Ի՞ՆՉ ԸՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՒ Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԺՈՂՈՎԸ
Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին գումարուած ԷՐՎԱՊի դռնբաց ժողովը սովորական հերթական նիստ մը չէր։ Ժողովի օրակարգին վրայ դրուած էին հարցեր, որոնք վաղուց դուրս ելած են որեւէ վարժարանի կամ հաստատութեան շրջանակէն եւ սկսած են ուղղակիօրէն առնչուիլ համայնքի կրթական կառոյցին, նիւթական միջոցներուն եւ, ի վերջոյ … համայնքի ապագային։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, որու ծառայութեան շրջանակէն ներս կը գտնուի Սահակեան-Նունեան վարժարանը ղեկավարելու գործը, ժողովէն առաջ ահազանգ հնչեցուցած էր 2026-2027 տարեշրջանի պիւտճէի մեծ բացի մասին եւ կը սպասէր, որ հարցը ո՛չ միայն լսելի դառնայ, այլեւ համայնքային մակարդակով քննարկուի։ Մամուլը եւս այս ժողովին կը սպասէր ո՛չ թէ հերթական ընդհանուր խօսքերու, այլ պատասխաններու թէ ի վերջոյ ո՞վ պիտի կրէ ծախսերու բեռը, ինչպէ՞ս պիտի համախմբուին համայնքային հաստատութիւններու միջոցները, եւ հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ դպրոցները պահել առանց մտածելու զանոնք փակելու կամ իրարու հետ միացնելու մասին։
Այս պատճառով ալ Պատրիարք Հօր բացման խօսքը կարեւոր էր։ Ան առաջին իսկ վայրկեանին փորձեց օրակարգը յստակացնել. Սամաթիոյ խնդիրը ներկայացնել որպէս ամբողջ համայնքին վերաբերող հարց եւ ԷՐՎԱՊի անդամները մղել դէպի որոշում պահանջող քննարկում։
* Պատրիարք Հօր խօսքը. «Այս հարցը սեղանի վրայ պէտք է դնենք»։
Պատրիարք Հայրը նախ ողջունեց ժողովի մասնակիցները։ Ամառնային շրջանի աւարտին անդրադառնալով, ըսաւ, որ բարեբախտաբար ամառը անցած էր առանց որեւէ գէշ լուրի։ Գնալը կղզիի կեանքը շարունակուած էր եկեղեցւոյ շուրջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներով։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեց Նաւասարդեան խաղերը, որոնք նախորդ երեկոյ աւարտին հասած էին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խաղերու կազմակերպիչներուն, այդ շարքին՝ Տոչ. Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին, Արամ եւ Յարութիւն Գուրաններուն։
Սակայն այս հաճելի անդրադարձէն անմիջապէս ետք Պատրիարք Հայրը անցաւ ժողովի բուն պատճառին։
Ան բացատրեց, որ ԷՐՎԱՊի այս ժողովը սկիզբէն նախատեսուած չէր այս ձեւով։ Սամաթիոյ թաղականներու յատուկ խնդրանքով նախատեսուած էր աւելի փոքր եւ սահմանափակ հանդիպում մը։ Յետոյ սակայն որոշուած էր ժողովը վերածել ԷՐՎԱՊի ընդհանուր նիստի. պատճառը Սահակեան-Նունեան վարժարանի դիմագրաւած «աստղաբաշխական» չափերու հասնող պիւտճէի բացն էր։
Պատրիարք Հայրը յստակացուց, որ խնդիրը միայն Սահակեանը չէ։ Տնտեսական եւ սղաճային ներկայ պայմաններուն մէջ նմանօրինակ բացեր կրնան յառաջանալ նաեւ միւս վարժարաններուն մօտ։ Ըստ իրեն, այսօր գոյացած բացերը կը վերաբերին ո՛չ միայն Սահակեան-Նունեանին, այլեւ հինգ-վեց այլ դպրոցներու։
Եւ հո՛ս է ելոյթին հիմնական հարցադրումը.
