Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 13 Օգոստոս 2026, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին, նախագահութեանմբ Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ մասնակցութեամբ Ներսէսեան Դպրաց Դասէ պատանիներու եւ մանուկներու, կատարուեցաւ մանկանց աղօթք։ Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւ Յունաց վանքի մէջ հիւրընկալուող աշակերտներ եւ իրենց ուսուցիչները։
Արարողութեան ընթացքին մանուկներ միասնաբար աղօթեցին եւ լսեցին Հայր Սուրբի պատգամը։ Հայր Սուրբը ըսաւ որ, Աստուածամօր ամենէն նշանաւոր սրբապատկերներն են Մանուկ Յիսուսի հետ եղածները։ Հետեւաբար, մանկանց աղօթքը այս խորհուրդը առաւելագոյն ձեւով կը յիշեցնէ։ Հայր Սուրբը նաեւ աղօթքի հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի անոնք աղօթքի մէջ յիշեն նաեւ իրենց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ իրենց հովանաւոր եղած հաստատութիւնները, որոնց գլուխը եղած է եկեղեցին։
Յաջորդիւ տղոց կողմէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ դէպի պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն։ Մանկանց աղօթքը իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։ Յետոյ մանուկները նաեւ պարեցին ու զուարճացան եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։

