար համայնքին մէջ բացուած էր նոր գոլէճ մը, հերթական դարպասը բանալով դէպի ապագայ։ Սփիւռքահայ Գարայեան ընտանիքի միջոցներով գործել սկսած էր «Հայկական ստեղծարար թեքնիքագիտութեան» (Էյ Սի Թի) նորակառոյց գոլէճը, որու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է Ամերիկայի մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան։

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք որ այս գոլէճը Հայաստանի մէջ առաջին կրթական հաստատութւինն է որ ստացաւ «Էփըլ»ի կրթական հաւատարմագիրը, բարձր կարգավիճակ մը, որ գոլէճին հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանի մէջ դասաւանդելու «Էփըլ»-ի կողմէ վաւերացուած մասնագիտական ծրագիրներ եւ ուսանողները պատրաստելու ընկերութեան միջազգային ճանաչման տէր մասնագիտական քննութիւններուն։

Ուսուցման հիմնական ուղղութիւնը պիտի ըլլայ «Սուիֆթ» եւ «Սուիֆթ Եու Այ» ծրագրաւորման լեզուներով «Այ Օ Էս» յաւելուածներու մշակում։ Այս նպատակով գոլէճը ստեղծած է «Մաք» համակարգիչներով եւ փորձարկման սարքաւորումներով կահաւորուած յատուկ աշխատանոց մը եւ հիմնած՝ փորձառու ուսուցիչներու կազմ մը։

Նոր կարգավիճակը հայ ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տայ «Էփըլ»-ի միջազգային վկայականներու պատրաստութեան եւ քննութիւններու մասնակցելու՝ առանց արտասահման մեկնելու անհրաժեշտութեան։