«Այս դպրոցներուն սեփական պիւտճէներն ու միջոցները բաւարար չեն. ուրեմն մենք՝ որպէս համայնք, ի՞նչ պիտի ընենք»։
Պատրիարք Հայրը չխուսափեցաւ նաեւ այն դժուար հարցերէն, որոնք վերջին տարիներուն բազմիցս հնչած են համայնքային շրջանակներու մէջ՝ դպրո՞ց փակել, դպրոցներ միացնե՞լ, թէ ուրի՞շ լուծում գտնել։
Ան զգուշացուց, որ համայնքը աստիճանաբար կը մօտենայ այնպիսի հանգրուանի մը, ուր կրնայ ստիպուած ըլլալ «դառն դեղատոմսեր» կիրարկելու։ Սակայն ան միաժամանակ շեշտեց, որ այդ հանգրուանին հասնելէ առաջ պէտք է փորձել համայնքի ունեցած ներոյժը համախմբել։
* Խնդիրը միայն աղքատ դպրոցները չեն։
Պատրիարք Հօր ելոյթին ամենակարեւոր բաժիններէն մէկը, թերեւս, համայնքի նիւթական միջոցներու անհաւասար բաշխման մասին դիտարկումն էր։
Ան նշեց, որ համայնքի կարգ մը հաստատութիւններ, յատկապէս դպրոց ունեցող հիմնարկները, նիւթական դժուարութիւններու մէջ են։ Միւս կողմէ, կան հաստատութիւններ, որոնք աւելի լայն նիւթական հնարաւորութիւններ ունին։
Այսինքն՝ Պատրիարք Հօր ներկայացուցած պատկերին մէջ հարցը միայն «գումար կա՞յ, թէ՞ չկայ» հարցը չէ։ Գումարներ կան, բայց անոնք տարբեր հիմնարկներու կողմէ որպէս իրենց «սեփական դրամ» ձեռքին տակ են, վարչայինները «իրենց հայեցողութեամբ» է որ կը գործածեն զանոնք, երբեմն իրենց քմահաճոյքով, երբեմն «շատ խնայելով», երբեմն տարբեր պատրուակներ մէջտեղ քշելով, ամէնէն յաճախ «խնայողութիւնները մամուլէն սկսելով» կամ… «անհնազանդ մամուլը» պատժելով։
Հոսկէ ծնունդ կ’առնէ ամենակարեւոր հարցը թէ ինչպէ՞ս պիտի համախմբուին այդ միջոցները՝ համայնքի ընդհանուր կրթական կարիքներուն համար։
Պատրիարք Հայրը իր հռետորական հարցումը տարածեց նաեւ միւս կարիքաւոր դպրոցներուն վրայ՝ Մէրամէթճեան, Գալֆաեան, Եշիլգիւղի Հայոց, Տատեան եւ ուրիշներ։
* Այս տարի պիտի կարենա՞նք փակել այս բացերը։ Իսկ եթէ չկարենանք՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Այս հարցը պարզապէս հռետորական հարցում մը չէ։ Հարցումը կը մատնանշէ պոլսահայ համայնքի կրթական համակարգի առջեւ ցցուած ժամկէտի ճնշումը. նոր ուսումնական տարին սկսած է, իսկ պիւտճէի խնդիրներու վերջնական լուծումը տակաւին յստակ չէ։
* ԷՐՎԱՊը իրաւական հիմ չունի, բայց պատասխանատուութիւն ունի։
Պատրիարք Հօր ելոյթին մէկ այլ կարեւոր կէտը ԷՐՎԱՊի դիրքին եւ պատասխանատուութեան մասին էր։ Ան ընդունեց, որ ԷՐՎԱՊը իրաւական որեւէ կարգավիճակ չունի, սակայն անմիջապէս շեշտեց, որ այդ հանգամանքը չի նշանակեր, թէ ան «ոչի՛նչ կրնայ ընել» կամ «ոչ մէկ որոշում կրնայ կայացնել»։
Աւելի՛ն՝ Պատրիարք Հայրը այդ հանգամանքը որակեց որպէս փախուստի միջոց մը չդարձնելու անհրաժեշտութիւն։
Ըստ Նորին Ամենապատուութեան՝ ժողովին ներկայ վարչայինները իրենց համայնքներէն ստացած են ընտրողներու վստահութիւնը, հետեւաբար, իրենց համայնքի ապագայի վերաբերեալ խօսելու եւ որոշումներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու պատասխանատուութիւն ունին։
Այս կէտը իսկապէս կարեւոր է, որովհետեւ Պատրիարք Հայրը հարցը տեղափոխեց «ո՞վ որքա՛ն պիտի վճարէ» մակարդակէն դէպի աւելի լայն՝ «ո՞վ ի՛նչ պատասխանատուութիւն ունի համայնքի կրթական ապագային հանդէպ» հարցին։
Եւ իր կոչը շատ յստակ էր. «Այս հարցէն չխուսափինք, ճիշդ ձեւով քննարկենք եւ Սահակեանի օրինակով, բայց ընդհանրապէս կարիքաւոր բոլոր դպրոցներուն համար, հարցը ԷՐՎԱՊի ժողովին սեղանին դնենք»։
Պատրիարք Հօր բացման խօսքը, որոշակի շրջանակ մը ուրուագծեց ժողովին համար, որովհետեւ բուն հարցը այն է, թէ համայնքը ունի՞ ընդհանուր կրթական ռազմավարութիւն, եւ եթէ ունի՝ ինչպէ՞ս պիտի հովանաւորէ զայն։
Նորին Ամենապատուութեան խօսքին մէջ միաժամանակ երկու իրողութիւններ կողք կողքի դրուեցան։ Առաջինը՝ դպրոցներու պիւտճէի բացերը հասած են այնպիսի մակարդակի, որ այլեւս անկարելի է խնդիրը յետաձգել։ Երկրորդ՝ համայնքը, ըստ իր ունեցած նիւթական միջոցներուն, իրականութեան մէջ ի վիճակի է դիմագրաւելու այդ բացերը, հետապնդելով «միջոցները ինչպէ՞ս պիտի վերածուին համայնքային գործի» կարգախօսը։
Այս իմաստով «Սամաթիոյ հարցը» առիթ է որպէսզի ի վերջոյ կեանքի կոչուի «միասնական մարմին»ի մը միջոցաւ համայնքի նիւթական գործերը ղեկավարելու տեսլականը։
ԷՐՎԱՊի ժողովի բուն եզրակացութիւնը հոս է. Պատրիարք Հօր առաջին իսկ խօսքով օրակարգը ձեւակերպուեցաւ ո՛չ թէ դպրոց փրկելու, այլ համայնքի կրթական կառոյցը պահելու հարցի շուրջ։ Իսկ թէ ի՞նչ պատասխաններ պիտի տրուին այս հարցերուն, եւ մանաւանդ՝ ո՞վ (այսինքն ո՞ր հաստատութիւնը) պատրաստ է իր միջոցները, պատասխանատուութիւնը եւ որոշումներու իրաւասութիւնը ընդհանուր սեղանին բերելու, պիտի երեւի ժողովի յաջորդ ելոյթներուն մէջ։
ՄԱՐՄԱՐԱ

