Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկի Արեւմտահայերէնի բաժինը կը տեղեկացնէ, որ 25 Սեպտեմբեր 2026ին պիտի կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնի հիմնահարցեր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով մը։
Գիտաժողովը պիտի համախմբէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի լեզուաբաններ, կրթական գործիչներ, հետազօտողներ եւ արեւմտահայերէնի հարցերով զբաղող մասնագէտներ։ Քննարկումները պիտի ընդգրկեն արեւմտահայերէնի արդի վիճակին եւ զարգացման վերաբերող բազմաթիւ թեմաներ։
Ծրագիրի հիմնական ուղղութիւններն են՝ արեւմտահայերէն արեւելահայերէն զուգադրական քերականութիւնը, արեւմտահայերէնի գործածութիւնը երկլեզու եւ բազմալեզու միջավայրերու մէջ, մամուլի եւ տեղեկատուական դաշտի լեզուական խնդիրները, դասաւանդման արդի մեթոտները, արեւմտահայերէնի թուայնացումը եւ արհեստական բանականութեան հետ առնչուող հարցերը, օտար լեզուներէ արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի ներկայ վիճակը Հայաստանի մէջ։
Գիտաժողովին կարելի է մասնակցիլ թէ՛ առկայ, թէ՛ առցանց ձեւաչափով։ Մասնակցութեան դիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը սահմանուած է 21 Օգոստոս 2026ով։ Գրանցումը կը կատարուի առցանց՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ անգլերէն ձեւաթուղթերու միջոցով։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ Լեզուի հիմնարկի պաշտօնական կայքէջէն։

