Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ Իզմիրի Նոթր Տամ տը Լուրտ եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատացեալ համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ։
Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Արսէն Քհն. Էքինճեան։ Սպասարկեցին Մարիա Հազար, Յովսէփ Էքինճեան, Սիմոն Էքինճեան, Մարկոս Կիւվէրճեան եւ Պետրոս Փիթաս։
Տէր Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման խորհուրդին՝ շեշտելով Ս. Աստուածածնի հաւատքի, հնազանդութեան եւ Աստուծոյ կամքին լիակատար նուիրումի օրինակը։ Ս. Մարիամը, որ իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ եւ դարձաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը յիշատակուի որպէս հաւատքի, մաքրութեան եւ մայրական սիրոյ մեծագոյն օրինակներէն մէկը։
Տէր Հայրը ըսաւ. «Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ շնորհքով եւ հաւատքով ապրող մարդու կեանքը դէպի երկնային իրականութիւն կը բարձրանայ։ Ս. Մարիամի կեանքը մեզի կը սորվեցնէ հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ կամքին, սիրով ծառայել մեր մերձաւորներուն եւ մեր սիրտերը բաց պահել աստուածային շնորհքին։ Թող Ս. Աստուածածնի բարեխօսութիւնը առաջնորդէ մեր ընտանիքները եւ մեր համայնքը՝ պահելով մեզ հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ յոյսի մէջ»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։ Օրհնուած խաղողը բաժնուեցաւ ներկաներուն՝ որպէս Աստուծոյ շնորհներուն եւ առատութեան խորհրդանիշ։ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը դարձաւ հաւատքի, միութեան եւ համայնքային համերաշխութեան գեղեցիկ վկայութիւնը։

