İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՎԱՊ-Ի ԴՌՆԲԱՑ ԺՈՂՈՎԸ – ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Սամաթիոյ վարժարանին ահազանգէն մինչեւ վաքըֆներու կալուածներու եւ եկամուտներու թափանցիկութեան հարցը – ժողովի ընթացքին ծանր քննադատութիւններ հնչեցին

….

Երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ Թրքահայ վագըֆներու միութիւնը (ԷՐՎԱՊ) երէկ, 24 Օգոստոս 2026, դռնբաց ժողով գումարեց՝ մամուլը եւս հրաւիրելով նիստին։ Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, սկզբնապէս նախատեսուած էր գլխաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութենէն եկող հայ երախաներու՝ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ ուսման հարցի քննարկման համար։ Սակայն կրթական այս հրատապ հարցին կողքին ժողովի օրակարգը շատ արագ ընդարձակուեցաւ եւ վերածուեցաւ համայնքային հաստատութիւններու ելմտական վիճակի, հիմնարկներու կալուածներու, եկամուտներու եւ վարչական թափանցիկութեան շուրջ բուռն բանավէճերու։

Ժողովին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին Իսթանպուլի Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Արթին Քիլէճի, ԷՐՎԱՊի ատենադպիր Լեւոն Գուզիքօլու, Հիւանդանոցի հոգաբարձու Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, ԷՐՎԱՊի քարտուղար Նուարդ Աւետիքօղլու եւ համայնքի գրեթէ բոլոր հաստատութիւններու ատենապետներ ու պատասխանատուներ։

Ժողովին առանձնայատուկ նշանակութիւն տուաւ այն հանգամանքը, որ մամուլը ներկայ էր ամբողջ քննարկման։ Աւելին՝ նիստի ընթացքին քանի մը անգամ շեշտուեցաւ, որ մամուլը պէտք է հետեւի համայնքային հաստատութիւններու ելմտական վիճակին եւ պահանջէ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, այսինքն ԷՐՎԱՊէն կանանչ լոյս վառեցաւ, որպէսզի մամուլը հետապնդէ համայնքային մարմիններու աշխատանքի թափանցիկութեան հարցը։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՀԱԶԱՆԳԸ

Ժողովի օրակարգ բերուած ամենահրատապ հարցերէն մէկը Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ապագան էր։ Նոր ուսումնական տարեշրջանի սեմին, երբ սղաճը զգալիօրէն ծանրացուցած է բոլոր վարժարաններու պիւտճէները, Սամաթիոյ վարժարանի պատասխանատուները ԷՐՎԱՊ-ին դիմած էին՝ խնդրելով համայնքային մակարդակով քննարկել հաստատութեան ծանր վիճակը։

Սահակեան-Նունեան վարժարանը համայնքի ամենամեծ թիւով աշակերտներ ունեցող կրթական հաստատութիւններէն մէկն է։ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեան, ապա անդամներէն Արման Թոկաչ եւ Սէրտար Գասապչըլար, ընդգծեցին, որ դպրոցը ուսում կը ջամբէ տնտեսական առումով սահմանափակ կարելիութիւններով թաղամասի մը մէջ, ուսման վարձքերը շատ փոքր համեմատութեամբ կը հաւաքուին աշակերտներու ընտանիքներէն եկած նուիրատուութիւններու միջոցաւ, բայց հակառակ այս բոլորին, թաղականութիւնը կը շարունակէ «գերմարդկային ճիգով» բաց պահել դպրոցը։

Վարժարանի ղեկավարութեան հիմնական կոչը պարզ էր. Սամաթիոյ խնդիրը միայն Սամաթիոյ խնդիրը չէ։ Թաղականները պահանջեցին, որ համայնքի բոլոր հաստատութիւնները ըմբռնեն հարցի ծանրութիւնը եւ իրենց կարելիութիւններուն համեմատ մասնակցին դպրոցները բաց պահելու աշխատանքին։

ՍԱՄԱԹԻԱՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ

Ժողովի ընթացքին այս հարցը դարձաւ ամենէն զգայուն քննարկումներէն մէկը։ Հնչեց այն տեսակէտը, որ դպրոցը փակելու մասին խօսիլ անգամ պէտք չէ, իսկ Սամաթիան, իր աշակերտներու թիւով եւ տարիներ շարունակ համայնքին մատուցած կրթական ծառայութեամբ, փաստած է «առաքելութիւն»ը։

Այս կէտին վրայ ժողովը հասաւ աւելի լայն հարցի մը՝ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործէ համայնքապատկան կալուածային եւ ելմտական կարելիութիւնները։

Ո՞Ր ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԻ՞ ԿԱԼՈՒԱԾ ՈՒՆԻ

Ժողովի ամենէն ուշագրաւ եւ բուռն պահերէն մէկը եղաւ հաստատութիւններու կալուածային գոյքերու շուրջ բացուած բանավէճը։

ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի ելոյթներուն մէջ խիստ քննադատութիւններ հնչեցին այն հաստատութիւններու հասցէին, որոնք, իր բնորոշումով, ունին կալուածային լուրջ կարելիութիւններ, սակայն համայնքային ընդհանուր խնդիրներու լուծման մէջ իրենց աւանդը չեն բերեր։

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՎԱՃԱՌԱԾ Է ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԱՌԱՆՁՆԱՏՈՒՆ ՄԸ

Սամաթիոյ պիւտճէի հարցը յանկարծ երեւան հանեց «բացայայտում» մը։ Յայտարարուեցաւ որ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութիւնը քանի մը ամիս առաջ վաճառած է Լեւենթ թաղամասին մէջ գտնուող արժէքաւոր առանձնատուն մը։ Խօսքը կը վերաբերէր Ուսուցչաց Հիմնարկի երկարամեայ ատենադպիր Արամ Գամպուրեանի եռայարկ առանձնատան, որ որպէս կտակ ժառանգ ձգուած էր Ուսուցչաց Հիմնարկին։

Պնդումներ եղան որ այդ կալուածը վաճառուած է եւ քանի որ գումարը ի պահ դրուած է դրամատան մէջ, պէտք է պահանջել որ Հիմնարկը գումարէն գոյացած տոկոսները որպէս օգնութիւն տրամադրէ Սամաթիոյ ընտանիքին։

Պետրոս Շիրինօղլու խօսք առնելով յայտնեց որ նոյն առանձնատան կողքին գտնուող կալուած մը ժառանգուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին։ Ըստ Շիրինօղլուի՝ իրենք պատրաստ էին այդ կալուածը գնելու, սակայն Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութիւնը այլ որոշում մը առած էր։

Ուշագրաւ էր այն հանգամանքը, որ Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւն չունէր այդպիսի արժէքաւոր կալուածի վաճառքին մասին։

Այս դէպքը ժողովի մէջ անմիջապէս վերածուեցաւ աւելի բուռն քննարկումի մը. ո՞վ կ’որոշէ համայնքային կալուածներու վաճառքը, ինչո՞ւ այսպիսի հարցեր չեն քննարկուիր համայնքային մակարդակով եւ ո՞վ պէտք է տեղեակ պահուի նման որոշումներէ։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ 43 ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ

Նման քննարկում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կալուածներուն շուրջ։ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան ժողովի ընթացքին խօսք առնելով ներկայացուց իրենց հաստատութեան առջեւ ցցուած շարք մը խնդիրներ եւ անդրադարձաւ նաեւ ընթացող դատական գործընթացներուն։

