ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ԷՐՎԱՊի 24 Օգոստոս 2026ի ժողովի ընթացքին հիմնադրամներու կալուածներուն վերաբերեալ քննարկումներու եւ մասնաւորաբար Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եկեղեցապատկան կալուածներու թիւին շուրջ բանավէճէն ետք, Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան Թաղային Խորհուրդի լուսաբանութիւնը ներկայացուց թերթիս խմբագրութեան։
Ինչպէս գրած էինք արդէն, բանավէճի առանցքի վրայ է հիմնադրամին պատկանող 43 անշարժ գոյքերու հարցը։ ԷՐՎԱՊի Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովին յայտնած էր, որ ինք, նաեւ մեծ հաւանականութեամբ համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասը տեղեակ չէին որ Գումգաբուի Թաղային Խորհուրդը 43 անշարժ կալուած ունի իր ենթակայութեան ներքեւ։
Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան երէկ գիշեր հեռաձայնով խօսեցաւ մեր Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ, ներկայացնելով պարզաբանումներ։
Այսպէս, ըստ Թաղային Խորհուրդին, 43 անշարժ գոյքերու գոյութիւնը գաղտնի պահուած տեղեկութիւն մը չէ եւ անոնք պաշտօնական արձանագրութիւններուն մէջ թափանցիկ կերպով արձանագրուած են։ Միաժամանակ, Ատենապետը դիտել տուաւ որ անշարժ գոյքերու թիւը ինքնին հիմնադրամի նիւթական կարողութեան չափանիշ չի կրնար ըլլալ։
Պարզաբանումներու համաձայն՝ այդ 43 գոյքերուն միջեւ կը գտնուին Պատրիարքարանը, եկեղեցւոյ շէնքը, Պէզճեան Մայր Վարժարանը, Սանուց Միութեան շէնքերը եւ այլ կառոյցներ։ Գոյքերուն կարեւոր մէկ մասը բարձր վարձքերով եկամուտ ապահովող առեւտրական կալուածներ չեն։ Կարգ մը շէնքեր լքուած վիճակի մէջ ըլլալով՝ հիմնադրամը չի կրնար զանոնք օգտագործել, իսկ բնակարանային կարգավիճակով կարգ մը կալուածներ համայնքի կարիքաւոր անդամներուն կողմէ կը վարձուին խորհրդանշական վարձերով։
Ըստ Թաղային Խորհուրդին, ԷՐՎԱՊի նախագահ Պր. Շիրինօղլուի յայտարարութիւնը հարցը կը ներկայացնէ միայն անշարժ կալուածներու թիւին տեսանկիւնէն՝ առանց հաշուի առնելու անոնց իրական վիճակը, եկամտաբերութիւնը եւ հիմնարկի ստանձնած ծառայութիւններու ծախսերը։ Թաղականներու համաձայն՝ այս ձեւով ներկայացուած տեղեկութիւնները եւ ընկերային ցանցերու վրայ անոնց տարածումը կրնան վնաս պատճառել հիմնադրամի լրացուցիչ միջոցներ ապահովելու ջանքերուն եւ նուիրատուներու վստահութեան։
Պր. Մոսկոֆեան վերոյիշեալ պարզաբանումները տալէ ետք, յստակացուց եւ վերահաստատեց որ Թաղային Խորհուրդը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ լիակատար հաւատարիմ մնալով գործող օրէնսդրութեան եւ թափանցիկութեան սկզբունքներուն։

