Ամերիկահայ մամուլէն «Միրօր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթը իր վերջին թիւով արձագանգ հանդիսացած է «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան 18րդ տարեկան ժողովին, որ կայացաւ 29 Յուլիս-2 Օգոստոս թուականներուն՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Համաժողովը բացի օրակարգի հարցերը քննարկելէ, պարգեւատրումներ ալ կատարեց։ Մեծարեալներու միջեւ կը գտնուէր նախկին պոլսահայ, գործարար եւ համայնքային գործիչ Նշան Աթընիզեան։ Ան արժանացաւ «Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան տարուան ասպետ» պատուոյ կոչումին։
Համաժողովին մասնակցութիւն բերին Ամերիկայի զանազան նահանգներէն մօտաւորապէս 200 ներկայացուցիչներ։ Կազմակերպութիւնը նշեց, որ Նշան Աթընիզեան աւելի քան յիսուն տարի ծառայած է հայ համայնքին եւ աչքառու եղած՝ իր առաջնորդական, բարեսիրական ու հասարակական գործունէութեամբ։ Ան կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման մէջ՝ ղեկավարելով «Արմենիա Մարրիոթթ» պանդոկի ձեռքբերումը եւ հիմնադրելով Հայաստանի առաջին մասնաւոր բնակարանային հիփոթեքային ընկերութիւնը։
Իր Կնոջ՝ Մարգրիտ Աթընիզեանի հետ, ան աջակցած է նաեւ կրթական, մարդասիրական եւ եկեղեցական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու, այդ կարգին՝ Կիւմրիի «Նշան եւ Մարգրիտ Աթընիզեան ծերանոց»ին։ Նշան Աթընիզեան նախապէս արժանացած է նաեւ Հայաստանի պետութեան «Անանիա Շիրակացի» մետալին, Հայց Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալին եւ «Էլիս Այլընտ» պատուոյ մետալին։