Քննարկման ընթացքին, սակայն, Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ հարց բարձրացաւ Գումգաբուի կալուածներու թիւին մասին։ Ատենապետ Մոսկոֆեանի յայտարարութեան համաձայն՝ Գումգաբուի հիմնարկը շուրջ 43 կալուած ունի։ Այս տեղեկութիւնը ժողովի ընթացքին դարձաւ քննարկման առանցք։ Շիրինօղլու շեշտեց, որ ժողովի ներկաներէն հաւանաբար շատեր տեղեակ չէին, թէ Գումգաբուն այդքան մեծաթիւ կալուածներ ունի։ Երբ օրակարգի բերուեցաւ նաեւ այդ կալուածներէն ստացուած վարձքերու հարցը, բանավէճը աւելի սուր հանգամանք մը ստացաւ։

Այս պահը կարեւոր էր ո՛չ միայն Գումգաբուի համար։ Որովհետեւ հարցը անմիջապէս ընդհանրացաւ. համայնքի վաքըֆները քանի՞ կալուած ունին, որքա՞ն վարձք կը ստանան եւ այդ եկամուտները ի՞նչպէս կը գործածեն կամ ի՞նչ կ’ընեն։

ՄԱՄՈՒԼԸ ՀԱՇԻՒ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԱՆՋԷ

Ժողովի ամենէն ուշագրաւ կողմերէն մէկը այն էր, որ մամուլի ներկայութիւնը սահմանափակ չմնաց արձանագրողի դերին մէջ։ Քննարկումներու ընթացքին ուղղակի կոչ հնչեց մամուլին ուղղեալ, որպէսզի մամուլը հետեւի Թաղային Խորհուրդներու աշխատանքին եւ պահանջէ, որ համայնքային հաստատութիւնները հրապարակեն իրենց պատկանող կալուածներու թիւը, վարձակալութիւններէն գոյացած եկամուտները եւ այդ եկամուտները գործածելու ուղղութիւնները։

Այս պահանջը ծնունդ առաւ այն պնդումներէն, թէ կարգ մը Թաղային Խորհուրդներ իրենց կալուածներու վարձքերը իրական չափով չեն ներկայացներ եւ մնացեալ գումարներու գանձման մասին հարցեր կան։

Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սեւան Սվաճըօղլու ընդգծեցին, որ պատկան մարմինները համայնքի կալուածային եւ ելմտական դրութեան մասին տեղեկութիւններ ունին, սակայն ժողովի ընթացքին ամենակարեւոր հարցը մնաց անպատասխան. եթէ տեղեկութիւնները կան, ինչո՞ւ համայնքը ամբողջական եւ հրապարակային պատկեր մը չունի։

ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՔԱՆԻ՞ ԿԱԼՈՒԱԾ ՈՒՆԻ

Ժողովէն դուրս եկած ամենահռետորական եւ կարեւոր հարցը թերեւս այս մէկն է։ Պոլսահայ համայնքը այսօր ամբողջական եւ դիւրութեամբ հասանելի տեղեկութիւն ունի՞, թէ իր հիմնարկները քանի կալուած ունին, ո՞ր կալուածները վարձուած են, որքա՞ն եկամուտ կը գոյանայ եւ ո՞ւր կ’օգտագործուի այդ գումարը։

Ժողովի ընթացքին հնչած ելոյթներէն պարզ դարձաւ, որ այս հարցին պատասխանը այնքան ալ յստակ չէ։ Աւելին՝ հնչեց այն քննադատութիւնը, թէ հիմնարկներուն կողմէ ԷՐՎԱՊի ելմտական յանձնախումբին ներկայացուած տեղեկութիւնները միշտ չէ, որ ամբողջական պատկեր կը ներկայացնեն։

Այսինքն՝ համայնքը տակաւին ամբողջութեամբ չի գիտեր, թէ ի՛նչ ունի եւ ի՛նչ չունի։

Եւ այս հարցը այլեւս միայն նիւթականի հարց մը չէ։ Ան կը վերաբերի համայնքային կառավարման վստահութեան։

ՈՄԱՆՔ ՆԱԽԸՆՏՐԵՑԻՆ «ՉԵՐԵՒԻԼ»

Ժողովին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ կարգ մը Թաղային Խորհուրդներու ներկայացուցիչներու կեցուածքը։

Ներկայ էին համայնքի ծանրակշիռ հիմնարկներէն ոմանց ատենապետներն ու պատասխանատուները, որոնք նախընտրեցին «ծուարիլ», «չերեւիլ» ընդհանուր պատկերին մէջ։ Անոնք բնաւ չխօսեցան, որպէսզի յանկարծ չըլլայ որ քննադատութեան թիրախը ուղղուի դէպի իրենց հիմնարկ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵԿՈՂ ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ՝ ԴԵՌ ԱՆՈՐՈՇ

Ժողովի սկզբնական օրակարգի գլխաւոր հարցը Հայաստանէն եկող հայ երախաներու՝ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ արձանագրութեան եւ ուսման հարցն էր։ Նոր ուսումնական տարեշրջանին ընդամէնը քանի մը շաբաթ մնացած է, մինչդեռ այս հարցը տակաւին ունի անորոշ կողմեր։

Ժողովի ընթացքին յայտնուեցաւ, որ դպրոցներու կողմէ ներկայացուած աշակերտներու թիւերուն միջեւ անհամապատասխանութիւններ կան։ Կարգ մը դպրոցներ չեն ներկայացներ նոյն թիւերը, եւ այս իրավիճակը կը դժուարացնէ հարցին ամբողջական պատկերը ստանալն ու լուծում մը գտնելը։

Այս հարցին շուրջ նաեւ քննադատութիւն հնչեց այն իմաստով, որ եթէ դպրոցներու մէջ Հայաստանէն եկող երախաներու իրական թիւը ճիշդ եւ միասնական կերպով չներկայացուի, ապա ո՛չ համայնքային եւ ո՛չ ալ պետական մակարդակով կարելի պիտի ըլլայ յստակ ծրագիր մշակել։

ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՇԷՆՔԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐՆ ԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Ժողովի ընթացքին կրթական խնդիրները չսահմանափակուեցան պիւտճէներով։ Յիշեցում եղաւ, որ համայնքի շարք մը վարժարաններու շէնքերու ամրացման եւ երկրաշարժի դիմադրողականութեան հետ կապուած լուրջ հարցեր կան։ Նշուեցաւ, որ կարգ մը վարժարաններ արդէն իսկ անհրաժեշտ աշխատանքները կատարած են, իսկ ուրիշներ տակաւին սպասման մէջ են։ Սամաթիոյ վարժարանը այս առումով յատկապէս իբրեւ զգայուն օրինակ մը ներկայացուեցաւ։

Ժողովի ամբողջ ընթացքը ի վերջոյ վերադարձաւ նոյն հարցին. համայնքը իր ունեցած կարելիութիւնները ինչպէ՞ս պիտի գործածէ։

ԷՐՎԱՊի պատասխանատուները յստակ կոչ ուղղեցին որ այն հիմնարկները որոնք դպրոց չունին, բայց ունին կալուածային ու վարձքերէ գոյացած մեծ եկամուտներ, այս տարի իրենց վրայ առնեն կարիքաւոր վարժարաններու պիւտճէներուն բեռը, իրենց կարելիութիւններուն համեմատ աջակցին կրթական հաստատութիւններուն։ Պետրոս Շիրինօղլու այս ուղղութեամբ քանի մը անգամ շեշտեց, որ դպրոց չունեցող հիմնարկներուն կողմէ կրթական հաստատութիւններուն տրամադրուած աջակցութիւնը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ։

Այս առաջարկը, սակայն, ժողովին մէջ մնաց բանավէճի մակարդակին վրայ։

***

Ի վերջոյ…

Դռնբաց ժողովէն ետք անպատասխան մնացած հարցումներ։

ԷՐՎԱՊ-ի երէկուան ժողովը, իր բոլոր բանավէճերով, համայնքին առջեւ բացաւ հարցեր, որոնց պատասխանը այլեւս կարելի չէ սահմանափակել փակ նիստերու պատերէն ներս։

– Որքա՞ն է թրքահայ համայնքի հիմնարկներու ընդհանուր կալուածային հարստութիւնը։

– Քանի՞ կալուած ունի իւրաքանչիւր հիմնարկ։

– Որքա՞ն եկամուտ կը գոյանայ վարձքերէն։

– Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ առաջնահերթութիւններով կը գործածուին այդ եկամուտները։

– Որքա՞ն գումար կը ծախսուի դպրոցներուն վրայ։

– Ո՞վ կ’որոշէ արժէքաւոր կալուածներու վաճառքը եւ ինչպիսի՞ հսկողութեամբ։

Եւ ամենակարեւորը՝ եթէ համայնքը այսօր ունի այսքան կալուածային կարելիութիւններ, ինչո՞ւ կարիքաւոր դպրոցներ ունինք, ինչո՞ւ դպրոցները «դրամ պիտի մուրան»։

ԷՐՎԱՊ-ի այս անգամուան դռնբաց նիստի թերեւս ամենակարեւոր արդիւնքը հոն էր, որ այս հարցերը առաջին անգամ այսքան բաց կերպով իրարու կապուեցան։

Սամաթիոյ վարժարանին ահազանգը վերածուեցաւ համայնքի ամբողջ ելմտական համակարգին ուղղեալ հարցի մը։

Հարցը այլեւս համայնքին առջեւ է։ Իսկ համայնքը իրաւունք ունի գիտնալու՝ ի՞նչ ունի, ո՞ւր կը հոսի իր եկամուտը եւ ինչո՞ւ իր դպրոցները կը մնան ելմտական ճգնաժամի մէջ։

Բոլոր բանավէճերով, խիստ քննադատութիւններով եւ երբեմն փոխադարձ կարծր արտայայտութիւններով հանդերձ, դռնբաց ժողովի գումարումը ինքնին դրական քայլ մը պէտք է համարել։ Որովհետեւ դռնփակ ժողովներու պարագային ալ քննարկումներու մասին տեղեկութիւններ վաղ թէ ուշ դուրս կը սպրդին, իսկ պաշտօնական տեղեկութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ երբեմն լուրի տեղը ապատեղեկատուութիւնը կը սկսի իր «սեւ գործը» կատարել։ Դռնբաց քննարկումը, ընդհակառակը, կը ստեղծէ հարցերը հրապարակաւ ներկայացնելու, տարբեր տեսակէտները լսելու եւ պատասխանատուներուն առջեւ հարցեր ուղղելու հնարաւորութիւն։

Հետեւաբար երէկուան ժողովի ամենակարեւոր արժէքներէն մէկը թերեւս նաեւ այն էր, որ դռները բաց էին։ Բանավէճերը, քննադատութիւնները եւ տարակարծութիւնները կրնան առողջ համայնքային կեանքի մաս կազմել, եթէ անոնք տեղի կ’ունենան բաց, հրապարակային եւ փաստերու վրայ հիմնուած քննարկումներու մէջ։ Իսկ այս իմաստով դռնբաց ժողովը կրնայ առաջին քայլը ըլլալ դէպի աւելի մեծ թափանցիկութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն։

Կարեւոր է, սակայն, բաժակին միայն դատարկ կողմը չտեսնել եւ լեցուն կողմն ալ նկատի ունենալ։ Համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքը, դպրոցներու բաց պահելու համար գործադրուած ճիգերը եւ զանազան ոլորտներու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները պէտք չէ անտեսել։ Քննադատութիւնը անհրաժեշտ է, երբ խնդիրներ կան, սակայն անոր նպատակը պէտք է ըլլայ թերութիւնները բացայայտել, լուծումներ գտնել եւ համայնքային կեանքը աւելի առողջ հիմերու վրայ դնել, ոչ թէ տարբեր հաշիւներ մաքրելու, անձնական կամ խմբային շահեր հետապնդելու եւ նոր խարդաւանքներու դուռ բանալու միջոց դառնալ։

Դեռ պիտի շարունակենք։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/250826lu.html